Ռեքսը հալէպահայ Հալէպեան ընտանիքին սիրելի շունն է: Հակառակ իր մեծ չափին, վախնալիք ատամներուն ու վայրենի բնազդին` ան տարիներու ընթացքին ընտանի շուն մը դարձած է ու կը վայելէ ընտանիքի բոլոր անդամներուն անվերապահ սէրն ու գուրգուրանքը:
Երբ Հալէպի ապահովական ու ծառայողական վիճակը կը վատթարանայ, ընտանիքը կ՛որոշէ Հայաստան տեղափոխուիլ: Անոնք նախ կը մտածեն Ռեքսը Հալէպի բարեկամներէն մէկուն քով ձգել, բայց յետոյ կ՛անդրադառնան, որ պատերազմի ահաւոր այս օրերուն մարդիկ իրենց օրապահիկ հացը դժուար կը գտնեն. ջուրի, ուտելիքի եւ տարրական կարիքներու պակաս կայ Հալէպի մէջ, ինչպէ՞ս կրնան այդքա՛ն աներես ըլլալ ու բարեկամի մը մեծ շուն խնամելու պարտականութիւն վստահիլ: Հալէպեանները ձեւով մը կրնային շունէն ձերբազատիլ, բայց առանց աւելորդ տատամսումի` անոնք իրենց հետ Հայաստան կը տանին նաեւ Ռեքսը:
Ռեքսը աւելի ուրախ եւ խանդավառ կը դառնայ Երեւանի մէջ, որովհետեւ ազատօրէն տունէն դուրս կու գայ, պարտէզներուն մէջ վազած ժամանակ յաճախ այլ շուներու կը հանդիպի, միասին կը խաղան, իսկ ամէնէն կարեւորը` ահաւոր պայթումներու ձայներ չկան այստեղ, եւ Ռեքսը, ինչպէս Հալէպի մէջ կը պատահէր, որ չէր կատաղեր այդ ձայներուն պատճառով: «Ռեքսը շա՜տ հանդարտ է հոս», կ՛ըսէ շունը շատ սիրող տան երիտասարդ աղջիկը:
Մէկ տարի Երեւան մնալէ ետք ընտանիքը կը նկատէ, որ Հայաստան հաստատուելու եւ «բարւոք կեանք» ապրելու պայմանները այդքան ալ բարենպաստ չեն: Անոնք ալ, շարք մը սուրիահայերու նման, կ՛որոշեն Եւրոպայի դռները թակել որպէս փախստական-գաղթականներ… Ամէնէն ապահով ու քիչ ծախսալից միջոցը այս որոշումին նախ ընտանիքի անդամներէն միա՛յն մէկուն երթալն էր: «Բախտաւոր»-ը ընտանիքին մայրը կ՛ըլլայ:
– «Մաման թող երթայ, քանի մը ամիսէն ձեզ ալ կը տանի», շատեր կը քաջալերեն զիրենք: «Եւրոպայի մէջ, մայրը շատ դիւրին կրնայ իր զաւակները իր շուրջ համախմբել: Հոն «մարդկային իրաւունք» կոչուած բան կայ, մարդ արարածը արժէք ունի, այս կողմերուն պէս չէ՜…», կը մեկնաբանեն բարեկամները: Ընտանիքը, նկատելով, որ Հայաստանի մէջ Ռեքսը խնամելու պայմանները աւելի դիւրին են ու Հայաստանի մէջ շատեր շուն կը պահեն, կ՛որոշեն, որ նախքան իրենց երթալը, շունը լաւ բարեկամի մը վստահին:
Իրապէ՛ս, մայրը «ձեւով մը» կը հասնի Արեւմուտք եւ կը դիմէ տեղւոյն իշխանութիւններուն` մարդասիրական փախստականի կարգավիճակ ստանալու: Հարցաքննութեան ժամանակ պաշտօնեան նախնական հարցումներու շարքին մէջ մօր ընտանիքին անդամներուն մասին կը հարցնէ: Մայրը կը պատասխանէ.
– Մեր ընտանիքը կը բաղկանայ 5 անդամներէ:
– Որո՞նք են անոնք,- կը հարցնէ պաշտօնեան:
– Ես, ամուսինս, երկու զաւակներս եւ Ռեքսը:
– Ո՞վ է Ռեքսը,- կը հարցնէ պաշտօնեան:
– Մեր տան անփոխարինելի շունն է, կ՛աւելցնէ մայրը:
– Օ՜հ տիկին, շո՞ւն կը պահէք, «վե՜րի նայս» մըն ալ կ՛աւելցնէ: Վստահ եմ, որ պիտի ուզէք ձեր ընտանիքի մնացեալ անդամները ձեր մօտ կանչել, կը փափաքի՞ք, որ Ռեքսն ալ միանայ ձեզի` հանդարտօրէն կը հարցնէ պաշտօնեան` առանց աւելորդ հոգատարութիւն մը ցուցաբերած ըլլալու փորձ կատարելու:
– Մայրը լսածներուն չհաւատար ու թարգմանիչին դիմելով կը խնդրէ թարգմանիչէն, որ հասկնայ, թէ իր լսածը ճի՞շդ էր, թէ՞պարզապէս կատակ էր:
– Ո՛չ տիկին, սխալ չլսեցիք,- կ՛ըսէ պաշտօնեան,- մենք այստեղ բարձր կը գնահատենք բոլոր անոնք, որոնք ընտանի անասուններ կը պահեն ու կը խնամեն զանոնք, մինչեւ իսկ այդ անասուններուն համար պարտէզով ու տարածութեամբ աւելի մեծ բնակարան կ՛ապահովենք անոնց,- կը շարունակէ պաշտօնեան:
Մայրը, գերերջանիկ, անմիջապէս կը հեռաձայնէ Երեւան: «Չըլլա՛յ որ Ռեքսը մէկու մը տալու մասին մտածէք»,- կ՛ըսէ.- Հոս ըսին, որ Ռեքսն ալ կրնամ բերել տալ եղեր», ոգեւորութեամբ մը աւետիսը կը փոխանցէ ընտանիքի անդամներուն եւ կը հաստատէ, որ պաշտօնեան փոխանցած է, որ երեք-չորս ամիսէն ընտանիքի մնացեալ անդամներուն թուղթերն ալ կը դասաւորուին ու կը միանան իրեն:
Այդ քանի մը ամիսները Հայաստան սպասելու փոխարէն` ընտանիքը աւելի յարմար կը տեսնէ Հայաստանէն տեղափոխուիլ Լիբանան, որովհետեւ Հայաստանի մէջ մէկ տարի անգործ մնալէ ետք, նոյնիսկ եթէ աշխատանք ճարեն, աշխատավարձերը պիտի չբաւեն տունի վարձք, ապրուստ եւ այլեւայլ ծախսեր հոգալու, մինչդեռ Լիբանանի մէջ աշխատավարձերը աւելի բարձր են եւ Հայաստանէն աւելի բարեկամներ ունին Պէյրութի մէջ:
Օդանաւի տոմսեր կ՛ապահովեն ու դարձեալ Ռեքսը իր բնաւ չսիրած ճամբորդական վանդակին մէջ կը դրուի, այս անգամ` Երեւանէն Պէյրութ գալու: Պէյրութի մէջ դժուարութեամբ տան մը մէջ կը դասաւորուին, բայց տանտէրը շէնքին մէջ դրացի ըլլալով` չ՛արտօներ, որ շունը տան մէջ բնակի: «Կինս կը գանի շուներէն»,- կ՛ըսէ,- ես ալ անոնց հաջոցը չեմ հանդուրժեր» կը մեկնաբանէ վարձակալ տանտէրը: Հալէպեանները, յուսահատ, մինչեւ նոր տուն մը ճարելը, կը ստիպուին Ռեքսը անասուններ խնամելու կեդրոն-գիշերօթիկ մը դնել:
