Monday, September 14, 2015

ՄԿՐՏՈՒԱ՞Ծ ԵՍ


«Ա՛ն, ճան, արի մի բաժակ սուրճ խմենք» կը հնչէ դրացիներուս աղջիկներուն ձայնը, երբ աստիճաններուն վրայ նկատեն իմ տուն հասնիլս (արդէն ժամանակի ընթացքին քոֆէն սուրճի վերածուեցաւ)։ 
Անոնք կ՛ախորժին հետս զրուցելով, կը սիրեն մեր լեզուն ու հետաքրքրուած են մեր՝ սուրիահայերու բարքերով ու սովորութիւններով։ Կարելիութեանս սահմաններով կ՛ընդառաջեմ իրենց հրաւէրներուն, որովհետև անոնք ինծի յարգելով, գոնէ այդ պզտիկ ժամանակահատուածին կը փորձեն խօսիլ մաքրելով իրենց լեզուի օտարամուտ բառերը, որպէսզի հասկնամ իրենց արտայայտութիւնները։ Կը խոստովանին, որ մենք աւելի անաղարտ կը պահենք մեր ոսկեղնիկը, մենք աւելի հայրենասէր ենք...
Այս անգամ նիւթերը գլորեցան և ահա թէ ինչպէս հանգեցան մկրտութեան թեմային։ Հետաքրքրական էր անոնցմէ մէկուն մկրտութեան պատմութիւնը. «Զիս մկրտած են, քանի որ ծնունդիս շատ անհանգիստ եղած եմ, տարեցի մը խորհուրդին անսալով ծնողքս եկեղեցի տարած է ինծի և մուտքին հանդիպած առաջին օտար տղամարդէն խնդրած, որ կնքահայր կենայ ինծի մկրտութեան ժամանակ, պայմանով, որ անկէ ետք մեր ընտանիքին հետ կապ չունենայ։ Ես բուժուած եմ, բայց դժբախտաբար չեմ ճանչնար քաւորս (կնքահայր։
Ներկաներէն երկու աղջիկներ անդրադարձան իրենց մկրտութեան մանրամասնութիւններուն, քանի որ մկրտուած են 6-7 տարեկանին։
Դրացիներէս մէկուն 21 տարեկան աղջիկը ուշի ուշով կը լսէր այս պատմութիւնները։ Կարգը իրն էր արդէն, արտահայտուեցաւ, որ դեռ առիթ չէ եղած զինք մկրտելու։ Բայց հետաքրքրուեցայ, որ Ս. Հաղորդութիւն կը ստանա՞յ։ «Ինչպէ՞ս կրնամ ստանալ, եթէ մկրտուած չըլլամ։ Բայց յաճախ եկեղեցի կ՛երթամ»։
Մկրտութիւնը առի՞թ է արդեօք։ Կարգը իմն էր։ Անոնք շշմած կը հետևէին Հալէպի մէջ մեր ունեցած հաւատքին, թէ ինչպէս եթէ մանուկը 1 տարեկանը գլորէր ինչ-ինչ պատճառներով չմկրտուած մնալով, իր ծնողքը խղճի խայթ կ՛ունենար։ Մեր մեծերը նոյնիսկ չմկրտուած մանուկները չէին համբուրեր, իսկ շատեր ծննդատունէն եկեղեցի կը տանէին նորածինը, կը մկրտէին և տուն կը բերէին։
Ուշադրութիւնս գրաւեց սենեակին մէկ կողմը 9-10 տարեկան դրացիիս մանչուկը, որ կը հետևէր մեր խօսակցութեան։ Լաւատեսութեամբ մօտեցայ մանչուկին, հարցուցի «իսկ դուն, աղուորս, մկրտուա՞ծ ես» մեղաւորի նման տուաւ ժխտական պատասխանը։ 
Ցտեսութիւն ըսելով մանչուկին մազերը շոյեցի և դուրս ելայ։
Ա՛յ, քեզ բա՜ն...


Անի Բրդոյեան Ղազարեան

 

No comments:

Post a Comment