Saturday, May 16, 2015

Նշմար- Ի՞նչ Անուն Տամ



Կեանքիս մէջ այսքան դժուար կացութեան չեմ մատնուած: Ի՞նչ անուն տամ Հալէպին, ի ՞նչ որակումով կոչեմ հալէպահայութիւնը: Տարատեսակ, հակոտնեայ, իրար խաչաձեւող այնպիսի լուրեր կը սփռուին, այնպիսի պատկերներ կը պարզուին դիմատետրի էջերուն, հեռախօսային ուղիղ միացումով այնպիսի խօսքերու ականջալուր կ'ըլլանք, որոնք մեզ զարմանքէ զարմանք կը տանին: Մտահոգութեան ալիքները Ցունամիի կը վերածուին եւ զուգահեռաբար, մտահոգութիւնը փարատող, հանգստացնող լուրերը կը վանեն կուտակուած գորշ ամպերն ու ճանապարհ կու տան պայծառ արեւին, յաջորդ վայրկեանին կրկին մթագնելու, ապա դարձեալ պայծառանալու... Այսքան շուար վիճակի չէինք մատնուած: Աշխարհով մէկ Հալէպի փրկութեան կոչեր, հալէպահայերուն տեղափոխելու առաջարկ-պահանջքներ: Մէկ կողմէն ռմբակոծում, մահ, աւեր, միւս կողմէն իրար ետեւէ հրապարակային ձեռնարկներ, շաբաթաթերթ ու պարբերաթերթ, նշանտուք, պսակ, հարսանիք, երջանկացած զոյգեր, ժպիտ, ծիծաղ, ուրախութեամբ ողողուած դէմքեր... (Միւս տեղաբնակներուն մօտ, վստահ եմ այսպիսի բան չկայ. եթէ նոյնիսկ կայ, ապա, բնաւ նոյն տարողութեամբ ու մակարդակով): Եւ այս «Խառնարան»ին ի տես, եկուր եւ անուն մը տուր այս վիճակին: Թող ամենախելացի քաղաքագէտը, կամ ընկերաբանը, կամ հոգեբանն ու փիլիսոփան փորձեն եզրայանգում մը ընել. անհնար է, անկարելի, քանի որ այսպիսի բան չէ եղած: Հալէպահայերու ջերմութիւնն ու հիւրասիրութիւնը աշխարհով մէկ տարածուած է. անոնց ազգային ոգին, նուիրուածութիւնը, եկեղեցասիրութիւնը, արուեստասիրութիւնը, արհեստասիրութիւնը, ճարտարութիւնը, ստեղծագործական հնարամտութիւնը, ընտանեկան սրբութիւնը, նրբաճաշակութիւնը անուրանալի նկարագրային գիծեր են, որոնք չեն խաթարուած եւ դիմացած են ժամանակի մաշեցումին: Վկայ աշխարհով մէկ տարածուած հալէպահայերը, որոնք ուր որ գացած են, առաջնորդ ու ղեկավար դարձած են, մտաւորական, գիտնական ու արուեստագէտ. ուր որ հանգրուանած են, տեղւոյն գաղութին համ ու հոտ տուած են: Իսկ, ահա այսօր, վախը անտեսելով դիմադրողական այնպիսի լիցքաւորումով մը կը շարունակեն գոյատեւել, որ զարմանքէն անդին, բան մը կը պարտադրեն. ՅԱՐԳԱ'ՆՔ: Ի՞նչ անուն տալ հալէպահայութեան. «Անհոգ ու անտարբե՞ր », «Համբերատար ու դիմացկո՞ւն», «Անճար ու յուսահա՞տ», «Անվախ ու հերո՞ս»... Իւրաքանչիւրը իր անկիւնէն կը դիտէ, իր լսածովը կը մեկնաբանէ. կը մտահոգուի, կը ցաւի, օգնութեան բարձրաղաղակ կոչեր կ'ընէ... Քանիցս հեռախօսով կապուած եմ Հալէպ մնացած բարեկամներու հետ, առաջին իսկ «ինչպէ՞ս էք» հարցումիս, «Լաւ ենք»ով կը պատասխանեն. «Հոսանք չկայ ՝ լաւ ենք, ջուր չկայ՝ լաւ ենք, վառելանիւթ չկայ՝ լաւ ենք, համացանց չկայ՝ լաւ ենք...»: Լաւ եղէք: Ես ձեր ցաւը տանիմ: 

 Յակոբ Միքայէլեան 

No comments:

Post a Comment