Monday, October 26, 2015

Դ­ժո­ւար Ո­րո­շու­մը


ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ

- Ի՞նչ պիտ՚ ըլ­լայ ա­սոր վեր­ջը. դեռ մին­չեւ ե՞րբ պիտ՚ դի­մա­նանք աս մղձա­ւան­ջա­յին կեան­քին: Հան­գիստ սառ­նա­րիւ­նու­թիւն մը պա­տեր է քեզ, կար­ծես ո­չինչ պա­տա­հած ըլ­լայ...։

Այս­պի­սի ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով կը դի­մա­ւո­րէր Ար­շօ իր ա­մու­սի­նը ա­մէն ան­գամ, երբ վեր­ջինս գոր­ծէն յոգ­նած տուն կը մտնէր: Գոր­ծի չգո­յու­թե­նէն յոգ­նած պի­տի ը­սէի, ո­րով­հե­տեւ պա­տե­րազ­մին ո՞վ իր ինք­նա­շար­ժը նո­րո­գել կու տար, երբ կրկին վնա­սո­ւե­լու պա­տու­հա­սը կը շա­րու­նա­կո­ւէր տա­կա­ւին:

Ու զէն­քե­րու շա­չիւն­նե­րուն հետ կը բարձ­րա­նար նաեւ Ար­շո­յին յո­խոր­տա­լի ձայ­նը: Կ­՚ու­զէր ժամ ա­ռաջ ել­լել քա­ղա­քէն ու Հա­յաս­տան հաս­տա­տո­ւիլ: Ո­րո­շում մը, որ ի­րա­կա­նու­թիւն դարձ­նե­լը այդ­քան ալ դիւ­րին չէր Մի­նա­սին հա­մար: Ան ձանձ­րա­ցած էր ար­դէն իր կեան­քը գար­շե­լի դարձ­նող կնոջ խօս­քե­րէն, ա­մէ՚ն օր նոյն յան­կեր­գը լսե­լէն. այն աս­տի­ճա­նի, որ ա­մէն ան­գամ տուն վե­րա­դար­ձին՝ մեծ դժկա­մու­թեամբ բա­նա­լին կող­պէ­քին մէջ կը փոր­ձէր մտցնել:

«Ա­հա այ­սօր ալ գլու­խը տաք­ցեր է» կը մտմտայ ինք­նի­րեն Մի­նաս ու ինք­զինք զսպե­լով ու պա­ղա­րիւ­նու­թիւն ձե­ւաց­նե­լով՝ «կ­՚եր­թանք, կ­՚եր­թանք... Աս­տո­ւած մեծ է, կնի՚կ»,- կը լո­զո­զէ կնոջ, որ քա­նի մը վայր­կեան լռէ գո­նէ...:
Տի­կին Ար­շօ ան­մի­ջա­պէս խո­հա­նոց կը մտնէ՝ ընթ­րի­քի պատ­րաս­տու­թիւն տես­նե­լու: Մտ­քին մէջ ծանր ու թե­թեւ ը­նե­լով՝ կ­՚ո­րո­շէ այս ան­գամ ա­ւե­լի հան­դարտ խօ­սիլ ա­մուս­նին հետ, մա­նա­ւանդ որ լաւ կը ճանչ­նայ իր ա­մուս­նին հրա­բոր­բոք խառ­նո­ւած­քը: Կ­՚ու­զէր կան­խել ա­մէն տե­սա­կի վէճ ու կռիւ, մին­չեւ որ իր այդ սպա­սո­ւած խոս­տու­մին ժամ­կէ­տը ի­մա­նար:

Ու սե­ղա­նին շուրջ Ար­շօ մեղմ ձայ­նով կը շա­րու­նա­կէ.-
-
Դուն լաւ գի­տես, հո­գի՚ս, թէ ինչ­քա՜ն կը չար­չա­րո­ւիմ ես տան մէջ: Ո՚չ ջուր կայ, որ շնորհ­քով լո­ւացք կամ մաք­րու­թիւն մը ը­նեմ, լո­գան­քը ան­գամ հե­րո­սու­թիւն կը սե­պո­ւի այս օ­րե­րուն... տաք­նա­լու մի­ջոց մըն ալ չու­նինք ու ամ­բողջ օ­րը կը մսիմ... քիչ մը մոր­թիս մէջ մտիր ինչ կ­՚ըլ­լաս ու զիս ալ հասկ­ցիր:

