Երբեմն եղանք մենք բաղձալի,
Բայց այժմ եղանք յոյժ ողբալի.
Որով հայցեմ Ո՛վ Բաղձալի,
Ողբակցել ինձ այս վայրին:
Ինծի՝ բանտախուցը կապուածիս
Ձեռք երկարէ փութանակի
Ու զիս գերող թշնամիէս
Ա°ռ իմ վրէժս աններելի: Ներսէս Շնորհալի
Երկու տարի առաջ, երբ նոր-նոր պարպուիլ սկսող ու հոգսերու բեռան տակ կքած իր բնակիչներով Հալէպը ուրուականներու քաղաք կ'անուանէի՝ բնաւ չէի կրնար երեւակայել այսօրը՝ իր համատարած ճնշող պատկերով: Հիմա թրթռուն սիրտով կ'աղօթեմ, որ չգայ աւելի վատթարը ու երանելի չդառնայ դըժնի այսօրն ալ: Որքա՛ն յարաբերական է կեանքի մէջ ամէն բան ու որքան արագ կը փոխուին լաւն ու յոռին գնահատելու մեր չափանիշները: Այն ինչ սոսկալի ու անտանելի էր երեք տարի առաջ, այսօրուան բաղդատութեամբ երանութի՛ւն կը թուի: Ու կը խորհիս՝ մարդը որքա՛ն ունակ է տոկալու կեանքի բերած "ընծաներուն": Որքա՛ն աղէտներ տեսաւ Հալէպի բնակիչը այս տարիներուն, ինչպիսի՞ փոփոխութիւններ եղան անոր հոգեբանութեան մէջ... ո՞վ պիտի ստուգէ, ուսումնասիրէ. չէ՞ որ հոս ապրողներս ազնուական արիւն չունինք ու աւելին՝ ձրի է մեր արիւնը: Իրավիճակին համակերպած՝ վերջերս կ'ապրէինք այն մեծ "երջանկութեամբ", որ մեր թաղերը կարծես երբեմն կը դադրէին հրթիռներու նշանառութեան թիրախ ըլլալէ, "կը մոռցուէինք" չարէն: Այդ մեզ ուրախութիւն կը պատճառէր, նաեւ՝ յոյսեր, թէ թշնամին հեռուներ քըշուած է ու մենք անհասանելի ենք անոր համար: Նոյնիսկ սկսած էինք զմեզ լիարժէք մարդ հաշուել, քանի որ կազի տագնապ արդէն չկայ (սատանային ականջը՝ խուլ), ընդհակառակը, կազ ծախող մեքենաներ վերադարձած են նախապատերազմեան Հալէպի հին բարի աւանդոյթներուն՝ թաղերը դառնալ ու "ախորժալուր" զանգահարութեան ձայներով "Էստի համեցէք"ի կանչել գնորդները: Փոքր երջանկութիւն է մի՞թէ, որ ջուրը քիչ անգամ կը կտրուի(սատանայի...), ու եթէ ելեկտրականութեամբ պիտի տաքցնես ջուրը կամ մազոթի վառարան ունիս ու նաեւ՝ ամբարուած մազոթ, այլեւս կրնաս ուզած պահուդ լոգանք առնել (անշուշտ՝ երկու բարիքներու բարեբախտ զուգադիպութեամբ: Ինչպէ՛ս պիտի ըմբռնէ մեր այս հրճուանքը ան, որ լոգանքը ընդամէնը առօրեայ անհրաժեշտութիւն կը նկատէ ու յիշելու անարժան. մինչդեռ մենք ի՛նչ հաճոյքով կը պատմենք այդ վայելքի մասին... Շատոնց հաշտուած ենք արդէն քաղաքի մնացեալ "բարիքներուն"՝ բազում օրեր առանց համացանցի մնալուն (ես օրերը համրելու սովորութիւն չունիմ. ի՞նչ տարբերութիւն, երբ ծայրէն լոյս չ'երեւիր), մեր մթնոլորտը ճեղքել յաջողած դուրսէն եկող հազուադէպ հեռաձայններուն. մէկ խօսքով՝ աշխարհէն կտըուած, ընկոյզի կեղեւին մէջ ալ տեղաւորուելու պատրաստակամ, կը սպասէինք ու կը յուսայինք լաւ օրերը, որոնք անպայման պիտի գան... եղեր (յուսացողներ հիմա ալ Յունիսը տանջանաց վերջնագիծ ու ակամայ ապաշխարութեան աւարտ դրած են): Ու ահա՝ անցնող Ուրբաթը հրթիռներու տարափ կարկուտ նուէր բերաւ քաղաքին, մանաւանդ՝ քրիստոնեայ թաղամասերէն ամէնէն մարդաշատ ու աշխոյժ Սուլէյմանիէին. քաղաքն ու բնակիչներուն հոգիները հիմերէն ցնցող այդ անիծեալ Ուրբաթը: Այդ գիշեր անոնք, որ կրցան քնանալ, ամէնէն երջանիկները եղան: Ուրիշներ, որ փորձեցին գէթ պառկիլ, անվերջ ցատկռտեցին ու ցնցըուեցան, լսելով քանի մը թաղերէ լսուող կատաղի մարտերու ձայները, այնքան ուժգին ու որոշ, որ կը թուէր թէ "անոնք" արդէն մեր թա- ղերը մտան... Կործանիչ օդանաւեր վայնասունով կը դառնային ու ապա ճարճատիւնով կրակ կը թափէին վար: Ինչպիսի՛ օրօրոցային գէթ գիշերները հանգիստ երազող հալէպցիներու համար: Ու ապա, կարծես ուղղակի առաստաղդ քերելով անցնող վիշապաձայն ոռնոցները ահռելի հրթիռներու, որոնք մեր շէնքերը հիմերէն ցնցելով կ'անցնէին ու կ'երթային տեղ մը պայթելու, զմեզ կծկտած ձգելով հարցի առջեւ՝ ո՞ւր ինկաւ: Այս՝ իմ ապրածը, իսկ նկարագրել տագնապն ու ապրումները անոնց, որոնք հրթիռակոծուող թաղերու մէջ կ'ապրէին, ուժէս վեր է... Մարդ միայն իր մորթին վրայ ունակ է զգալ իրականութիւնները: Ու որքան ալ որ մեր թաղերուն մէջ սոսկալի էին ձայները, տասնապատիկ առաւել սոսկալի պէտք է ըլլար վիճակը անոնց, որոնց տուներուն վրայ կը տեղար մետաղէ կարկուտը: Անոնցմէ ոմանք այլեւս չեն ապրիր ու հաւանաբար միւս կեանքին մէջ պիտի ստանան պատասխանը զմեզ բոլորս յուզող հարցին՝ ինչո՞ւ այս պատուհասը ու մինչեւ ե՞րբ... Առտու, ջարդուած ու գինովի երերմունքով, գործի երթալ պատրաստուեցայ, տակաւին անտեղեակ լուրերէն. դրացուհիս զարմացաւ քաջութեանս ու նկատեց, թէ Սուլէյմանիէ "շատ տակնուվրայ է", հոնկէ չանցնիմ: Ճիշդ հակառակը ըրի կամ ոտքերս է, որ զիս տարին դէպի ողբերգութեան վայրերը (ինչո՞ւ ցաւ ապրելու, կործանումներ դիտելու այս նսեմ փափաքը մարդուս մէջ): Հալէպահայեր պենզակայանէն ետքը եկող այդ խաչմերուկը ուղղակի "Սուլէյմանիէի չորս ճամբան" կը կոչեն, անտեսելով հայերէնին հարուստ բառամթերքը, ինչպէս՝ խաչուղի, խաչփողան, քառուղի եւայլն. բայց հիմա ո՛վ լեզուի մասին պիտի խորհի: Հոնկէ արդէն, վարի ու վերի պողոտաները միացնող նեղ փողոցներուն գետինները քարակտորներ ու ջարդուած ապակի էր: Ամէն կողմ խումբ-խումբ հաւաքուած՝ իրարու ծանօթ կամ անծանօթ մարդիկ կը դիտէին ու շշուկաձայն տեղեկութիւններ կը փոխանակէին: Վհատութեան, ցաւի, երկիւղի, անզօրութեան, տագնապի ու անելանելի վիճակի դատապարտուածի խոր կնիք էր բոլորին դէմքերուն: Շտապ օգնութեան մեքենաներու սուլոց, նեղ թաղերէն մտնել ու ելլել ջանացող բեռնատարներ՝ մետաղի, խանութներու փեղկերու, տնային կահոյքի ջարդուփսոր մասեր, քար ու հող լեցուած եւ վերամբարձ մեքենաներ կը խօսէին մեծ աւերածութիւններու մասին: Բարեկամուհի մը, որ ծանօթ է իր կամային նկարագիրով ու տոկունութեամբ՝ շուար ու երերուն կու գար դէմէս. կարկամած էր. ու... երբ սկսաւ խօսիլ, լացը պահել չյաջողեցաւ. չէի տեսած իր լալը... ձգած ու փախած էր իր տունէն, որուն առաստաղէն կախուած էր կիսով չափ ներս մտած ու չպայթած մեծ հրթիռ մը... "Քալլասի թաղը" անանցանելի էր, մտնել ալ չփորձեցի. կը բաւէր հեռուէն տեսածս. սիրտս արագ տրոփիւնով իր ներկայութիւնը կը յիշեցնէր: "Վրացեան"ի թաղը եւս արտակարգ խճողում էր ուրուականային տեսքով մարդոց ու մեծ մեքենաներու. դիտեցի պողոտայէն. պատգարակով դիակ մը կը դնէին մեքենայի մէջ... Այլեւս անկարող էի դիտել, անցայ դէմի նրբանցքերէն մէկը. մոլոր ու շուար կը քալէի. ո՞ւր, ի՞նչ ընելու. դասաւանդութեա՞ն... ուրուականէ տարբեր չէի: Յաջորդող քանի մը օրերուն փլատակներէն նորանոր դիակներ հանուեցան ու ճերմակ դագաղներ դարձուցին թաղերուն մէջ... Ու խուճապային գաղթի տարերային ալիք մը եւս բարձրացաւ... Ապրիլ է ամիսը, կ'օգեկոչենք Ապրիլ, ու կրկին թուրքը ներկայ է հոս...«Փա՛ռք ձեզի միշտ, ո°վ դարեր ասպետական կենցաղին, Ուր մարդիկ հզօր ու անկեղծ էին նման գինիին: Առաքինի քաջութեան տեղ նենգն այսօր կը տիրէ. Փոխան տէգին հոլանի՝ պատեանի մէջ դաշոյնն է՝ Որ կը շողայ մութի°ն մէջ, կը ժանգոտի արեւին. Ոճիրներն արդ խաւարի լռութեան մէջ կը դարբնուին, Մխոտ ճրագի լոյսին տակ ծռած գունատ մարդերէնե: Դանիէլ Վարուժան
Ականատես եղանք Միջին Ամերիկայի ղեկավարներու կողմէ պրն. Օպամայի "լուացումի" գործողութեան: Անտարակոյս՝ մեղաւորը մենք չէինք, երբ անոր անարգուելուն ի տես "սիրտ պաղեցուցինք": Յարմարագոյն պահն էր, երբ իր տեղը կը գտնէ ասոյթը՝ "Վրան կը թքնեն, կ'ըսէ՝ անձրեւ է": Կը խայտառակուի ո՛վ ու որո՞նց կողմէ. փոքրիկ Քուպայի ու Վենեզուելայի կողմէ, մե°ծն Ա.Մ.Ն.-ի փառապանծ ու Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր նախագահը... Կը վարկաբեկուի աշխարհի մեծագոյն ուժը ներկայացնողը՝ իբրեւ բացարձակ անյուսալի, պարզ խօսքով՝ ստախօս: Ու կը կլլէ՝ հայեացքը վեր առնելու անկարող. Մե՛ծն Ա.Մ.Ն.