Saturday, May 16, 2015

ՍԵՐԺ ԹԱՆՔԵԱՆԸ ՀԱՅԵՐԷՆ Կ՚ԵՐԳԷ



Սերժ Թանքեանը գործ տեսաւ։ Հիմա ստիպուած եմ տղուս հետ ինքնաշարժին մէջ heavy metal, ներողութի՜ւն, alternative metal մտիկ ընել։ Ո՞վ կրնայ ա՛լ բան ըսել Սերժին մասին։ Կը համարձակի՞նք մենք մեզ հակասել։
Ինքնաշարժը ամենալաւ վայրն է տղուս հետ լուրջ խօսակցութիւններ ունենալու, մանաւանդ երբ առանձին ենք։ Բոլոր դասախօսութիւնները, նկատողութիւնները, հարցումները, ուղեղ լուալները հոն տեղի կ՚ունենան։ Գիտեմ որ փախելիք տեղ չունի։ Բայց դարձեալ չեմ կրնար կարծել որ ամբողջ ժամանակը իմս է։ Ընդամէնը քանի մը վայրկեան ունիմ։ Եթէ կրցայ հետաքրքրական նիւթով մը ուշադրութիւնը գրաւել, շատ լաւ։Իսկ եթէ զգայ որ պարզապէս գայլի աւետարան է կարդալիքս, ձեռքի թելին սուր ծայրը կը խոթէ հեռաձայնին ծակին մէջ, իսկ երկու գնդակները կ՚երթան ականջներուն խոռոչներուն մէջ եւ վերջուրիշ մոլորակ փոխադրուած է։
Ես չեմ մեծցած heavy metal երաժշտութիւն մտիկ ընելով։ Զիս չէ հետաքրքրած բարձրաձայն, աղմուկ յիշեցնող այս ժանրը, իր երկար մազերով երաժիշտներով, որոնք պատռտած հագուստներ հագած,կը ցատկռտեն ու նոյնիսկ գլուխնին կը զարնեն։ Միշտ կարծած եմ որ աւելի արական սեռին ուղղուած եղած է։ Աւելին, միջին արեւելքի մէջ այդ շատ հաշտ աչքով չէր դիտուեր։ Այս ժանրը լսող երիտասարդները, որոնք կը փորձէին իրենց պէս հագուիլ ու մազերնին երկնցնել, ծուռ-ծուռ նայուածքներու կ՚արժանանային ընկերութեան կողմէն։ Նոյնիսկ ոստիկանութիւնը զիրենք կը ձերբակալէր, մանաւանդ եթէ գիշերով իրարու հետ փողոցները պտտէին։ Ազատութիւն փնտռող պատանիներ եւ անկաշկանդ երիտասարդներ ընկերային եւինչո՞ւ չէ նոյնիսկ քաղաքական, անվտանգութեան սպառնացող տարրեր կը համարուէին։ Իսկ այն ինչին որ մանկութենէն վարժուած չես, դժուար է յետոյ սիրելը։
Հիմա տղաս կը փորձէ զիս համոզել heavy metal մտիկ ընելու։ Ոչ միայն մտիկ ընելու, այլ նաեւ սիրելու։ Չէ՞ որ երգողը հայ մըն է։ Միշտ հայկականը պատուական է։ Ես սորվեցուցեր եմ իրեն, ինքնաշարժին մէջ։
Մա՛մ, System of A Downը շատ popular է։ Քու կարծածէդ շա՜տ աւելին։ (Զիս կը ծաղրէ։ Իմ «կարծածս» հայկական նեղ միջավայրն է)։
Կը փորձեմ մտիկ ընել։
Միայն լսել չի բաւեր, կը շարունակէ։ Եթէ միայն լսես, ուշադրութիւնդ պիտի երթայ աղմուկին եւ հետաքրքրութիւնդ պիտի կորսնցնես։ Պէտք է մտիկ ընես, կեդրոնանաս երաժշտութեան վրան, երգիչին ձայնին վրայ։ Շատ unique է ձայնը եւ recognizable, հազար հոգիին մէջէն կրնաս ճանչնալ։ Ձայնին rangeը շատ wide է, 4 octave and one note է, անոր համար կրնայ շատ բարձր եւ շատ ցած նօթեր երգել։ Բառերուն ալ պէտք է հետեւիս, շատ խորունկ են։ Կը խօսի social injusticeի մասին, discriminationի մասին, պատերազմներու մասին։ Միայն երաժիշտ չէ, աքթիւիստ մըն է։ Շատ խորունկ անձնաւորութիւն մըն է։
Կը հրճուիմ խորութիւն փնտռել փորձող իր նկարագիրով։ Աս ալ օդոյին մէջ սորված է։
Բայց շատ կը հայհոյէ Սերժը, կ՚առարկեմ։ Գիտես որ հայհոյանք չեմ սիրեր։
Մա՜մ, Սերժ չէ, Սըրճ։
Սըըը՞ճ։
Լա՛ւ, Սերճ։ Սերճճճ։Անգլերէնի մէջ Ժ չկայ։ Երանի 14 տարի առաջ գիտնայիր ասի։ (Կ՚ակնարկէ իր անունին, Ժիրօ, Ժիրայր, որ անկարելի է անգլերէնով ճիշդ հնչել)։
Գիտե՞ս, կը շեղէ ուշադրութիւնս, նոյնիսկ հայկական երաժշտութիւն կայ իր երգերուն մէջ։
Ի՞նչ, կ՚ըսեմ, հայկական երաժշտութի՞ւն, րօքի՞ մէջ։
Կը մտածեմ թէ արդեօք զիս սիրաշահելո՞ւ համար կ՚ըսէ։ Շատ լաւ գիտէ տկար ջիղս։
Կը դնէ երգ մը եւ իր ուզած տեղը կը հասցնէ։
Մտիկ ըրէ՛, կ՚ըսէ, հայկական երաժշտութեան ազդեցութիւնը կայ հոս։ Աս phraseը հայկական է։ Միայն այս մասը լսելով կրնաս գիտնալ որ երաժիշտը հայ է։ Անոնք որոնք չեն գիտեր իր հայ ըլլալը, կը կարծեն middle eastern influence կայ իր երգերուն մէջ։ Բայց ես գիտեմ որ ատի հայկականն է։
Զգացուած եմ։ Կը յիշեմ թէ ինչպէս, երբ ես ալ իր տարիքին էի եւ Ազնաւուրին երգերը կը լսէի, ճիշդ նոյնը կը զգայի։ Կը կարծէի որ ուր որ էր Ազնաւուրը հայերէն բառ մը պիտի ըսէր երգին մէջ։ Նոյնիսկ երբեմն կը կարծէի թէ հայերէն կ՚երգէր, բայց իր շեշտը անհասկնալի էր ինծի։ Թէեւ ֆրանսերէնի անտեղեակ, կը կարծէի որ ձեւով մը հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուները իրար նման են Ազնաւուրին երգերուն պատճառով։
Շատերուն չկրցածը Սերժը կրցաւ ընել։ Պատանիներուն հետ իրենց լեզուով պէտք է խօսիլ։ Եւ այդ լեզուն հասկնալը յաճախ ոչ շատ դասական միջոցներ կը պահանջէ։

Անի Փանոսեան Մուրատեան

 

No comments:

Post a Comment