Մի­նաս, ա­ռանց ծպտուն մ­՚իսկ հա­նե­լու, լուռ մտիկ կ­՚ը­նէ ու կը շա­րու­նա­կէ կուլ տալ պա­տա­ռը, որ հետզ­հե­տէ դժո­ւա­րու­թեամբ որ­կո­րէն կ­՚իջ­նէ դէ­պի ստա­մոքս, ո­րով­հե­տեւ վեր­ջինս կա­մաց-կա­մաց կը պրկո­ւի ու սուր խոց կը պատ­ճա­ռէ ի­րեն:

Ար­շօ, Մի­նա­սի ներ­քին հո­գե­վի­ճա­կէն բո­լո­րո­վին ան­տե­ղեակ` հետզ­հե­տէ ձայ­նը բարձ­րաց­նե­լով կը շա­րու­նա­կէ իր հո­գե­րը տե­ղաց­նել. 
-
Հա­մա­ցանց ալ չկայ, որ գո­նէ skypeով խօ­սէի Յով­սէ­փին հետ, ե­լեկտրա­կա­նու­թիւն չկայ, որ հե­ռա­տե­սի­լէն յայ­տա­գի­րի մը հե­տե­ւէի: Տու­նէն ե­լած չու­նիմ, ա­մէն վայր­կեան պայ­թում, ռմբա­կո­ծում, հրաձ­գու­թիւն, ցնցում, վախ... Ի՞նչ պար­տա­ւոր ենք աս­քան չա­րիք հան­դուր­ժե­լու...:

- Փառք քեզ, Տէր, այ­սօր ալ կշտա­ցանք,- Ար­շո­յին խօս­քը կ­՚ընդ­հա­տէ Մի­նաս ու, սե­ղա­նէն ել­լե­լով, ան­մի­ջա­պէս կ­՚ուղ­ղո­ւի դէ­պի ննջա­րան՝ փոր­ձե­լով ստա­մոք­սա­յին սուր խո­ցը հան­դար­տեց­նել, ո­րով­հե­տեւ քաջ գի­տէ, որ ե­թէ նստա­սե­նեա­կը նստի, մա­նա­ւանդ հե­ռա­տե­սի­լի չգո­յու­թեան պա­րա­գա­յին, ստի­պո­ւած պի­տի ըլ­լայ լսե­լու կնոջ նոյն տհաճ խօս­քե­րը:

-Ար­դէն աս ես,- կը տրտնջայ Ար­շօ,- կ­՚ու­տես, կը խմես, կը պառ­կիս: Ծե­րա­ցար մնա­ցիր, ի՜նչ սխալ է ե­ղեր քեզ­մէ տասն­վեց տա­րե­կան մեծ կո­ղա­կից ու­նե­նա­լը: Մենք եր­բե՚ք ալ զի­րար պի­տի չհասկ­նանք...: Ու ա­ման­նե­րը ջար­դե­լու աս­տի­ճան կոշտ ու կո­պիտ կը լո­ւայ եւ կը դա­սա­ւո­րէ զա­նոնք ի­րենց տե­ղե­րը:

Դուր­սը hրաձ­գու­թիւն կայ, որ հետզհե­տէ կը զօ­րա­նայ ու կը մօ­տե­նայ: «Ան­պայ­ման որ նա­հա­տակ կը տա­նին»,- կը մտա­ծէ Մի­նաս ու վեր­մա­կին տակ պառ­կած կը սկսի խո­կալ ի­րենց այ­սօ­րո­ւան ճա­կա­տագ­րին մա­սին: Մի­թէ ի­րենք զի­րար սի­րե­լով չէի՞ն ա­մուս­նա­ցած: Ին­չո՞ւ էր աս սառ­նու­թիւ­նը, ին­չո՞ւ իր կի­նը հի­մա զինք չէր հասկ­նար ու ի­րեն թի­կունք չէր կանգ­ներ՝ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը միա­սին յաղ­թա­հա­րե­լու ու տո­կա­լու հա­մար: Չէ՞ որ դժո­ւա­րու­թեան մէջ է, որ սի­րող զոյ­գեր ա­ւե­լի կը սեր­տա­նա­յին...:

Ու իր ներ­քին ցա­ւին կը միա­խառ­նո­ւին ան­ցեա­լի վառ յու­շե­րը՝ իր փառ­քի օ­րե­րը, երբ հա­մայն գա­ղու­թին մէջ միշտ յար­գո­ւած անձ­նա­ւո­րու­թիւն ե­ղած էր ինք, նիւ­թա­կա­նով բար­ւոք, նոյ­նիսկ շատ լաւ, որ ամ­բողջ գեր­դաս­տան մը կ­՚օգ­տո­ւէր իր բաշ­խած բա­րիք­նե­րէն: Հի­մա իր ըն­կեր­ներն ու կար­ծե­ցեալ բա­րե­կամ­նե­րը ձգեր, հե­ռա­ցեր էին ու ի՚նք բո­լո­րո­վին մի­նակ էր՝ իր հո­գե­րուն մէջ ըն­կող­մա­նած:

Ան­ցեա­լի յու­շե­րու կսկի­ծին տակ ստա­մոք­սին խո­ցը հետզ­հե­տէ ձախ ձեռ­քին կը սկսի տա­րա­ծուիլ.- «Կ­՚ե­րե­ւի լաւ պաղ ա­ռեր եմ»,- կը մտմտայ ինք­նի­րեն Մի­նաս ու ափ­սո­սան­քով մը տղուն բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը կ­՚ող­բայ: Որ­քան կա­րի­քը ու­նէր ա­նոր ինք այս օ­րե­րուն: Տա­րի­քը ա­ռած մարդ էր ար­դէն ու երբ հա­զիւ պի­տի հանգ­չէր ու որ­դին ի­րեն յա­ջոր­դէր, վրայ հա­սաւ սու­րիա­կան ա­նո­ղոք պա­տե­րազ­մը ու ա­մէ­նէն ան­տա­նե­լին Հա­լէպ քա­ղա­քին վի­ճա­կը ե­ղաւ:

Ս­տի­պո­ւած ե­ղան տղան ճամ­բել հայ­րե­նիք՝ փրկե­լու հա­մար ա­մէն տե­սա­կի վտան­գէ ու յա­ճա­խա­կի դար­ձած ա­ռե­ւան­գում­նե­րէ..: Թէեւ եր­բեմն նոյ­նիսկ շատ դժո­ւա­րու­թեամբ, հե­ռա­ձայ­նա­յին կա­պով կը խօ­սին ի­րա­րու հետ եւ տղուն նո­ւա­ճում­նե­րը կը խան­դա­վա­ռեն զինք, այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ ա­նոր բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը տան մէջ մե­ծա­պէս զգա­լի կը դառ­նայ, մա­նա­ւանդ որ ի­րենց միակ զա­ւակն ալ է, ո­րուն ի՜նչ ուխ­տե­րով ու ա­ղօթք­նե­րով կրցած էին ու­նե­նալ:

Տ­ղան՝ Յով­սէ­փը, Հա­յաս­տան կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ ար­դէն իսկ կա­պեր հաս­տա­տած էր ար­տա­սահ­մա­նեան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու հետ եւ շատ լաւ կը վաստ­կէր: Գ­տեր էր նաեւ սի­րու­նիկ ու ի­րեն յար­մար աղջ­նակ մը ու զի­րենք կը հրա­ւի­րէր հայ­րե­նիք, որ ա­մուս­նաց­նէին զինք եւ մէկ յար­կի տակ միա­սին ալ ապ­րէին:

- Բայց ինչ­պէ՞ս ձգեմ քրոջս ըն­տա­նի­քը ու հե­ռա­նամ, հը՜: Տա­րի­նե­րէ ի վեր այ­րի ու հի­ւանդ քոյրս ինչ­պէ՞ս ա­ռան­ձին թո­ղում՝ կը մտմտար ինք­նի­րեն Մի­նաս: Ո՞ր մէ­կուն մա­սին մտա­ծէր խեղճ մար­դը: Ինք այս­քան բնա­կա­րան­ներ ին­չո՞ւ գներ էր ե­րի­տա­սար­դու­թեան՝ մտա­ծե­լով ա­պա­հո­վե­լու նաեւ իր մէկ հա­տիկ զաւ­կին ա­պա­գան:

Հա­պա Քե­սա­պի տո՞ւ­նը ու իր ձեռ­քով մշակուած, կեանք ու ո­գի ստա­ցած, հա­սակ ա­ռած պար­տէ­զը ի՞նչ պի­տի ըլ­լար: Տա­րի­նե­րու ամ­բողջ իր վաս­տա­կը, իր ճի­տին ար­գա­սի­քը ինչ­պէ՞ս թա­ղէր մէկ օ­րո­ւան մէջ եւ եր­թար տղուն ձեռք բա­նար: Չէ՞ որ ինք վար­ժո­ւած էր տա­լու բո­լո­րին ու շռայ­լօ­րէն նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­ներ բաշ­խե­լու աջ ու ձախ` ա­մէն ա­ռի­թի կամ ձեռ­նարկ­նե­րու: Ինչ­պէ՞ս հան­դուր­ժէր ա­ռանց դրա­մի կամ քիչ դրա­մով ճամ­բայ ել­լե­լու ա­նըն­դու­նե­լի ե­րե­ւոյ­թը: Չէ՞ որ տա­րի­նե­րէ ի վեր տա­րի­քի բե­րու­մով ինք ար­դէն նոր գոր­ծի չէր ձեռ­նար­կեր:

Խա­նութ պար­զա­պէս զբա­ղու­մի հա­մար կ­՚եր­թար ու իր տա­րի­նե­րու հա­ւա­քած վաս­տա­կո­վը կ­՚ապ­րէր: Պէտք է, որ ծա­խէր կա­լո­ւած­նե­րէն մաս մը, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նար Հա­յաս­տա­նի մէջ սե­փա­կա­նու­թեան մը տէ­րը դառ­նալ: Բայց պա­տե­րազ­մին մէջ ի՞նչ ա­ռու­ծա­խի մա­սին է խօս­քը...:

Ա­հա­ւա­սիկ մտա­հո­գու­թիւն­ներ, ո­րոնց մա­սին եր­բե՚ք չէր մտա­ծեր ի՚ր կո­ղա­կի­ցը՝ կի­նը եւ ինչ­պէ՞ս տե­ղեակ պի­տի ըլ­լար ան, երբ ինք Հա­լէ­պի մէջ մե­ծա­մաս­նու­թիւն կազ­մող այն կի­նե­րէն էր, ո­րոնց ա­ռի­թը չէր տրո­ւած բա­ցո­ւե­լու աշ­խար­հին: Սահ­մա­նա­փակ ու իս­լա­մա­կան երկ­րի մը մէջ ապ­րե­լով՝ նեղ­ցած էին նաեւ ի­րենք-զի­րենք ա­զա­տօ­րէն դրսե­ւո­րե­լու սահ­ման­նե­րը:

Ա­նոնք սո­վո­րա­կան տնա­յին տնտե­սու­հիի դերն ստանձ­նած էին եւ ի­րենց հիմ­նա­կան մտա­հո­գու­թիւ­նը կը կեդ­րո­նա­նար մի­միայն տան մաք­րու­թեան, կարգ ու կա­նո­նին, խո­հա­նո­ցին ու զա­ւակ­նե­րու դաս­տիա­րա­կու­թեան վրայ: Ա­նոնք շա­բա­թը ան­գամ մը, երբ քով-քո­վի գա­յին, իւ­րա­քան­չիւ­րը իր ձեռ­քի պատ­րաս­տած ու­տե­սով կը հպար­տա­նար եւ մրցակ­ցու­թեան պէս բան ալ կ­՚ըլ­լար կար­ծես. ա­նոնք կը խոր­հէին այն­պի­սի նոր բան մը շի­նել, որ զար­մաց­նէր ու շշմեց­նէր հիւ­րե­րը: Հա­պա հոն շրջան ը­րած խօ­սակ­ցու­թեան նիւ­թե՞­րը: Ո՚չ ա­մուս­նա­ցող կը մնար, ո՚չ ալ ա­մուս­նա­լու­ծո­ւող:

Հա­լէ­պի ան­ցու­դարձ­նե­րը ամ­բողջ քննարկ­ման կ­՚են­թար­կո­ւէին ու ի­րենց հա­ւա­նու­թեան կամ դժգո­հու­թեան կ­՚ար­ժա­նա­նա­յին: Այս բո­լո­րին մէջ, սա­կայն, կը մոռ­ցո­ւէր ա­մէ­նէն հիմ­նա­կա­նը: Ա­նոնց մեծ մա­սը գա­ղա­փար ան­գամ չէր ու­նե­նար, թէ իր ա­մու­սի­նը ի՜նչ դժո­ւա­րու­թեան գնով գու­մար կը վաստ­կէր, կամ թէ ինչ­պի­սի՜ քմա­հաճ յա­ճա­խորդ­նե­րու գո­հա­ցում տա­լով, շատ ան­գամ նոյ­նիսկ թու­քը կուլ տա­լով իր ապ­րուս­տը կը հո­գար:

Կա­րե­ւո­րը այն էր, որ ա­ռա­տա­ձեռն ու վա­յելցը­նող ա­մու­սին ըլ­լար կո­ղա­կից մը: Յե­տոյ ինչ­պէ՞ս պի­տի պատ­մէր, թէ ան­ցեալ Շա­բաթ ե­րե­կոյ «Ս­պի­տակ» ճա­շա­րան գա­ցեր էին, կամ նո­րա­բաց Town Mall եւ Carrefour եր­թա­լով որ­քա՜ն ծախ­սեր ու ի՜նչ գնում­ներ ը­րեր էին...: Ի զուր չէր, որ շատ ան­գամ այլ եր­կիր­նե­րու մէջ ապ­րող կի­ներ նա­խան­ձի ակ­նար­կով մը ի­րենց կը դի­մէին ը­սե­լով.- «­Հա­լէպ­ցի կի­նե­րը մէ­կա­կան թա­գու­հի­ներ են...»:

Ու որ­քան դուր­սի աղ­մու­կը բարձ­րա­նար, այդ­քան ի­րենց մի­ջեւ ե­ղած սառ­նու­թիւ­նը կար­ծես ա­ւե­լի կը սրէր: 
-
Դե­ղա­հա­տերդ կլլե­ցի՞ր,- հարց կու տայ Ար­շօ՝ գա­ւաթ մը ջու­րը մօ­տեց­նե­լով Մի­նա­սին:

- Չէ՚, դե­ղի ա՚լ պէտք չու­նիմ,- ձայն կու տայ իր ապ­րում­նե­րուն մէջ խո­րա­սու­զո­ւած Մի­նա­սը, որ տա­րի­նե­րէ ի վեր սրտի տագ­նա­պով կը տա­ռա­պէր ու վի­րա­հա­տու­թիւ­նը կը յե­տաձ­գէր՝ ա­պա­ւի­նե­լով միայն դե­ղե­րուն ու Աս­տու­ծոյ:

- Հո­գիս, ին­չե՜ր կ­՚ը­սես, պա­հո­ւան մը հա­մար կ­՚անդ­րա­դառ­նայ Ար­շօ ու վա­խը սրտին, մեղմ ձայ­նով մը կը շա­րու­նա­կէ.- «­Մի՚ նե­ղո­ւիր ինձ­մէ. ես մե­զի եւ մեր տղուն ա­պա­գա­յին հա­մար է, որ կ­՚ը­սեմ այս բո­լո­րը: Չէ՞ որ դուն էիր, որ միշտ կ­՚ը­սէիր մեր վեր­ջին հանգ­րո­ւա­նը հո՚ն պի­տի ըլ­լայ: Այդ­քան հայ­րե­նա­սի­րու­թիւն կը քա­րո­զէիր մե­զի. մի­թէ օ­դին մէջ ը­սո­ւած խօս­քե՞ր էին այդ բո­լո­րը»:

- Դեռ պատ­րաստ չենք այդ քայ­լը առ­նե­լու...:
-
Բայց մեր մէկ հա­տիկ տղան պի­տի չա­մուս­նաց­նե՞նք, մեր ե­րա­զան­քը, թոռ­ներ պի­տի չու­նե­նա՞նք, պի­տի չտես­նե՞նք...: Աս­տո­ւած իմ, աս ի՜նչ օ­րե­րու մնա­ցինք...- կ­՚ը­սէ Ար­շօ եւ ար­ցունք­նե­րը աչ­քին՝ ձեռ­քի գա­ւա­թը փոք­րիկ սե­ղա­նի­կին վրայ կը դնէ ու դուրս կ­՚ել­լէ ննջա­սե­նեա­կէն՝ իր տղուն ան­կող­նին մէջ քնա­նա­լու: Ար­դէն ա­միս­նե­րէ ի վեր ա­նոնք միա­սին չէին քնա­նար: Տ­ղուն կա­րօ­տը կը մա­շեց­նէր մօր սիր­տը ու իր մխի­թա­րան­քը ա­նոր ան­կո­ղի­նը, ա­նոր բար­ձը ու սե­նեա­կին մթնո­լոր­տը կ­՚ըլ­լար:

Գի­շե­րո­ւան մռայլ խա­ւա­րին մէջ, երբ ամ­բողջ քա­ղա­քը գոր­շա­ւուն սե­ւու­թեամբ կը ծած­կո­ւէր, ա­մա­յի ու լուռ փո­ղոց­նե­րուն մէջ հա­զիւ նշմա­րե­լի կ­՚ըլ­լան մու­թը ճեղ­քե­լու եւ ի­րենց տան ճամ­բան գտնե­լու հա­մար փոք­րիկ լու­սար­ձակ­ներ բռնած հատ ու կենտ տուն շտա­պող ան­ցորդ­ներ: Եր­բեմ­նի Հա­լէ­պի զուարթ գի­շեր­նե­րը վա­ղո՜ւց մոռ­ցո­ւած են ար­դէն: Ու այդ գորշ մթնո­լոր­տին մէջ, Ար­շօ տղուն սե­նեա­կին մէջ ա­ռանձ­նա­ցած կ­՚իյ­նայ յի­շո­ղու­թեան գիր­կը եւ կը մտա­բե­րէ, թէ ինչ­պէ՜ս տա­րի­ներ ա­ռաջ տու­նը կրկին կրակ ին­կած էր իր տղուն յան­կար­ծա­կի ո­րոշ­մամբ:

Յով­սէփ նկա­տե­լով, որ իր նա­խա­սի­րած ուս­ման ճիւ­ղը հոս կա­րե­լի չէր զար­գաց­նել, դի­մած էր գա­նա­տա­կան բարձ­րա­գոյն հա­մալ­սա­րան, գոր­ծե­րէն նմոյշ­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցեր, ըն­դու­նո­ւեր ու վի­զան ալ կար­գադ­րե­լէ ետք, ծնող­նե­րը ի­րո­ղու­թեան դէմ յան­դի­ման կանգ­նե­ցու­ցած էր՝ պնդե­լով, որ դուր­սը զար­գա­նա­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի ըն­դար­ձակ են, պէտք է եր­թայ ու­սա­նի: Բայց մայ­րա­կան գուր­գու­րոտ սիր­տը ինչ­պէ՜ս դի­մա­նար օ­տա­րու­թեան գա­ղա­փա­րին:

Ար­շօ գի­տէր, որ ե­թէ մէյ մը ոտք դնէր ա­րեւ­մուտք, ան­գամ մըն ալ ե­կո­ղը չէր իր միակ որ­դին: Ուր­կէ՞ գիտ­նար խեղճ կի­նը, որ օր մը օ­րանց Սու­րիոյ մէջ պա­տե­րազմ կրնար բռնկիլ ու Հա­լէպ այս ո­ղոր­մե­լի վի­ճա­կին կրնար հաս­նիլ: Ամ­բողջ էու­թեամբ հա­կա­ռա­կած էր Ար­շօ, հա­մո­զած էր նաեւ Մի­նա­սը ու եր­կու­քը մեծ պատ­նէշ հան­դի­սա­ցած էին տղուն ա­ռած ո­րոշ­ման դի­մաց: Տ­ղան մօր ար­տա­սու­քին, հո­գե­կան տագ­նա­պին ու հի­ւան­դու­թեան ի տես՝ ո­րո­շած էր պատռ­տել վա­ւե­րա­ցո­ւած թուղ­թե­րը եւ կեան­քը շա­րու­նա­կել Հա­լէ­պի մէջ՝ միշտ մէկ հա­տիկ զա­ւակ ըլ­լա­լու դժբախ­տու­թիւ­նը ա­նի­ծե­լով:

