Wednesday, April 29, 2015

ՆԵՐՔԻՆ ԱԼԵԿՈԾՈՒՄ


1915 – 2015՝ ողջ հայութեան համար ջարդի, ողբերգութեան, տարագրութեան, չարչարանքի, վերընձիւղման, պայքարի ու վերականգնումի հարիւրամեայ ճանապարհ: 
2012-2015
՝ սուրիահայուն համար չորս տարուան ահաւոր պատերազմի տարիներ. կաթիլ առ կաթիլ, շիւղ առ շիւղ արդար քրտինքով ու հայու վաստակով կառուցածի կրկին քանդում, աւեր, զոհ, անապահովութիւն եւ կամ ծննդավայրի լքում ու հեռացում: 
Շատեր «հայու ճակատագիր» կը թոթովեն իրենց հոգւոյն մորմոքը արտայայտելով, իսկ ես ակամայ կը կրկնեմ՝«Այս ճակատագիրն ի՜նչ սեւ է Աստուած, արդեօք դամբանի մրուրո՞վ է գծուած» Դուրեանի խօսքը ու արցունքներս շիթ-շիթ կը լճանան: 
Սուրիահայերս, պատուախնդիր, ազնիւ, կազմակերպ ու հայու արժանապատուութիւնը ամէն բանէ վեր դասող ժողովուրդ ենք: Ջարդէն ճողոպրած եւ Սուրիան, ի մասնաւորի Հալէպ քաղաքը փոքրիկ Հայաստան դարձուցած՝ սերունդներէ ի վեր մենք հա՛յօրէն դաստիարակուեցանք: Ոխերիմ թշնամին ճանչցանք ու աւելի գօտեպնդուեցանք: Շինեցինք հայապահպանման ամրոցներ ու ամրօրէն կառչած մնացինք անոնց: Ի՜նչ պատահեցաւ յանկարծ եւ՝ այսքան արագ, որ մարդոց անդորր կեանքը փոխակերպուեցաւ փոթորկոտ ալեկոծումի: Այդ ինչպէ~ս եղաւ, որ հայը կեանքի ու մահուան ճակատագրին դէմ յանդիման կանգնեցաւ կրկին: Նո'ր գիւղ՝ հայութեան աւան, ինչպէ՞ս եղաւ որ հայաշունչ թաղերդ ամայացան ակնթարթի մը մէջ: Ս.Քառասնից Մանկանց Մա՛յր եկեղեցի,ինչպէ՜ս եղաւ, որ մենք ակամայ զրկուեցանք քու սուրբ խորանիդ առջեւ ծնկաչոք մոմ վառելէն: Նոյնիսկ մեր գերեզմանները այցելելու եւ խունկ ու մոմ ծխելու անկար դարձանք: Մեր դպրոցը՝Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանը, մեր կրթութեան ամրոցը, խեղճացած մնաց ու թափուր. բայց ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս... 
Թողէք ես լռեմ եւ թող անլեզու քարերը խօսեն քարեղէն լեզուով. –
Այս ազգը որի՞ց եւ ինչո՞վ է վատ, որ դատապարտուեց այսչափ վատութեան:
Եւ ո՞վ եւ ինչո՞ւ սրանց «հայ» կոչեց, որ յանգաւորուի միմիայն «վա՜յ»ով.
Եւ ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ,ի՞նչ ուժով արդեօք, Թէկուզ եւ ինչպէս ատոմն ատոմից, 
Թէկուզ եւ ՝ահեղ պայթունի գնով եւ կործանումի սպասմամբ թէկուզ իրարից 
«
հայը» ու «վայը» պոկե՜լ...: (Պ.Սեւակ)