Հալէպի մէջ ո՞ւր լսուած էր անասուններու կեդրոն-գիշերօթիկի գոյութիւնը, նման մշակոյթ չկայ Հալէպի մէջ, բայց Պէյրութի մէջ սովորական երեւոյթ դարձած է:
Այս միջոցին Հալէպէն Պէյրութ հասած բարեկամ մը կ՛այպանէ ընտանիքը ու կ՛ըսէ. «Սա շան ի՞նչը կը սիրէք, չեմ հասկնար, թափեցէ՛ք, վերջացէք այս հոգէն: Մարդիկ գաղթական դարձած` վրաններու տակ անմխիթար վիճակի մէջ կ՛ապրին, իսկ դուք անպէտք շան մը երեսէն տուն պիտի փոխէք ու, պզտիկի պէս, շան մանկամսուր դնելու մասին կը մտածէ՞ք»: Անոնք վարժ էին նման խօսակցութիւններու, բայց իրենց համար Ռեքսը աղբի նման փողոց թափուելիք առարկայ մը չէր, այլ` իրենց հետ ապրող ու շնչող արարած մը:
Ռեքսը երկու շաբաթ ընտանի անասուններու կեդրոնը կը մնայ, իրեն համար անհանգիստ ու անբաղձալի պզտլիկ վանդակի մը մէջ:Կը հիւանդանայ, աչքերուն փայլը կը կորսնցնէ ու կը նիհարնայ: Ընտանիքը առանց երկար փնտռտուքի` անմիջապէս երկրորդ տուն մը կը վարձէ:
Մայրը վերամիացման պահանջուած թուղթերը կը ղրկէ Պէյրութ ու Հալէպեանները դեսպանատուն հանդիպումի կ՛երթան: Դեսպանատան պաշտօնեաները կը փոխանցեն, թէ ընտանիքի անդամներուն թուղթերը քանի մը շաբաթէն կը պատրաստուին, բայց Ռեքսին թուղթերուն ամբողջացումը վեց ամիս կը տեւէ: Վեց ամիս, որովհետեւ նախքան անասունին փոխադրելը` երեք ամիս անգամ մը բժշկական քննութիւններէ պիտի անցնի «խեղճը» եւ տեսակաւոր պատուաստի սրսկումներ ստանայ:
Հալէպեանները նո՛ր մտահոգութեան մը առջեւ կը գտնուին այս անգամ: Իրենք քանի մը շաբաթէն եթէ երթան, Ռեքսը որո՞ւ քով ձգեն, որո՞ւ վստահին, ինչպէ՞ս բաժնուին եւ այլն եւ այլն…
Շաբաթները կ՛անցնին, ի յայտ կու գայ, որ թուղթերու պատրաստութիւնը սխալ ընթացած է, քանի մը շաբաթը երեք ամիս կ՛ըլլայ ու տակաւին ընտանիքի անդամներուն թուղթերը չեն ամբողջանար: Դեսպանատունէն հեռաձայն կու գայ: Ռեքսին առաջին բժշկական քննութեան ժամանակն է, կ՛ըսեն:
Պէտք եղած քննութիւնները կ՛ընեն, եւ երբ քննութեան ադիւնքները դեսպանատուն կը տանին, նորէն խոստում կը ստանան դեսպանատան պատասխանատուներէն, որ իրենց թուղթերուն հարցը շուտով լուծուելու է ու շուտով միանալու են իրենց մօր:
Այս խոստումին վրայ դարձեա՛լ երեք ամիս կ՛անցնի ու նորէն հեռաձայն կու գայ դեսպանատունէն:
«Այս անգամ մեր թուղթերը աւարտած ըլլալուն լուրը պիտի տան», կ՛ըսէ ընտանիքին աղջիկը ու կը պատասխանէ զանգին:
Ափսո՜ս, իրենց թուղթերուն վերաբերեալ նորութիւն մը չկար, դեսպանատունը Ռեքսին երկրորդ ու վերջին քննութեան համար կապուած էր ընտանիքին հետ:
