Saturday, April 25, 2015

Ո՞րն է հալէպահայութեան փրկութիւնը...

Երէկ 24 Ապրիլ, 2015-ի գիշերուան ժամը 9:15-ին, Լիբանանի օդանաւը վայրէջք կատարեց Երեւանի օդակայանին մէջ: Մտերիմ ընկերուհիս դիմաւորելու գացեր էի: Ուրախ էի, որ վերջապէս կայացուցած էին Հալէպէն դուրս ելլելու դժուար որոշումը: Երբ դուրս ելան ընկերուհիս շատ յոգնած ու դիւրագրգիռ գտայ: Արցունքը աչքերէն ինքնաբերաբար կը հոսէր: «Ապրիլ 24-ի օրը մեր մաշկին վրայ զգացինք տարագրութեան համը, բայց անշուշտ արդի միջոցներով» ըսաւ ան ինծի: Ու կորսնցուցածը գտածի պէս ամուր ամուր սեղմեց զիս: Նոյն զգացումը պատած էր նաեւ զիս : Գարինային տունը Սուլեմէնիէ է. Այդ պայթումին բարեբախտաբար ֆիզիքական վնասուածքներ չէին ունեցած, բայց շատ ցնցուեր էին ու հոգեպէս՝ ընկճուեր: 
Հալէպի ու հալէպահայութեան մասին երկար զրուցելէ վերջ՝ հոգիս միայն թախիծով ու ափսոսանքով լեցուեցաւ: « Հալէպահայերը Սուլեմէնիէի դէպքէն վերջ շատ յուսահատ վիճակ ունին, ըսաւ Գարինան արցունքոտ աչքերով ու շարունակեց. «Բոլորն ալ ԴՈՒՐՍ ելլել կ'ուզեն , բայց ԴՐԱՄ ՉՈՒՆԻՆ...»: « Մենք մեզ ազատեցինք այո', բայց դեռ ահագին անզօր ու անօգնական հայութիւն կայ ներսը...»: 
Ի վերջոյ ո՞րն է հալէպահայութեան փրկութիւնը. հարցում մը, որուն պատասխանը տակաւին մշուշոտ կը մնայ...:
Սօսի Մ. Տ.

No comments:

Post a Comment