Վիրաւոր գաղութը հետզհետէ կը նօսրանայ մեր աչքին առջեւ.կը քանդուին շէներ, սիւներ, կը խախտին հիմեր. ընտանիքներ բաժան-բաժան կ'ըլլան: Անճար մարդիկ վտանգէն խոյս տալու համար կը ստիպուին թողուլ տուն ու տեղ եւ աշխարհով մէկ սփռուիլ կրկին: Ֆիզիքապէս կրնան ապահով զգալ, բայց իր կէսը հոն թողուցած ո՞ր հայը կրնայ հանգիստ ու անհոգ կեանք ապրիլ, երբ տակաւին ողջ ժողովուրդ մը լուրջ պատերազմական տագնապի մէջ կը տառապի: Ի՜նչ խօսք կարօտի մասին, որ գրեթէ չի տարբերիր ներսը մնացողներուն կարօտէն, որովհետեւ անոնք եւս անցեալի փառքի օրերու կարօտով կ'ապրին: Վրդոված հոգիս կ'ալեկոծի. կ'ուզեմ սանձել մէջս պոռթկացող յոյզերս, սակայն «յոգներ եմ արդէն թաքուն ալեկոծուելէն». ուստի ձեռքս կ'առնեմ սպիտակ թուղթը: Բայց ինչպէ՞ս արտայայտել ներքին սրտախոց յոյզերս: Չէ՞ որ մենք ամբողջ գրականութիւն ունինք աս ապրումներուն նուիրուած: Մեր գրողներուն ամէն մէկ բառը, խօսքը, ճիչը այնքան այժմէական է եւ մե'րն է, որ կը թուի թէ արդէն ամէն ինչ ըսուեր, վերջացեր էր եւ հիմա արդէն նո'րը, ուրախը եւ պայծառ լուսաբացին մասին նո'ր գրականութիւնն է, որ պիտի հիւսուէր.
Ա՜խ ես այս յանցաւոր աշխարհին, 
Այս անցաւոր աշխարհին, 
Խեղճ ու հզօր աշխարհին 
Ի՜նչ ասեմ,որ հասկանայ 
Տէր ու անտէր աշխարհին 
Այս անհամբեր աշխարհին
Այս ԱՆՏԱՐԲԵՐ աշխարհին
Ի՜նչ ասեմ,որ հասկանայ: (Հ. Սահեան) 
Այո՛, սուրիական պատերազմը հայուն դէմ ուղղուած պատերազմ մը չէ բացարձակապէս, բայց հայը նոյնպէս ենթակայ է ամէն արհաւիրքի, կողոպուտի ու այլազան մեծ ու փոքր վնասներու: Այո՛, այլ ազգեր եւս կը կրեն այս ողբերգութիւնը, բայց անիկա հայուն վրայ ուրի՜շ ազդեցութիւն կը թողու: Մեր վէրքերը կը մորմոքին, անոնք արդէն չէին սպիացած, աւելի կը բորբոքին ու կը խորանան: Տէր-Զօրի եկեղեցին կը փորձեն քանդել: Անոնք մեր պապերու աճիւնները կ'ուզեն խլել մեզմէ: Այն աճիւնները, որոնք տակաւին իրենց հանգստութիւնը չեն գտած: Անոնք արդարութիւն կը պահանջեն տակաւին. բայց ըսէ՛ք, խնդրեմ, ո՞ւր կը ծախուի արդարութիւնը: Ո՜վ դուք մարդասպան ազգեր. միթէ հերիք չէ՞ այսքան անմարդկայնութիւն, անաստուածութիւն: Հերիք չէ՞ որքան մարդը մարդուն յօշոտեց, մորթեց, գլուխը մարդուն պոկեց ու գնդակի նման հարուածեց... Ո՞վ է կասեցնելու այս պատերազմը, եթէ իսկապէս պատերազմ է սա եւ ոչ ՝ բարբարոսութիւն:
Օգնիր ինձ Մարիամ 
Եւ ասեմ ինչով 
Բարեխօս եղիր իմ եւ իմ միջեւ,
Որ բանն աւարտի ինքնահաշտութեամբ :
Ես խռովել եմ [այս]աշխարհից .
Ե'կ ու վերստին հաշտեցրու դու մեզ,
Թէ չէ ես այսպէս ապրել չեմ կարող.
Ուզում եմ նայել ինձ ու աշխարհին 
Լիացած ժպտուն ու գոհ աչքերով՝
Յաղթելով ե'ւ քաղցը եւ պապակը փափակ(Պ.Սեւակ) 
Չեմ ուզեր տկարանալ եւ ուժաթափ ըլլալ: Կը հաւատամ մեր ազգի վերականգնումի ոգիին եւ յուսով եմ, որ մեր ժողովուրդը աս փորձութենէն ալ պիտի կարողանայ դուրս գալ եւ արժանավայել կեանք ապրիլ:

Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան

 

No comments:

Post a Comment