Friday, April 24, 2015

Վերապրող Ժողովուրդը

Նահատակները սրբադասուեցան։Հանգի՛ստ անոնց հոգիներուն։ 
Անոնցմէ նուազ սուրբեր չէին նաեւ վերապրողներըորոնք թերեւս քիչ մըն ալ աւելի արժանի էին սուրբ կոչուելու։ 
ՙՎերապրողՙ բառը ինքնին հաստատումն է՝ հարազատ աչքերով մահը տեսնելէ ետք վերստին ապրելու պարտադրանքն ու տանջանքը կրելուն։
Ապրիլ՝ տեսնելէ ետք հարազատներու կոտորուիլը։ 
Ամուսնանալ՝ բռնաբարումներու ենթարկուելէ ետք։
Կրկին ծնանիլ՝ սեփական ձեռքերով թաղելէ ետք երեխաները։
Ալ ի՞նչ ՎԵՐԱՊՐԻԼ երբ յօշոտուած են միտք ու հոգի։ 
Փորձենք յիշել մեր մեծ հայրերուն ու մեծ մայրերուն խոժոռ դէմքերըանոնց ապրած հոգեկան վերիվայրումները տրամադրութեան անկանխատեսելի անկումները եւ յատկապէս՝ անոնց մեծ մասին լուռ պոռթկումները։
Այսօր համայն հայութիւնը վերյիշեց իր նախնիներուն վիճակուած ահաւոր զազրելի ճակատագիրը։ 
Բոլորս ալ ջանացինք առնչուիլ անոնց ապրումներունմասնակցելով՝ կազմակերպուած քայլարշաւներուն։
Այսօր հոգիս խայտաց՝ ի տես աշխարհով մէկ սփռուած ազգիս նոր սերունդի հազարաւոր ներկայացուցիչներուն։
Անուրանալի իրականութիւն է որ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած սերունդը ապահովեց հայ ազգի ֆիզիքական գոյատեւումը՝ կրելով աներեւակայելին կամրջելով զոդելով նախաեղեռնեան եւ յետեղեռնեան սերունդները իրարու։ 
Մինչայսօրուա՛յ սերունդն է հայ ազգի ՎԵՐԱՊՐՈՂ տարրը իր թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ՛ հոգեմտաւոր դրսեւորումներով։


Պէթթի Մինասեան

No comments:

Post a Comment