Monday, October 26, 2015

ՀԵՌՈՒ…ՍԱԿԱՅՆ՝ ՆՈՅՆՔԱՆ ԱԼ ՄՕՏԻԿ


ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Իրականութիւն է, որ իւրաքանչիւր անհատի համար իր ծննդավայրը իրեն համար կեանք եւ պատմութիւն է։ Հայրենիք է։ Ու կը կարծեմ, որ տարօրինակ պէտք չէ թուի, եթէ ըսեմ, որ ինծի եւ իմ նմաններուն համար ալ Հալէպը ոչ միայն մեր կեանքի եւ անցեալի գեղեցիկ պատմութիւնն է, այլեւ՝ անմեղութեան շքեղութիւն, ուրկէ կը բուրեն մանկական կամ պատանեկան եւ կամ նոյնիսկ վաղ երիտասարդութեան մեր յիշատակները։
Այլ խօսքով, Հալէպը ուր ճակատագրի բերումով էութենէս մաս մը հոն ձգած էի, եւ այս օրերուն իրմէ բաւական հեռու եմ, ինծի համար պարզ եւ յստակ գիրքի մը մէջ արձանագ-րուած անուշ շարական ալ է, յաւերժական անցեալի մը գեղեցիկ առասպելով լեցուն։
Եւ խօսիլ Հալէպի մասին կը նշանակէ դարձեալ յիշել եւ հաղորդակցիլ ժառանգած տարի-ներուս հետ։ Ինքն է մտքիս արձանը։ Հաստատապէս։
Այսօր կրկին անգամ մեծ ցանկութիւն ունիմ բոլոր հին ու նոր յուշերը վերապրելու եւ վերյիշելու։
Շատ յաճախ տաժանելի է այս զգացումը, որովհետեւ յուշերս իրենց հետ կը բերեն նաեւ քաղաքիս յատուկ աշխարհագրութիւնը՝ ծնողք, հարազատներ, եկեղեցի, դպրոց, Ճեմարան, ակումբ, դաշտ, պարտէզ, ընկերներ, դասընկերներ, դրացիներ եւ թաղեցիներ եւ ինչու չէ նաեւ գաղտնի սէրեր։ Ամէն ինչ յիշատակի նման գեղեցկութեան մշուշի մէջէն մէջս կ՛արթննան ու կը ստեղծեն, հաւատա՛ք կամ ո՛չ՝ հոգեկան փոթորիկներ։
Ու բոլորին նման կը սիրեմ Հալէպը։
Այս մէկը գաղտնիք մը չէ եւ ոչ ալ զգացական պոռթկում։ Այն օրէն, որ երբ իրեն «հանդիպեցայ» եւ զինք «ճանչցայ», սկսայ միայն իր մասին մտածել։ Իրմով ապրիլ, շնչել, սիրել։ Ապա
օր մը ես ինծի հարց տուի, արդեօ՞ք այս սէրս գրաւած է իմ բոլոր զգացումներս։ Արդեօ՞ք ըսել կ՛ուզեմ թէ ես սիրահարուած եմ։ Բայց ինչպէ՞ս կրնամ զինք սիրել, երբ սէրս ցանուած է հոգերուս մէջ, ու հոգիս կը ցաւի իր սրտի զարկերուն տակ։
Ինչպէ՞ս, ըսէ՛ք, երբ ներկայի պատերազմը զինք խեղդած է.մէկ խօսքով տգեղցուցած։ Խաբա-նած իր արեւուն լոյսը։
Ու ամէն անգամ, որ իր հին նկարը կը դիտեմ եւ կամ մանաւանդ իր մասին լաւ «բաներ» կը լսեմ, հոգերս կը ջլատին, ինքզինքս ապահով կը զգամ, որովհետեւ օրին ինք իմ էութիւնս արդէն իսկ կիսած էր։
Ամէն անգամ որ անծանօթ կամ օտար մէկու մը բերնէն իր երգերը լսեմ գաղցած, ծարաւ, եւ կարօտագին հոգիովս խենթերու նման կը քալեմ այն բոլոր ճամբաներէն, որոնք դէպի յուշերուս կ՛առաջնորդեն եւ կը ստիպեն, որ երեւակայութիւնս իր հազար թեւերով սկսի ճախրել։
