Friday, April 24, 2015

Եղեռնի նահատակներու սրբադասումը

Յուզումնալի օր մըն էր այսօր։ Մէկ կողմէն առօրեայ կեանքը շարունակել, միւս կողմէն մէկ աչքով, մէկ ականջով, կէս միտքով եւ լման սրտով հետեւիլ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման արարողութեան։ Մարմնով տեղ մը՝ սրտով ուրիշ տեղ ըլլալ։
Թէեւ շատերս վերապահութեամբ մօտեցած էինք նահատակներու սրբադասման որոշումին, բայց այս միասնակամ քայլը կարծեմ ամէնաարժանավայել ոգեկոչումը եղաւ մեր նահատակներուն։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր ընտանիքի նախահայրերը սրբադասուած տեսաւ հոն։ Ճիշդ ինչպէս որ հարազատ մը կորսնցնողը պիտի ուզէր փառաւոր ու արժանավայել թաղում մը կատարել իր հարազատին համար, արժեւորել անոր կեանքը եւ յարգանքի վերջին տուրքը մատուցել, որմէ ետք միայն պիտի կրնար անցնիլ իր ցաւին վրայէն եւ անոր յիշատակը վերածել ներշնչանքի։ Աշխարհի բոլոր կողմերէն հնչած եկեղեցիներու ղօղանջները մեզ մեր հարիւրամեայ կսկիծէն արթնցնողները եղան։ Չենք կրնար ամբողջ սերունդներ կեանքերնիս անցնել ցաւով ու սուգով։ 
Շատերս ըսինք հարիւրամեակէն յետոյ ի՞նչ։ Ես անձնապէս այսօր զգացի որ նոր էջ մը բացուեցաւ իմ եւ ընտանիքիս կեանքին մէջ։ Նոր էջ մը, ուր ցաւին եւ վիշտին պիտի փոխարինեն յոյսն ու կամքը։ Զոհի հոգեբանութիւնը ա՛լ տեղ պիտի չունենայ մեր մէջ։ Մեր ինքնութեան արժեւորումը պիտի չի սպասենք ուրիշներէն։ Աւելի պիտի հպարտանանք մեր իրագործումներով, քան՝ տառապանքով։ Այսօր մեր անթաղ նահատակներու հոգիները գտան իրենց անդորրութիւնը։ Մեզի կը մնայ շարունակել իրենց կտակը։ 
Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք առիթը ընծայեցին որ մասնակից զգանք հոգեպարար այս արարողութեան։
Անի Փանոսեան Մուրատեան

No comments:

Post a Comment