Friday, May 1, 2015

Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ քանդումին առիթով գրուած յուշեր

Ազգային Հայկազեան Վարժարանի Աղջկանց Բաժինը եւ Սուրբ Քառասուն Մանկանց Եկեղեցին։ Մանկութենէս ի վեր յիշողութեանս վրայ դրոշմուած զուգահեռական յիշատակներու վայրեր, որոնք դէպքերու առնըչութեամբ երբեք չզուգադիպեցան, բայց նաեւ յիշողութեանս մէջ անոնցմով իմ կապը երբե՛ք չխզուեցաւ։ Մեզմէ ո՞վ չի յիշեր այն բակը, որ դպրոցն ու եկեղեցին իրարու կը կապէր, ուր փախչելով կը պահուըտէինք այն կամարաձեւ խորշով խցիկին մէջ։ Հապա՜ ամրան հանդէսի փորձերը, որոնք տեղի կ՚ունենային Նիկոլ Աղբալեան սրահը, ի՜նչ ժրաջան աշխատանք կը տանէինք մեր դեռահաս տարիքէն։ Ո՜վ կը մոռնայ դպրոցի բակէն դէպի եկեղեցի ուղղուող արահետը, որու աջ ու ձախ եզերքը կը հանդիպէինք անտէր մնացած շիրիմներու: Մեզմէ ոմանք մոռնալով ակամայ անոնց վրայ կը կոխէին, իսկ հասկցողները գետին նայելով «Մեղք ունի, մի՛ կոխեր»ով մը կ'ազդարարէին։ Հիգնշաբթի օրերու ասմունքի փորձերը... Ուրբաթ օրերու պատարագները կը յիշէ՞ք, թէ ինչպէս պատկառանքով սուրբ գիրքը ձեռքերնիս միաբերան ու միայնակ շարականներ կ՚երգէինք... Շաբաթ օրերու Ահարոնեան սրահի փորձերը... Ֆարհաթ հրապարակէն դպրոց ուղղուող շաւիղը, խորտուբորտ քարերը ու մեր դանդաղ քայլերը...եկեղեցւոյ ճրճռացող դռները, խունկի բոյրն ու կլորաձեւ մեր շուրջ տարածուիլը... Հայկազեանի խարխուլ պատուհանները...: «Ճեմարանը գնաց Հայկազեանը կանգուն մնաց», մտածումներով մենք մեզ կը խաբէինք... Եւ աս ալ «Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա»ներու շարքին անցաւ։

Լարա Արթին

No comments:

Post a Comment