Վերջին երկու բարդութիւնները՝
Թել Ապիատի պատերազմը
Քոպանիի Քիւրտերը առիթը յարմար գտան ԻՍԻՍի դէմ արշաւելու ամերիկեան օդուժի նեցուկով ու սկսան մօտենալ Թել Ապիատի շրջանին, յոյս ունենալով որ այդ շրջանը պիտի կարենան կապել Գամիշլիի հետ ուր շեշտակի ներկայութիւն ունին: Քիւրտերը առիթը յարմար գտան նաեւ շրջանի արաբ աշիրեթական բնակչութիւնը դուրս մղելու իրենց բնակութեան վայրերէն: Այսինքն այն արաբներուն շառաւիղները որոնք հարիւր տարի առաջ հայերուս ընդունեցին իրենց շրջաններուն մէջ ստիպուած եղան նոյն մեր ճանապարհէն անցնելու դէպի հիւսիս:
Սուէտայի պատերազմը
Տուրզիները դժուար կացութեան մատնուած են: Ասատին վարչակարգը կը սպառնայ անպաշտպան ձգել զիրենք եթէ 27 հազար տուրզի «դասալիք» զինուորները չզինուորագրուին բանակին: Տուրզիները կը խոստանան զինուորագրուիլ պայմանաւ որ միայն իրենց նահանգին մէջ կռուին ու դէմ դնեն ԻՍԻՍականներու յառաջխաղացումին: Ասատը համաձայն չի գտնուիր եւ կը սկսի սպառնալ որ պիտի քաշուի շրջանէն իր հետ տանելով բոլոր զինամթերքը: Ասատին բարեկամ տուրզի կարգ մը անձնաւորութիւններ կը փորձեն միջնորդութիւն կատարել փրկելու համար տեղւոյն բնակչութիւնը ԻՍԻՍի եւ իսլամական ընդդիմադիրներու մօտալուտ յարձակումէն, բայց տակաւին յայտնի չէ թէ ինչ է վիճակը:
Այսքանը այսօր սուրիական մոզաիքի վերջին զարգացումներուն մասին: Մենք ի՞նչ դասեր կրնանք քաղել արդեօք այս բոլորէն: Դասերը շատցան եւ քննութեան պահը մօտեցաւ:
Հրաչ Քէլսահակեան
No comments:
Post a Comment