Monday, September 7, 2015

Ձեռքերը


Այսօր, փողոցը կտրած պահուս ականջալուր եղայ երկու երիտասարդներու վիճաբանութեան: Ականջիս զարկաւ մանաւանդ « ձեռ ես առնում» արտայայտութիւնը: Շատ լսած եմ հոս այս դարձուածքը եւ գիտեմ նաեւ որ մէկը ծիծաղի կամ ծաղրի ենթարկել կը նշանակէ: Բայց ձեռ(ք) առնելուն եւ ծաղրելուն միջեւ եղած կապը կը դժուարանամ գտնել: Հայերէնի դարձուածքները շատ հարուստ են ու անկրկնելի:Արեւմտահայերէնի մէջ, գիտեմ օրինակ, «ձեռք խնդրել», «ձեռք տալ», «ձեռք մերժել» թեւաւոր խօսքերը, որոնք բոլորովին այլ իմաստով կը գործածուին: 
«Այս ձեռքերը, ինչե՜ր ասես որ չեն առել այս ձեռքերը...» եւ ոչ միայն մօր ձեռքերը: 
Եթէ մարդու մը «ձեռքը թեթեւ է», կը նշանակէ ճարպիկ է ու գործունեայ, իսկ եթէ հակառակը, «ծանր է »՝ անյաջողակ: Բայց չըլլայ թէ «ձեռքը ծուռ» ի հանդիպիս, զգոյշ պէտք է ըլլաս, որ չգողցուիս: Եթէ «ձեռքը բաց է», ուրեմն՝ առատաձեռն է, բայց վա՜յ « ձեռքը գոց» ամուսին ունեցող կիներուն: Հապա ի՞նչ ըսել « ձեռքը նեղ» եղողներուն...: 
«Ձեռքէ երթալ»՝ ուշակորոյս ըլլալ:
«Ձեռքերը լուալ»՝ հրաժարիլ բարեկամութենէ կամ ստանձնած գործէ:
«Ձեռքերը աղտոտել»՝ նուաստացուցիչ գործ ընել:
Իսկ բարեւելու նպատակով « ձեռքդ սեղմել»ու կերպէն դուն կ'իմանաս բարեկամիդ բարեկամութեան աստիճանը : 
Երբ գործը « ձեռքդ համբուրէ» կը նշանակէ, որ կը խնդրէ որ աշխատիս: Իսկ գործդ յաջողելու համար երբ ուրիշ մը « ձեռք կը մեկնէ», կը նշանակէ որ օգտակար պիտի ըլլայ քեզի: Հապա եթէ «ձեռքը քաշէ», ուրեմն գիտցիր որ առանձինդ պիտի աշխատիս, որովհետեւ կը նշանակէ, որ ինք կը հրաժարի այդ գործէն:
Վա՜յ անոր որ ուրիշի «ձեռքը կ'իյնայ» կամ « ձեռքը կ'անցնի»՝ անոր «ձեռքէն ազատում » չ'ունենար: «Ձեռիցս չես պրծնելու» պիտի ըսէր արեւելահայ մեր հայրենակիցը: 
Ձեռքը եթէ առանձինը չյաջողի, վրայ կը հասնի ոտքը: Ու՝ « ձեռքով ոտքով գործի կը լծուի»: «Ձեռքն ու ոտքը իրար կ'անցնի», իսկ երբ իր գործը կարողացար «ձեռքի բերել», այն ատեն ալ « ձեռքդ ոտքդ կը համբուրէ»՝ առ ի երախտագիտութեան նշան: 
Իսկ մեզմէ ո՞վ չի սիրեր «ձեռքերուդ դալար» քեզի ուղղուած օրհնանքը մեծերուն՝ որպէս գոհունակութեան նշան, պատրաստած համեղ ճաշիդ ի պատասխան,օրինակ: 
Այս ամէնէն վերջ կը մաղթեմ, որ մի'շտ ձեր «ձեռքերը ոսկի ըլլան», ու ինչ գործ որ բռնէք ՝ յաջողութեամբ պսակուի:
Սօսի Միշոյեան Տապպաղեան

No comments:

Post a Comment