Tuesday, April 14, 2015

«Հայրիկս» Նուէր մեծ հայրիկիս՝Բենիամին Մուշոյեանին


-Հայրի'կ, մեզի պատմութիւն պատմէ:
Այդպէս կը դիմէինք մեծ հայրիկիս մենք՝ թոռներս: Թէ ուրկէ՞ եկած էր այդ սովորութիւնը՝ անյայտ է ինծի համար այսօր: Հայրիկս՝ պապա, իսկ մեծ հայրիկս հայրիկ կը կոչէինք:
Սովորութեան համաձայն, ամէն ընթրիքէ վերջ, ես, քոյրս ու եղբայրս պիտի մտնէինք մեծ մամայիս տաքուկ անկողինը ու անյագաբար պիտի ունկնդրէինք մեծ հայրիկիս անհատնում պատմութիւնները՝ համեմուած խարբերդեան գեղեցիկ բարբառով:
Ու պատմութիւններու շարքէն անմասն չէր մնար մանաւանդ հայրիկիս իրական պատմութիւնը՝ Ջարդը: Թէ ի՜նչ յուզմունքով, ներքին ալեխառնութեամբ, պոռթկումով ու ցասումով կը պատմէր այդ ամէնը՝ մտապատկերիս մէջ դեռ թարմօրէն կը տողանցէ:
Մօտաւորապէս տասը տարեկան էր, երբ ճաշակեց կեանքի ամենադառնալի ողբերգութիւնը: Կը պատմէր, թէ Խարբերդ նահանգի Մեզիրէ շրջանի տեղահանութեան ժամանակ ինչպէս գլուխէն հարուած կը ստանայ, կ'իյնայ գետին, շունչը կը զսպէ մինչեւ որ «ճենտէրմէները» հեռանան, յետոյ աչքը կը բանայ ու իր շուրջը հաւաքական գերեզման կը գտնէ: Քիչ անդին տնքոց մը կը լսէ, կը մօտենայ որ քեռկինն է: Միասին կը վերադառնան գիւղ ու հո'ն հայրը ողջ կը գտնեն, բայց հոն ալ «ուրախութիւնը» երկար չի տեւեր, որովհետեւ թուրք զինուորապետ մը հայրը կը դանակահարէ, հայրիկիս իսկ աչքերուն դիմաց:

Մեծ մամաս մեր աչքերէն հոսող արցունքները նկատելով. «Հաճի', կը բաւէ, մի' վշտացներ չոճուխները» ըսելով կը յանդիմանէ:
Հայրիկս իր դառն վէրքերուն մէջ խորասուզուած կը պնդէր. «Ձգէ՛ որ պատմեմ, որ իմանան, թէ ո՞վ է իրենց թշնամին՝ շո՛ւն թուրքը» ու կը շարունակէր ականատեսի իր պատմութիւնները ու ներքին հպարտանքով մը այս անգամ կը սկսէր գովքը հիւսել Խարբերդ նահանգին, Եփրատ գոլէճին, մտաւորականութեան ու յետոյ ցուցամատը Բենիամին՝ իր անունը կրող փոքր եղբօրս ուղղելով կ'ըսէր. «Դո՛ւն, մեր Թլկատինցին պիտի դառնաս. բեմերէն պիտի ճառախօսես եւ ե'ս ներկայ պիտի ըլլամ ելոյթներուդ ու հպարտանամ քեզմով»:
Ութամեայ Բենօն քնատ աչքերով մտիկ կ'ընէր ու գլխու շարժումով հաւանութիւն կու տար հայրիկիս երազանքներուն:

*** *** ***

-Սօսի՛, հատէ՛ ե՛լ իմ երգս դիր. սիկառէթ պիտի վառեմ:
-Չէ՜, հայրիկ, այսօր չէ, - կ'ըսէի, փորձելով խնայել իր աչքերէն հոսող արցունքները:
Բայց իր պնդումին դիմաց, ի վերջոյ տեղի կու տայի եւ ճիշդ իր նախասիրած երգին տեղը կը բերէի երիզը:
Նիհարակազմ հայրիկս, որ իր առողջութեան որքան հոգ կը տանէր ու ո՛չ խմիչք ունէր, ո՛չ ծխախոտ եւ «իմ դեղս վազելինն ու սպիրթոն է» կ'ըսէր, երկու պարագաներու միայն փափաքը կ'ունենար սիկառէթ վառելու. մէյ մը այս երգը լսելուն ժամանակ, մէյ մըն ալ ամառները Քեսապ աւանին մէջ բնութեան գիրկը՝ իր ծննդավայրի ապրումներուն հետ միախառնուած:
Ու կը հնչէ Օֆելիա Համբարձումեանի թովիչ ձայնով հայրիկիս նախասիրած երգը.
Ցաւս խորն է ճար չկա՜յ,
Ճար կայ ճար անող չկա՜յ.
Է՜ս ինչ զուլում աշխարհ է,
Պոկեցին սիրտս տարան.
Եարա տուին ու տարան...
Էս ինչ զուլում աշխարհ է, 
Սրտացաւ ընկեր չկայ...
Ի տես հայրիկիս յուզմունքին, արցունքներս աչքերէս գլորելով գաղտնի կ'արտասուէի նաեւ ես՝տասներկուամեայ աղջնակս:

** ** **

Տան մէջ ամէն ոք հրճուած է, պապաս Հալէպէն ոչ շատ հեռու մօտաւորապէս 20 քլմ. հեռաւորութեան վրայ հողատարածք գնեց, որպէսզի կառուցէ, մշակէ ու զայն խաղողի այգեստանի մը վերածէ, կարծես հօրմէն որդիին անցած ըլլար հողամշակութեան այդ զօրաւոր սէրը: Մենք՝ փոքրերս ուրախ էինք մանաւանդ, որ մեզի համար պապաս աւազան շինել պիտի տար ու մենք գեղեցիկ ամառանոց մը պիտի ունենայինք: Հայրիկիս ուրախութիւնը, սակայն, անբացատրելի էր այդ գիշեր. կարծես Խարբերդի Մեզիրէն ետ վերադարձուցած ըլլայինք, ուր ի՛նք առիթը պիտի ունենար իր հօր՝ Ասատուրին նման հողամշակութեամբ զբաղելու: Ներքին հպարտանքով մը կը պատմէր մեզի, թէ իր պապային «Արծաթ Ասատուր» կ'ըսէին, թէ ան պարկերով չամիչ կը բաժնէր գիւղացիներուն, թէ շատ առատաձեռն էր ու բոլորին կողմէ յարգուած աղա էր ու խաներու տէր:
Իսկ երբ հողը ամբողջ պապայիս ձեռակերտին շնորհիւ իսկապէս գեղեցիկ պարտէզի ու այգեստանի վերածուեցաւ, ամէն գարնան առաջին ծիլերուն հետ մեծ մամաս կը սկսէր իր ամառնային տեղափոխութեան պատրաստութիւնները տեսնելու. «Հաճի՛, ասինչը բե՛ր, Հաճի՛, ատինչը բեր», ու իրենց սենեակին մէկ ծայրը օրէ օր իրենց հետ պարտէզ տարուելիք ապրանքներով կը լիանար: Հայրիկս, առանց վարանումի, եթէ հարկ ըլլար տասն անգամ ալ կ'երթար շուկայ ու մեծ մամայիս ապսպրանքներուն գոհացում կու տար: Չէ՞ որ պարտէզ պիտ' ելլէին...
Իրենց հոգեկան հրճուանքը տեսնելով կը ճամբէի զիրենք, ամառը դպրոցիս քննութեան վերջին օրը իրենց միանալու խոստումով:
Ու պարտէզին մէջ, հայրիկս ինքզինք միախառնելով հողին, բերքին ու անցեալի ապրումներուն, կը կորսուէր ժամերով. ո՛չ ճաշի ժամ կը հարցնէր, ո՛չ ալ՝ հանգիստի:
Մեծ մամաս էր, որ կը պոռար յաճախ. «Հաճի՜, հաճի՜...»:
Բայց Հաճին ո՞վ կրնայ պոկել հողին անաչար հաճոյքէն:
Ու երբ «Հայրի՛կ, բզէ՜զ» սոսկումով մը որոտընդոստ կը ցատկէի տեղէս.
-Թուրքը մարդ սպանեց, բզէզն սպանելը ի՞նչ է որ կը վախնաս, կ'ըսէր ինծի:
Ու երեկոյեան զով օդին հետ կը շարունակուէին մեր զրոյցները միշտ յետադարձ յուշերով, թէ ինչպէս քեռկինը զինք Խարբերդի գերմանացիներու որբանոցը պատսպարած էր, հոն Պատասխան մայրիկը իրեն տիրութիւն ըրած էր ու միասին Հալէպ գալով որպէս մայր որդեգրած էր զինք, խնամած ու յետոյ ալ ամուսնացուցած՝ իրենց գիւղի հասակակից Անոյշին հետ (հարսնցուին նոյն նահանգէն ըլլալը մեծ պայման էր այդ օրերուն):
-Մենք Միշոյեան չենք, - կ'ըսէր ինծի. - հո'ս արաբները չեն կրցած հնչել «ու»ն եւ «ի»ի վերածեր են: Մեր պապերը Մուշէն Խարբերդ տեղափոխուած են: Իմ պապայիս Մշոյ Ասատուր կը կանչէին նաեւ:
Ու կը պատմէր թէ ինչպէ՛ս 1953 թուականին արդէն իսկ իր ընտանիքը կազմած եւ երեք զաւակներու հայր դարձած, օր մը կ'որոշէ վերադառնալ Երկիր: Կ'երթան ու ամէն ինչ լքուած վիճակի մէջ կը գտնեն, ընդամէնը յուշերով հարուստ ամայացած խաներ...:
*** *** ***