– «Հապա՜, եւրոպացիք մինչե՛ւ շան առողջութեան մասին կը մտածեն ու մանաւանդ զգուշ կ՛ըլլան, որ շան պատճառով հիւանդութիւն մը իրենց երկիրը մուտք չգործէ, ա՛չքը սիրես Եւրոպային», կը մեկնաբանէ քանի մը շաբաթ առաջ շունը թափելու խորհուրդ տուող բարեկամը, որ ինքն ալ օր առաջ կը սպասէ Լիբանանէն Քանատա գաղթին…
Երկրորդ քննութիւններն ու պէտք եղած սրսկումները կատարուելէն ետք դեսպանատունէն կ՛ըսեն, որ Ռեքսը պէտք է ճամբորդէ տասը օրերու ընթացքին, այլապէս նախապէս կատարուած բժշկական քննութիւններն ու սրսկումները պէտք է կրկնել:
– «Իսկ մե՞նք, մե՛ր թուղթերը, մե՛ր երթալը, մենք ե՞րբ պիտի երթանք, քանի մը շաբաթ ըսիք, ճիշդ վե՛ց ամիս եղաւ` կը սպասենք», կը հարցնէ տան կրակոտ տղան:
– Չենք գիտեր, պարո՛ն,- սառնարիւնութեամբ կը պատասխանէ դեսպանատան պաշտօնեան:
– Հիմա շուն արարածը ՄԱՐԴ արարածէն աւելի արժէքաւո՞ր եղաւ,- կը պոռթկայ տղան ապարդիւն…
Յաջորդող օրերուն, Պէյրութի առաւօտեան կանուխ ու խոնաւ ժամերուն, Հալէպեանները շունը օդակայան կը հասցնեն, դժուարաւ կը տեղադրեն Ռեքսը իր չսիրած վանդակին մէջ ու մօտ օրէն իրենց մօր ու Ռեքսին միանալու յոյսով, արցունքոտ աչքերով կը հեռանան օդակայանէն:
Առտուան ժամը չորսն է, ու ընտանիքը Լիբանան մնալու վեցամսեայ արտօնագիրը նորոգելու համար օդակայանէն կը բռնէ Լիբանանի Ընդհանուր ապահովութեան բաժանմունքի ճամբան:
Այո, առտուան ժամը չորսն է ու պետութիւնը իր դռները առաւօտեան ժամը 8.30-ին կը բանայ: Բայց ո՞վ ըսաւ, որ Լիբանանի մէջ սուրիացիներուն կեցութեան արտօնագիր նորոգելը դիւրին է: Սուրիացիներուն համար մղձաւանջ ու տառապանք է այս գործընթացը… Բազմաթիւ փաստաթուղթերու ապահովման, լիբանանահպատակ երաշխաւորի գոյութեան եւ նիւթական տուրք վճարելու կողքին, սուրիացիք, ներառեալ` սուրիահայերը, կեցութեան արտօնագիրը ստանալու ժամանակ «կը վայելեն» լիբանանեան իշխանութիւններուն «յարգալիր», «եղբայրական» եւ «սիրալիր» վերաբերմունքը…
Ժամը 4:30-ին կը հասնին կեդրոն, բայց արդէն իրենցմէ առաջ տասնեակ սուրիացիներ կարգի կեցած, ժամը 8.30 ըլլալը կը սպասեն: Առաւօտեան ժամը 11:00-ին, երբ Հալէպեանները խենթ մարտի տեղատարափ անձրեւին տակ տակաւին կեդրոն մտնելու իրենց կարգը կը սպասեն, հեռաձայնը կը հնչէ:
Մայրն է Եւրոպայէն… Յուզմունքով Ռեքսը դիմաւորած է...
ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ
No comments:
Post a Comment