Իսկապէս, որ կ՛ուրախանամ զինք «տեսնելով», ու լեզուիս վրայ հին երգ մը պար կը բռնէ։
Երգ մը, իր արշալոյսին եւ իր մայրամուտին նուիրուած։ Սակայն հակառակ այս բոլորին՝կը վախնամ իր յուզումէն։
Գիտեմ։ Այս օրերուն ինք աշխարհի բազմութեան մէջ մինակ է ու փսփսուքով կը խօսի ժամանակին հետ եւ ժամանակին մասին։ Նաեւ գիտեմ, որ իր տուները, իր բնակիչները, հիմա առանց հասցէի ալ են։ Օրերը այդպէս ստիպած են։
Անկեղծօրէն ըսելով, նոյն այդ օրերն էին, որ ինծի ալ ստիպեցին, որ երգերս մոռնամ։ Հրամայեցին արցունք չթափեմ։ Դիմադրեցի եւ չհնազանդեցայ ու միայն օգնութիւն խնդրեցի երկնքի Աստուծմէս ու յոյս մուրացի, որպէսզի երազս ապրի եւ յիշատակներս ամուր կեանքով լեցուին։
Ամէն օր նոր պատմութիւններ կը լսեմ եւ տակաւին պիտի լսեմ, մինչեւ այն ատեն երբ չեն լռած ռումբերը։ Պատմութիւններ ըսի, որոնք երբրեմն կ՛ուրախացնեն եւ շատ յաճախ ալ զիս կը դժբախտացնեն։
Անոր համար կը պահուըտիմ երազներուս ապաստաններուն մէջ, խոյս տալով ամէն փսփսուքներէ։
Կը խօսիմ առանց անդրադառնալու եւ առանց զգալու։ Միայն երբ յուշերս հին լարերուս վրայ սկսին նուագել, այն ժամանակ է, որ կ՛արբենամ։
Կը հաւատամ, որ օր մը անպայման իր մասին նոր երգեր պիտի հիւսուին։ Ու իրեն հետ ես ալ անհամբեր կը սպասեմ ժամանակի ձայնին։
Հալէպի նկարը օրին ներս մտած էր, սրտիս մէջ ու փողոցին կեանք տուող օդին մէջ տերեւներու պարին նման, զիս ալ ուրախացուցած։ Սակայն ինչպէս ըսեմ կամ բացատրեմ, տակաւին տխուր է սիրտս։ Երբեմն իր լուրերը զիս կը փոքրացնեն, կը խեղճացնեն ու կը վերածեն այն մրջիւնին, որ իր վախէն խոտերու մէջէն սարսափահար կը նայի բոյսերու տատանող ովկիանոսին։
Կ՛ըսեմ անհրաժեշտն ու ճշմարիտը։
Շատեր կը կարծեն, որ ինք այդ հողաշերտը եւ կամ ալ ամբողջ երկիրը մեռած երեւոյթ է։ Բայց հաւատացէ՛ք, ան անհագ ախորժակով լեցուն վիթխարի վիշապ մըն ալ է, որ օր մը արթննալով իր կամքը պիտի պարտադրէ։
Ինք հիմա շատ անհանգիստ է, սիրտը անորոշ, հոգին անհամբեր, դէմքը ձմրան ուշ պտուղի նման կնճռոտած, սակայն միտքը պայծառ է, անոր համար կը հաւատամ, որ օր մը իր կեանքը, որ ներկայիս բանտի վերածուած է, պիտի վերաշինէ, ու նոր մարդու թափով ինք պիտի գրէ իր կեանքի նոր պատմութիւնը, ճակատաբաց եւ հպարտ։
Եւ բոլորին նման իբրեւ հաւատաւոր հալէպցի, ես ալ հեռուէն ու մօտիկէն, այդ օրուան գալուստին կը սպասեմ՝ անհամբեր, միշտ յոյսով եւ աղօթքով:

 

No comments:

Post a Comment