Thursday, June 18, 2015

Հանդէսը

Շաբաթէ մը ի վեր դիմատետրի էջերը ողողուած են դպրոցական հանդէսներու նկարներով: Պատահաբար, երէկ, դէմս ելաւ նաեւ Ազգ.Քարէն Եփփէ ճեմարանի աշակերտներուս նկարը: Պրովէի քննութիւններու ծանր բեռը իրենց ուսերէն թօթափած, հպարտ կեցուածքով շարուած էին բոլորը: Մօտեցուցի նկարը ու մէկիկ մէկիկ զննեցի զիրենք: Մէկ տարուան մէջ որքա~ն մեծցած ու փոխուած էին: Տեսայ չարաճճի Մինասը ու անմիջապէս յիշեցի, թէ ինչպէս օր մը դասարան մտնելուս պէս` բարձրաձայնեցօրիո'րդ, այսօր մենք դաս չենք սորված». ու տակաւին պատճառը չհարցուցած, ի'նք փութացուց նաեւ պատասխանը. «Երէկ, ելեկտրականութիւն ունէինք»:
«
Հերոս»ի խօսքին արձագանգեցին նաեւ ուրիշներ:
Հասկնալի էր, որ ամիսներէ ի վեր ելեկտրականութենէ զրկուած աշակերտներս հազիւ կարողացեր էին համացանցի իրենց ծարաւը յագեցնել: Ո՞վ ժամանակ պիտի կորսնցնէր` սորվելու համար «պատճէն»ը է՞-ով կը գրուի, թէ` ե-ով, կամ «ութիւն» ածանցով գոյականները ինչպէ՞ս պէտք էր հոլովէին...մանաւանդ որ շնորհուած այս «բարիք»ը ընդամէնը մէկ կամ երկու ժամ պիտի տեւէր:
-
Կը ներեմ, պայմանաւ որ սովորութիւն չդարձնէք,-կ'ըսեմ ու կ'անցնիմ դասի:
Զբօսանքին, ուսուցչարանը նոյնպէս ուրախալի մթնոլորտ կը տիրէ: Պատճառը կրկին ելեկտրականութիւնն է: Կարծես նոր գիւտ յայտնաբերած ըլլանք: Ուսուցչուհիներուն մազերը յարդարուած էին: Բոլորս ալ երջանիկ էինք, որ վերջապէս կարողացեր էինք լոգնալ, որովհետեւ հազուադէպ երեւոյթ էր, որ նոյն օրը ե'ւ ջուր, ե'ւ ելեկտրականութիւն ունենայինք: 
Ահաւասիկ նկար մը, որ ակամայ յիշողութեան գիրկը տարաւ զիս...: Ո՞վ գիտէ դպրոցի աւարտին աշակերտներէս իւրաքանչիւրը ո՞ր ճամբան պիտի բռնէ: Անոնցմէ ո՞վ պիտի մնայ, ո՞վ պիտի հեռանայ:
Ամէն պարագայի, կը շնորհաւորեմ աշակերտներս` վկայականաց բաշխման առթիւ եւ կը մաղթեմ , որ ո'ւր որ ալ ըլլան անոնք, աւելի մեծ բարձրունքներ նուաճեն:
Սօսի Մ.Տ.

No comments:

Post a Comment