Ապրիլ 24: Տարիներ ամբողջ, սուրիահայեր այս օրը իրենց սեփական տուներուն մէջ, հեռատեսիլներուն առջեւ սեւեռուած, կը դիտէին Հայաստանի հեռուստակայաններէն սփռուած եղեռնի ոգեկոչման արարողութիւնները եւ ի սրտէ կը փափաքէին այնտեղ գտնուիլ ու իրենց հայրենակիցներուն հետ ոգեկոչել նահատակներու անմար յիշատակը: Ու ահա, անոնցմէ շատերուն փափաքը կ'իրականանայ այսօր: Ապրիլ 23:Երեւան: Պաղրամեան Պողոտայ: Երեկոյեան, խուռներամ երիտասարդութիւնը մոմերով ու ջահերով, կարգապահութեամբ ու յարգանքով կ'ուղղուի Ծիծեռնակաբերդ: Սուրիահայեր ալ կ'ուղեկցին անոր: Անտեսանելի, բայց զգալի սարսուռ մը ելեկտրական հոսանքի նման կը սողոսկի հոգիներէն ներս, կը շղթայակապէ զանոնք իրարու եւ ամէն ոք վերացած նահատակներու յուշերով՝ կը քալէ լուռ ու մտախոհ: Խառնաշփոթ զգացում մը կը պատէ հոգիդ՝ ի տես այս բոլորին, մերթ հպարտութեամբ, մերթ ըմբոստութեամբ, մերթ յուսահատութեամբ ու մերթ ցասումով առլցուն: Ապրիլ 24: Երեւան:Ծիծեռնակաբերդ:Առաւօտ կանուխ, ուխտագնացներ խումբ առ խումբ կ'ուղղուին Ծիծեռնակաբերդի խճուղի, ուրկէ հսկայ թափօրը քալելով, երկիւղածութեամբ կը բարձրանայ Եղեռնի Յուշահամալիր: Իւրաքանչիւրը ծաղիկ մը կամ ծաղկեփունջ մը բռնած, կը քալէ յուզմունքով, նոյնիսկ մանուկներ, որոնք իրենց հայրերուն ուսերուն բարձրացած, կ'ուղեկցին թափօրին ու պարտք կը համարեն իրե'նք ալ ծաղիկ մը զետեղել նահատակներու յիշատակին: Հալէպահայեր ալ մաս կը կազմեն սգոյ այս երթին: Մաս կը կազմեն ու կը յիշեն հալէպեան սգահանդէսները, հսկումի գիշերները, Ապրիլ 24-ի առաւօտեան խուռներամ բազմութեամբ գերեզմանատուն ուղղուող երթերն ու հոգեհանգստեան արարողութիւնները... Ու կ'արցունքոտին աչքերը... Կ'արցունքոտին՝ յիշելով հալէպեան վաղանցուկ օրերը, վերապրելով ներկան, որ բորբոքող կայծն էր նորօրեայ ցաւերուն, կարօտն էր սեփական տան, թաղին ու հարազատներուն եւ այն յիշատակներուն, որոնցմէ բաժնուեցան ակամայ ու այսօր կ'ապրին հոգեվիճակը գաղթականի: Անոնք ականատես եղան 1915- ի խտացեալ ջարդին Սուրիոյ մէջ ու զգացին զայն իրենց մաշկի'ն վրայ: Տեսան փակուած եկեղեցիներ, դպրոցներ ու ակումբներ, տեսան փողոցներու մէջ սփռուած դիակներ, պատառ մը հացի համար պայքարողներ, առանց ջուրի ու ելեկտրականութեան մրոտուած օրեր, տեսան Նոր Գիւղի ու Սուլէյմանիէի հայահոծ թաղամասերուն մէջ կատարուած բարբարոսութիւններ, քանդուած տուներ ու անպատսպար հայորդիներ...: Ի¯նչ էին այս բոլորը՝ եթէ ոչ նորօրեայ ջարդ, բայց՝ հնօրեայ ոճով, հնօրեայ՝ բայց նորօրեայ թուրքի դիմակով: Պատմութիւնը կը կրկնէր ինքզինք: 100 տարի առաջ անպատիժ մնացած ցեղասպանը չկրեց իր պատիժը եւ հայը չստացաւ իր արդար իրաւունքները£ Ո±ւր պէտք էր փնտռել արդեօք արդարութիւնն ու մարդկային իրաւունքները...: Ինչե¯ր կը ձաբռտեմ... ի¯նչ պատիժ, ի¯նչ մարդկային իրաւունք, ինչ մարդկային արդարութիւն... Ասոնք բառեր են միայն, որոնք գերպետութիւններ թմրեցուցիչի պէս կը հնչեցընեն մարդոց ականջներուն եւ մարդը ստրկացնելու, ոտնակոխելու եւ սպաննելու ամէն իրաւունք կը վերապահեն իրե'նց: Ահա ամենաշօշափելի դասը, զոր աւանդեցին մեզի մեր պատմութեան վերջին 100 տարիները եւ սուրիական դառնալի յեղափոխութիւնը: Մեր պապերը շա¯տ ողբացին, շա¯տ բողոքեցին, շա¯տ պոռթկացին... Այսօր մենք նոյնը կ'ընենք ի տես Սուրիոյ պատահարներուն, որոնց մէկ մասնիկն ենք նաեւ մենք եւ ոչ մէկ լուծման կը հասնինք: Զոհեալի ու ենթարկեալի հոգեբանութիւնը այնքա¯ն արմատացած է մեր ենթագիտակցութեան մէջ, որ կարծէք կորսնցուցած ըլլանք ճշգրիտ որոշումներ առնելու մեր ունակութիւնը եւ դարձած պատեհապաշտներ, սպասելով դաժան ճակատագիրի տնօրինումներուն: Ցեղասպանութեան 100ամեակը շա¯տ բան ունի մեզի թելադրելիք: Ամենակարեւորն այն է, որ տէրը ըլլանք մեր պատմութեան ու մեր հայրենիքին եւ չձգենք որ սպիտակ ջարդը կրկին անգամ ջլատէ մեր ուժերը:
Այտա Մինասեան
No comments:
Post a Comment