Monday, October 26, 2015

ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ ՀԱԼԷՊԸ


ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԽՈՀԵՐ
ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Դարձեալ վերամուտ է
Սուրիոյ մէջ կրթութեան նախարարութիւնը վերամուտի թուականը սեպտեմբերի կիսուն որոշած է, մեր մօտ կը զուգադիպի Հայ եկեղեցւոյ հինգերորդ եւ վերջին տաղաւար տօնին, Ս. Խաչի մեռելոցի երկուշաբթին, այսպիսով ամառնային եռամսեայ արձակուրդէն ետք, վերամուտի առաջին օրը արձակուրդով կը սկսի:
Երեքշաբթի առաւօտուն մեծ հաճոյքով սուրճս կը խմեմ տանս պատշգամը, Վիլլաներու փողոցը, կողքիս` Աստուածածին եկեղեցին եւ Կրթասիրաց վարժարանը. տօնահանդէս մըն է աշակերտներու դպրոց վերադարձի պատկերը, յատուկ ուշադրութեան առարկայ են դողդոջ քայլերով ծնողներուն ձեռքը բռնած նորափթիթ հայորդիներու երթը դէպի մանկապարտէզ, կը վերյիշեմ զաւակներս, երբ առաջին անգամ յանձնած եմ հայ դպրոցի հոգատարութեան, ապրում մը, որուն նմանը չկայ, որ միայն սփիւռքահայ ծնողը կը զգայ, հայապահպանման գուպարին իբրեւ նախաքայլ, իսկ մեր մօտ այս քայլը այնքան բնածին է, որքան` նոյնինքն հայորդիին աշխարհ գալը:
Վերամուտի օրերուն դպրոցներու վարչական պաշտօնէութեան աշխատանքի տաժանակիր շրջանն է, ոչ միայն արձանագրութեան ընթացիկ գործերու, այլ նաեւ ճիգերու լարումի` նպաստընկալ աշակերտներու նիւթական միջոցները համադրելու: Զօրակոչի ընթացք կը ստանան բարեսիրական կազմակերպութիւնները, նաեւ` հայրենակցական միութիւնները, որոնց գործունէութեան հիմնական առանցքը համաքաղաքացի ծագում ունեցող աշակերտներու նեցուկ կանգնիլն է: Ուշագրաւ երեւոյթ է անհատ բարերարներու կողմէ հաստատուած յատուկ կրթական ֆոնտերը, որոնք տարեկան ճշդուած պիւտճէի մը համապատասխան թիւով ուսանողներու նիւթական հարցերը կը հոգան:
Անկախ հայեցի դաստիարակութեան վեհ առաքելութենէն` մեր երկրորդական վարժարանները հայ ընտանիք կազմելու գլխաւոր միջավայրերն են, պատանեկան առաջին սիրոյ երբեմն չարաճճի նկատուած ընթացքը որքան մեծ դերակատարութիւն ունեցած է ամրապնդելու մեր գաղութի տոհմիկ եւ անաղարտ դիմագիծը:
Սուրիահայ կրօնական, ազգային եւ զանազան բնոյթի կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն առաջնահերթ աշխատանքը եղած է հայ աշակերտին միայն հայ դպրոց յաճախելու հրամայականին իրականացումը:
Քիչ է թիւը խրոխտ նկարագրի տէր, չքաւոր եւ ամօթխած ծնողներուն, որոնք երբեմն ալ անտեղեակ նպաստամատոյց միջոցներէն, առանց աջ ու ձախ նայելու, ընդհանրապէս նախակրթարան աւարտելէ ետք իրենց զաւակները կը ղրկեն պետական վարժարաններ, ուր ուսման մակարդակը ընդունելի ըլլալով հանդերձ, հայորդին կը զրկուի հայաբոյր միջավայրէ եւ մայրենի լեզուի ուսուցումէ:
Տարիներ առաջ, վերամուտի օրերուն, երբ տեղեկութիւն մը հասաւ, թէ հայաշատ թաղամասի մը մէջ պետական վարժարան յաճախող տասնեակ մը հայ աշակերտներ նկատուած էին, անիկա Ազգային իշխանութեան օրակարգի իբրեւ առաջնահերթ հարց դրուեցաւ: Լուծումը շատ դիւրին էր: Բաղդատութիւն մը կատարելով Ազգային նախակրթարաններ աւարտած եւ Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանի եօթներորդ կարգի նորեկ աշակերտներու ցանկերուն միջեւ` ի յայտ եկան քսանհինգ աշակերտներ, որոնք մեծ մասամբ պետական վարժարաններ կը յաճախէին: Բնականաբար հարցը անմիջապէս լուծուեցաւ հայ աշակերտներու վերադարձով մեր կրթօճախները:
Այս դէպքին առիթով ուշագրաւ երեւոյթ մը, սակայն, ինքնըստինքեան թելադրականութեամբ, եկաւ հաստատելու հայ դպրոցի կարեւորութիւնը հայ ընտանիք կազմելու կարեւոր դերակատարութեան մէջ: Համեմատութիւն մը կար պետական վարժարաններ յաճախող աշակերտներէն, որոնց ծնողները կիսով հայ էին, յատկապէս` մայրերը:
Վերոյիշեալ երեւոյթին նման դէպքեր կը պատահին նաեւ այլ շրջանակներու կամ քաղաքներու մէջ: Այսպէս գործած են սուրիահայ գաղութի պատասխանատուները եւ տակաւինկը շարունակեն գեհենային մթնոլորտին մէջ, աւելի ուժեղ եւ մանաւանդ աւելի համերաշխ ու միակամ:
Տասնամեակներու ընթացքին գաղութի զանազան հոսանքներ Ցեղասպանութեան յիշատակի նախօրեակին կը հաւաքուէին ձեռնարկներու միասնական ծրագրաւորման համար եւ ձեռնարկներու գործադրութենէն ետք, 25 ապրիլին կը վերադառնային պաշտօնական յարաբերութիւններու ընթացքին մէջ:
Հնգամեայ տագնապը իր աւերը գործած է արդէն, տակաւ առ տակաւ երբեմնի սուրիահայ բարգաւաճ գաղութը կը հայաթափի: Սակայն մեծագոյն շահը հայութեան միասնակամութեան անկեղծ ոգին է, որ ծնունդ առաւ այս ահաւոր վիճակէն. աւելի ուրախ կրնայինք ըլլալ, երբ գաղութի փառքի օրերուն տեսնէինք երկու թեմերու առաջնորդներ միշտ կողք- կողքի, ժողովուրդին հետ` ժողովուրդին համար:
Ցեղասպան թուրքին մատը իր ներգործութիւնը ունի դժբախտաբար հայ ժողովուրդի միասնակամութեան մէջ ալ:
Վերամուտը աշխատանքի եղանակ է նաեւ դպրոցական կարիքներու շուկային, անձնապէս իբրեւ գրատան-հրատարակչատան սեփականատէր` աշնան կ՛ապրիմ աշակերտութեան եւ ծնողներու առօրեային հետ: Գրենական պիտոյքներու, տետրակներու, բառարաններու, դպրոցական պայուսակներու վաճառքը, անկախ նիւթական եկամուտէ, առիթ է նաեւ վայելելու հալէպահայութեան իւրայատուկ վերամուտի օրերը, այդ օրերուն ինձմէ աւելի խանդավառ ներկայութիւն է Հալէպ ամառնային արձակուրդի առիթով գրասենեակս յաճախակի այցելող Զաւէն Եկաւեանը, որուն համար հմայք ու ապրում է հայախօս մատղաշ սերունդին հետ հաղորդակցութիւնը: Ցեղասպանութեան սերունդի զաւակ երէց բարեկամս` լուսահոգի Վարդան Սվաճեանը կը սքանչանար նոր սերունդի կոկիկ, վայելուչ արտաքինին ու կը հաստատէր, որ նոր սերունդը բարւոք պայմաններու մէջ աւելի կը գեղեցկանար: Ան կը յիշէր հիւղաւաններու վերամուտը, աշակերտներուն մայրերը նպաստամատոյցներուն բաժնած ալիւրի տոպրակներով դպրոցական պայուսակներ կը կարէին, այդ օրերուն բախտաւոր էին այն աշակերտները, որոնք ձմեռնամուտին կօշիկ կ՛ունենային:
Այսպէս ամբողջ դար մը սուրիահայութիւնը, ի մասնաւորի հալէպահայութիւնը սփիւռքահայ լիճին կենսատու ջրահոս զուլալ գետը հանդիսացաւ, երկրագունդի վրայ տարածուող մեսրոպեան օճախներուն մշտավառ լոյսերը` կրթական մշակները մեծ մասամբ հալէպահայ երկրորդական վարժարաններու շրջանաւարտներու հոյլը կը կազմեն, հայ մամուլի խմբագիրներու եւ աշխատակիցներու, կղերականներու ու մշակութային մարզական միութեանց մեղուաջան անդամներուշարքը թուելը երկար պիտի ըլլայ:
Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան 2015 թուականի գրպանի օրացոյցին մէջ ուշագրաւ էր ապագայ կղերականներու` դպրեվանքէն շրջանաւարտ սարկաւագներու. տասնհինգ անուններէն տասնչորսը Սուրիոյ զանազան քաղաքներու ծնունդներ էին:
Այս պատկերը պտուղն է սուրիահայ վարժարաններու հայեցի եւ անաղարտ տոհմիկ պտղատու ծառին ու հաւատացեալ ծնողներուն:
Հիմա այդ ծառը կացինահարուած է:
Հալէպահայութեան կայծակի տարողութեամբ նօսրացումի որպէս արդիւնք` տասը հազար հաշուող հայ աշակերտութեան թիւը այս վերամուտի տուեալներով, նուազած է մէկ հինգերորդի` երկու հազարիտակաւին հոսքը չէ դադրած, այնքան ժամանակ որ պատերազմի սեւ վարագոյրը չի փակուիր, գաղթը պիտի շարունակուի, եւ մեկնողներուն վերադարձի հաւանականութիւնը պիտի նուազի:
Այս վերամուտը իրեն հետ բերաւ գաղութի մահուան բօթը, ղեկավարութեան հսկայական ճիգը հերոսական է, սակայն ընկղմող նաւին նաւավարը յանցանք չունի, ալիքը ցունամիի նման կուլ կու տայ թացն ու չորը:
Նման հայաթափում մը պատահած էր յիսուն տարիներ առաջ, վաթսունականներու սկզբնաւորութեան, եգիպտահայ գաղութին, որ քառասուն հազարէն նուազեցաւ հինգ հազարի քանի մը տարուան ընթացքին` քաղաքական եւ տնտեսական ծանր պայմաններու որպէս հետեւանք:
Նոյն ժամանակաշրջանին սուրիահայ գաղութն ալ ցնցումներ ապրեցաւ, մինչեւ եօթանասունի սկիզբը, որմէ ետք թէեւ գաղթը համեմատաբար նուազեցաւ, սակայն հոսքը փոխարինող մարդուժ միշտ կը հասնէր Հալէպ, յատկապէս Ճեզիրէի շրջանէն` Գամիշլիէն, Հասիչէէն, Տերիքէն, Ճարապլուսէն, Տերպեսիէէն, Ամուտայէն, Թել Պրաքէն, Տէր Զօրէն, Թել Ապիատէն, Արաբ Բունարէն, Ռաս Ուլ Այնէն եւ Ռաքքայէն:
Հիմա ակամայ կարգը եկած է Հալէպին մարդուժ ցրուելու քանատահայ, ամերիկահայ, աւստրիահայ, գերմանահայ, շուէտահայ, հոլանտահայ, ֆրանսահայ, զուիցերահայ գաղութներուն մինչեւ հեռաւոր Աւստրալիա, Դիմատետրի վրայ անդադար կը հանդիպինք հալէպահայ մեր աննման հայորդիներուն, որոնք կայք կը հաստատեն աշխարհասփիւռ գաղութներ ու հիմա հոն նոր աւիշ պիտի տան, այս երեւոյթը իր ուրախ եւ տխուր երեսներով կը յուշէ հետեւեալը` ծիծեռնակը բոյն կը շինէ եւ կը շինէ եւ կ՛երգէ, ամէն մէկ շիւղ, որ կպցնէ, իր հին բոյնը կը յիշէ
Ժընեւ

 

No comments:

Post a Comment