-ի նախագահը: Կը նայէի չարութեան համար նախատուող փոքրիկ տղու մը պէս գլխահակ ու հայեացքը խոնարհած այդ մարդուն ու կը փորձէի գուշակել՝ ի՞նչ կը խորհի. արդեօք կ'անդրադառնա՞յ անոնց խօսքերուն արդարացիութեան, թէ՞ զանոնք ինչպէս մոլորեցնելու միջոցներ կ'որոնէ: Արդեօք երբեք կ'ամչնա՞յ, թէ՞ դիւանագիտութիւն կը խաղայ, ուր թուքը անայլայլ ձեւով իբրեւ անձրեւ ընդունիլը սրբագործուած օրէնքն է խաղին, հուսկ ապա կը յաջորդեն շինծու ժպիտ, ձեռքսեղմում եւայլն... Բարքերու ինչպիսի՛ անկում, մարդկայնութեան ինչպիսի՛ կորուստ, արժանապատուութեան ինչպիսի՛ չգոյութիւն, երբ գլխահակ կը լսէ իրեն ուղղուած անարգանքը ու կը լռէ, քանի որ "մեծ առաքելութեան" մէջ է ու "նպատակը կ'արդարացնէ միջոցը": Իսկ Պանամայի ժողովուրդներու վիզէն կախուիլը իր ետին ինչպիսի՞ նպատակ-աղ- բահոր ծածկած է, ետքը կ'իմացուի: Իրենց շունչի հասանելիութեան սահմաններու վրայ ամէնուրարեան լիճեր գոյացնող այս մարդիկ տակաւին կը յաւակնին երկրագունդի ճակատագիրը տնօրինել, ամէնէն խելացին ըլլալու պատրանքով: Երէկ Վիէտնամ ու Աֆղանիստան, այսօր՝ Լիպիա, Եգիպտոս, Սուրիա, Եմէն... Ուքրանիա. վա՞ղը... տակաւին մեծ է երկրագունդը ու մանաւանդ մեծ՝ իրենց ախորժակն ու խելացիութեան յաւակնութիւնը: Խելացիութեան այդ մրցումն է որ տակաւին կը ներկայացնեն Իրանին հետ: Ամէն վայրկեան գոյն ու սկզբունք փոխելով շփոթի մատնել կը կարծեն Արեւելքի վիշապը: Իրանին հետ մուկ ու կատու խաղալու համար պրն. Օպաման ու իր համախոհները կը մոռնան, որ հոն մուկին դերը բնաւ ալ Իրանին չէ, ու հազարամեակներու պետական փորձառութիւն ունեցող երկրի մը հետ մուկ ու կատու խաղալը նուազագոյնը ծիծաղելի է մանկահասակ ու թերաճ տղու մը համար, որ իրենք են: Քանի մը թելի վրայ խաղալու այս լարախաղացութեան համար է որ մեր սրախօս գիւմրե- ցիները կ'ըսեն. "Սատանի մայլէն եկել քեանտրպազութիւն կ'ենէ"... Փորձեցէ°ք երեւակայել, թէ ինչ աստիճանի ապականած աշխարհի մէջ կ'ապրինք, երբ ամէնէն հզօր կարծուած ու մանաւանդ՝ աշխարհի վրայ խաղաղութիւն ու դեմոկրատիա տարածել յաւակնող պետութիւնը մեծագոյն ստախօսն է ու մեծագոյն ոճրագործը: Կար ժամանակ, երբ ասպետներու բազուկին ուժն էր առճակատ մարտերու ելքը որոշողը ու քաջերը գիտէին գնահատել թշնամիին քաջութիւնը, անոր արժանապատուութիւնը յարգել, զէնք չգործածել տկար կիներուն ու մանուկներուն դէմ: Կ'ըսուի թէ եղած են նման բաներ այս երկրագունդին վրայ: Կ'ուզենք հաւատալ նման միամիտ ժամանակներու, նոյն ատեն սոսկում կ'ունենանք երկրագունդի վաղուան համար: Այս ընթացքով, այս համատարած արեան բաղնիքներով, ապականութեամբ, պղծութեամբ մինչեւ ո՞ւր պիտի հասնի մարդկութիւնը ու արդեօք երբեւէ պիտի արթննա՞յ:
No comments:
Post a Comment