Monday, May 4, 2015

Մայիսը՝ կապոյտի ամիս


Եթէ դուն Հալէպի փողոցները իջնես այս ամիս, անկարելի է որ կապոյտը չտեսնես: Կիներն ու աղջիկները կապտաւուն կը դառնան Մայիսին: Եկեղեցին ալ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ այս ամսուան ու կը նուիրաբերէ Աստուածածինին: 
Ի'նչ խօսք. կապոյտը նաեւ իմ նախասիրած գոյներէս մէկն է: Կապոյտը երկնքի,Կապոյտը անսահմանութեան, կապոյտը ծովուն, կապոյտը երազայինին, կապոյտը անմեղութեան , կապոյտը պարզութեան ... : Այնքան կապոյտը սիրեցի, որ Աստուած ալ արժանի տեսաւ զիս, որ մայրանոցը երկու անգամին ալ կապոյտով զարդարեմ: 
Ամէն ոք իր «ակնոցով» կը դիտէ կապոյտը անշուշտ, ինչպէս՝ Զահրատին Կիկօն:
Կիկօ աչքերուն ակնոց է առեր
Ուր որ կը նայի կապոյտ կը տեսնէ
Երկինքը կապոյտծովերը կապոյտ
Սիրած աղջկան աչքերը կապոյտ
Ուր որ կը նայի կապոյտ կը տեսնէ
Ակնոցը քթին չորս դին կը նայի
Կʼըսես ծովերը կապոյտ էին միշտ
Կʼըսես երկինքը կապոյտ էր արդէն
Չի հաւատար որնոր տեսայ կըʼսէ
Ակնոցը քթին չորս դին կը նայի:
Կիկօ աչքերուն ակնոց է առեր
ՀԻՄԱ կապոյտը կապոյտ կը տեսնէ:
Կապոյտը շատերը կը սիրեն նաեւ: Գիտնալով հանդերձ, որ գեղեցկութիւնը յարաբերական յատկանիշ մըն է, այնուամենայնիւ, լսած եմ յաճախ աղջիկի մը մը գովքը հիւսողներէն. «շատ գեղեցիկ է. դեղին մազերով ու կապոյտ աչքերով է» արտայայտութիւնը: 
Կ'ըսենք սնոտիապաշտութիւն է մեր մեծերուն կողմէ յաճախ կրկնուած այս արտայայտութիւնը՝ « Կապոյտ հլուն կախեցէ'ք», բայց եւ այնպէս մանուկին մկրտութեան խաչին հետ կապոյտ հլուն մըն ալ կու տայ քեզի ոսկերիչը ու դուն հաճոյքով կը դնես զայն զաւկիդ ուսին:
Կապոյտը նաեւ իր երանգներն ունի: Մուգ կապոյտը աւելի գրաւիչ է անշուշտ բաց կապոյտէն, մանաւանդ կանացի հագուստին վրայ: Եթէ բաց կապոյտը ուխտի հագուստն է, ապա գոցը՝ կրնաս օրինակ հարսանեաց խրախճանքներուն սիրով կրել...: Կարմիրին մէջ անգամ գոյներուն մէջ ամէնէն պաղ համարուող կապոյտը կայ: ճարճատուն կարմիր կրակէն ետք, երբ բոցը կամաց կամաց կը հանդարտի ու մարմանդ կը դառնայ, կապոյտ գոյնի երանգ կ'ունենայ այդ վառարանիդ կրակը ու ապահով ջերմութիւն կը տարածէ տանդ մէջ: Ցած ու կապուտակ կրակին վրայ է, որ նաեւ տանտիկինը կրնայ համադամ ճաշեր պատրաստել՝ իր տաքուկ շունչը ներդնելով անոր մէջ: Ի զուր չէր ըսեր ողորմած կեսուրս «Սօսի', կրակին տակը ցածցու'ր...»: 
Կապոյտի երանգներէն՝ մուգ կապոյտի ընդհանուր համայնապատկերին մէջ ահա աստղերը գիշերուան կը պսպղան, այլապէս պիտի չտեսնուէին անոնք այսքան փայլուն, այսքան արծաթափայլ: Ու դուն կարելիութիւնը պիտի ունենաս անկաշկանդ կերպով երազանքներովդ երկինքն ի վեր թեւածելու՝ հասնելու համար ու՜ր որ կ'ուզես...: Իսկ առաւօտուն, բաց կապոյտին հետ, նո'ր օրուան նո'ր յոյսովը տոգորուած՝ կը հաւատաս, որ այդ կապոյտին տակ պիտի իրականանան գիշերուան երազանքներէդ գէթ մաս մը, մնացեալ բաժինը թողնելով կրկին գիշերուան կապոյտին: 
Կապոյտի ամիս: Աստուածածինի ամիս: Մաքրութեան ու անմեղութեան խորհրդանիշ եւ բարեխօս մեր ու Աստուծոյ միջեւ: «Լսեր եմ, որ կապոյտի վրայ ճանճեր չեն նստի»: Մարիա'մ, եկ ու կապոյտ հագցրու ինձ ներսից ու դրսից»: Պ. Սեւակ
Սօսի Մ.Տ.

No comments:

Post a Comment