Հին յի­շո­ղու­թիւն­նե­րուն մէջ խո­րա­սու­զո­ւած՝ Ար­շօ խղճի խայ­թով մը տե­սակ մը ափ­սո­սանք կ­՚ապ­րի: Ար­դեօք սխալ չէ՞ր ի­րենց դրսե­ւո­րած այդ ժխտա­կան կե­ցո­ւած­քը: Ար­դեօք Հա­յաս­տա­նի մէջ այժմ տղան ի­րա­պէ՞ս լաւ կը վաստ­կի: Ու­րա՞խ է, գո՞հ է: Այդ պա­րա­գա­յին ին­չո՞ւ Ար­շօ ինք յա­ճախ ա­կան­ջա­լուր կ­՚ըլ­լայ սու­րիա­հա­յե­րու դժգո­հու­թիւն­նե­րուն: Ին­չու՞ յա­ճախ կը լսէ, թէ Հա­յաս­տա­նի մէջ գործ չկայ, ա­ռիթ­ներ չկան, «եր­կի­րը եր­կիր չի», տե­ղա­ցի­նե­րը կը գաղ­թեն... ե­ւայլն:

Ար­դեօք Յով­սէ­փի պա­րա­գան բա­ցա­ռու­թի՞ւն կը կազ­մէ այդ խա­ժա­մու­ժին մէջ ամ­բողջ...: Հար­ցում­նե­րու տա­րա­փին տակ շլմո­րած՝ Ար­շո­յի ար­ցունք­նե­րը շիթ-շիթ կը կա­թին: Զա­ւա­կին կա­րօ­տին հետ միայ­նակ կը զգայ այդ գի­շեր ան: Ար­ցուն­քը կը խեղ­դէ կո­կոր­դը ու ար­դէն հեղ­ձու­ցիչ դար­ձած յոյ­զե­րուն տակ կ­՚ա­նի­ծէ ըն­տա­նիք­նե­րը բա­ժան-բա­ժան ը­նող պա­տե­րազ­մի տէ­րե­րը:
Զօ­րա­ւոր ռմբա­կո­ծում մը եւս կը լսուի դուր­սէն ու այս ան­գա­մո­ւա­նը ա­հագ­նա­ցած էր ար­դէն: Ամ­բողջ շէն­քը կը դղրդայ: Այդ ա­հագ­նու­թեա­նը մէջ Մի­նաս ա­ւե­լիով կը խեղ­ճա­նայ ու միտ­քին մէջ կ­՚ար­ձա­գան­գէ՝ «Տ­ղադ պի­տի չա­մուս­նաց­նե՞նք, տղուդ կող­մէ թոռ­ներ պի­տի չտես­նե՞նք...» կնոջ վեր­ջին խօս­քը:
Ի վեր­ջոյ այդ գի­շեր ո­րո­շում կը կա­յաց­նէ Մի­նաս: Վա­ղը ա­ռա­ւօտ Ար­շոն ու­րա­խաց­նել ու յայտ­նել, թէ կը մեկ­նէր հե­տը ա­յո՚, պայ­մա­նաւ որ ինք միայն մէկ ա­միս հոն պի­տի մնար, հայ­րա­կան պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը բո­լո­րը պի­տի կա­տա­րէր, ա­մուս­նաց­նէր տղան, ու­րա­խաց­նէր ու ի­րենց ու­րա­խու­թիւ­նը տես­նե­լով՝ ինքն ալ ու­րա­խա­նար, յե­տոյ կրկին վե­րա­դառ­նա­լու հա­մար ի՛ր տու­նը, ի՛ր բոյ­նը, ի՛ր ան­կիւ­նը եւ ի՛ր մա­հի­ճը:

Ա­ռա­ւօտ կա­նուխ Ար­շօ ար­ցուն­քոտ աչ­քե­րը հա­զիւ կրնար բա­նալ՝ ու­ռած կո­պե­րուն ճնշման տակ: Այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ, կա­մա­ցուկ մը կ­՚ել­լէ տե­ղէն, ա­մուս­նոյն նա­խա­ճա­շը կը պատ­րաս­տէ, ա­մէն օ­րո­ւան պէս սան­տո­ւիչ­ներ կը փաթ­թէ՝ Մի­նա­սին հետ խա­նութ ղրկե­լու հա­մար եւ, հա­մով սուրճ մը պատ­րաս­տե­լէ ետք, կը մտնէ ննջա­սե­նեակ՝ տես­նե­լու...
-
Մի­նա­սը ի՛ր մա­հի­ճին կառ­չած՝ յա­ւի­տե­նա­կան քու­նի մէջ, իսկ բար­ձին քով... դե­ղե­րը շա­րո­ւած:

 

No comments:

Post a Comment