«Ազդակ»ը ձեռքին հայրիկս սենեակ կը մտնէր Հայաստանի կամ Թուրքիոյ առնչուող նոր լուր մը հաղորդելու համար մեծ մամայիս: Ու ես արդէն իսկ երիտասարդ պարմանուհի, դերերու փոխանակում կատարած էի հայրիկիս հետ: Այս անգամ երկու տատրակներու նման քով քովի կը նստէին հայրիկս ու մեծ մամաս ու լուռ իմ ընթերցումներուս ականջալուր կ'ըլլային: Համաստեղը, Բենիամին Նուրիկեանը, Ռուբէն Զարդարեանը, Թլկատինցին ու Վահէ Հայկը սրբութիւններ էին իրենց համար: Վահէ Հայկի «Խարբերդը եւ Անոր Ոսկեղէն Դաշտը» խորագիրը կրող յուշամատեանը սրբութեան սրբոցն էր երկուքին համար եւ ո՞վ կը համարձակէր ձեռնել զայն առանց հրամանի կամ թոյլտուութեան: Մենք, յաճախ գիրքին ետեւի մասը հրատարակուած հանելուկները կ'ուզէինք կարդալ եւ մտամարզանք ընել, սակայն հայրիկս կը թելադրէր, որ նախորդ էջերը դարձնէի ու իմանայի, թէ ովքե՞ր եղեր են խարբերդցիները ու ներքին հպարտանքով մը իրենք ալ իրենց կողմէն յաւելումներ կ'ընէին: 
*** *** ***

Հայրենասէր հայրիկիս ուրախութիւնը անսահման էր, երբ իրեն համար ազատ անկախ Հայաստանի քաղաքացիութեան անցագիր հանել տուաւ պապաս 1996-թուականին: Այն ատեն այսօրուան պէս տարածուած չէր քաղաքացիութիւն ձեռք բերելը: Միայն արեւմտահայաստանի ծնունդով մարդոց համար ի զօրու էր ան: Ու «Տեսէ՜ք, ես Հայաստանցի եղա՜յ» եկող հիւրին կը հանէր ու ցոյց կու տար իր երախտապարտ որդիին ամենամեծ նուէրը:
Եւ այսպէս, հայրիկս արդէն իսկ իմ ընկերս դարձեր էր: Հո՛ն ուր դասախօսութիւն կար, ես ու հայրիկս հո՛ն էինք. հո՛ն ուր ելոյթ կար՝ միասին կ'երթայինք: Կիլիկիոյ կաթողիկո՞սը պիտ' այցելէր՝ այդ օր հայրիկս առտուընէ կորսուած կ'ըլլար. ժամեր առաջ եկեղեցի կ'երթար, որ հայրապետին դիմաւորելու ու քարոզը լսելու պատեհ առիթը չփախցնէր: Առիթով մը կը պատմէր, թէ ինչպէս Յակոբ Օշականի թաղման արարողութեան ժամանակ գերեզմանոցը այնքան խճողում էր, որ անկարելի եղած էր ներս մտնելը. ուստի հայրիկս որոշած էր պարիսպէն ցատկել՝ մասնակից ըլլալու համար թաղման արարողութեան ու կը պատմէր, թէ ինչպէ՜ս պարիսպէն ինկեր ու «գլուխը ջարդեր էր»:

Աշխոյժ ու կատակասէր մարդ էր նաեւ հայրիկս: Մեր տաներէց քահանան, որ ճեմարանի մեր կրօնի դասատուն էր նաեւ, օր մը դասը ստուգելու համար զիս գրատախտակին քով կը հրաւիրէ: Հարցումներուն պատասխանելէս վերջ այլ հարցում մը եւս կ'ուղղէ. «Բենիամինը ինչպէ՞ս է. Լա՞ւ է մը: Իմ ողջոյններս կը հաղորդես իրեն...»: Ուրախութեամբ մը, երբ հայրիկիս կը փոխանցեմ քահանայ հօր ըսածները, ան հեգնական ծիծաղով մը կը պատասխանէ. «Գնա՛, ըսէ՛ Տէր հօր, որ Բենիամինը դեռ ողջ է, Խարբերդի ջուրը խմողը երկար կ'ապրի» ու կը սկսի «Թամզարան» երգել ու ցատկռտել, փաստելու համար թէ՝ «Տեսէ՛ք ես առողջ ու առոյգ մարդ եմ. ես ո՜ւր, մահը ո՜ւր»:

Սեղանի խնճոյքներուն ատեն ալ եթէ տրամադրութիւնը տեղը ըլլար, հայրիկս կը ճոխացնէր ու կը խանդավարէր մեզ: Ան նշանաւոր երգ մը ունէր «Եօեօ» անունով. երգելէ առաջ պզտիկ ներածական մը կու տար, թէ ինչպէս երբ «եօեօ» խաղը Խարբերդ նորոյթ դարձաւ, ժողովուրդը սկսաւ երգեր յօրինել. 
Աղջիկ, տղայ դէմ դիմաց, 
Եօեօ խաղան չամչցած.
Խելքերն-մտքերն կորցրած են, 
Այսպէս մը կամաց կամաց...
Ամերիկա Ամերիկա, 
Ամերիկան նամակ կայ
Մէջը հարիւր տոլար կայ
Խարբերդցիներ վազեցէ՛ք
Փոստախանան նամակ կայ
Ես ի՞նչ անեմ տոլարը, քանի որ ճամբայ չկայ
Հոս ալ մնամ եար չկայ
Ու՜ր որ երթամ ճար չկայ....

Մարմնով մեզի հետ, բայց հոգւով ինքն իր աշխարհին մէջ ապրող ութսունամեայ հայրիկս դեռ երկար կը գոյատեւէր, այո՛, եթէ մեծ մամայիս մահը չտեսնէր: Այս վերջին հարուածին ա՛լ վիրաւոր հոգին չդիմացաւ: Իր կողակիցը, իր կեանքի ընկերը, իր սերնդակիցը ու նոյն ճակատագիրը կրողը իրմէ առյաւէտ կը բաժանուէր: Ես յաճախ Ռոմիօ-Ժիւլիէթ կ'անուանէի՝ ի տես իրենց վաթսունամեայ սիրոյ ընկերակցութեան:
Մեծ մամայիս մահէն ետք հիւծեցաւ վտիտ մարմինը հայրիկիս, հիւանդացաւ ու անկողին ինկաւ. բայց ան հոգեվարքին մէջ անգամ այնքան կը սիրէր զիս, որ չուզեց ես բեմ բարձրանալու հաճոյքէն զրկուիմ. սպասեց այդ գիշեր ալ, որ համալսարանի վկայականս առնեմ ու յետոյ յաջորդ առաւօտ հանգիստ խղճով իր աչքերը ընդմիշտ փակեց:

Հայրի՛կ, այս օրերուն, Ցեղասպանութեան 100ամեակը կը նշուի հո՛ս ու հո՛ն: Ես, որ հեռու եմ հիմա քու շիրիմէդ, թէեւ գիտեմ, որ նոյնիսկ եթէ Հալէպ ըլլայի պիտի չկարողանայի գերեզմանդ այցելել, քանզի մեր գերեզմաններն ալ խլեցին մեզմէ, հայրի՛կ, հոս՝ սենեակիս մէջ մխիթարութիւնս կը գտնեմ քու անմար յիշատակիդ դիմաց խունկ ու աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած ու հաւատալով մանաւանդ քու հոգիիդ հանգստութեան: Այո՛, հայրի՛կ, գալու է այդ օրը անպայման, քիչ մըն ալ սպասէ՛...:

Սօսի Միշոյեան Տապպաղեան

(քաղուած՝«Գանձասար»ի Բացառիկէն)

No comments:

Post a Comment