Monday, September 7, 2015

ԹԱՐՄ ՅՈՒՇԵՐ


Գնումի համար շուկան կը շրջիմ, 80-ի մօտ կին մը դողահար կը փորձէ վերցուցած հացերը տոպրակին մէջ տեղաւորել, օգնութեան ձեռք կ՛երկարեմ, կը տեղաւորենք միասին, դէմքիս կը նայի ու չեմ գիտեր ինչպէ՞ս կը կռահէ. «Օտա՞ր ես, Հալէպէն ես չէ՞ », լեզուն արևելահայերէն չէ, բայց արևմտահայերէնն ալ յստակ չի խօսիր, «այո» կ՛ըսեմ ու տարեցին աչքերը կը փայլին, կարծես երկար ժամանակէ ի վեր կարօտով յիշած բան մը տեսած ըլլար։ Երջանկութիւն կը զգամ անոր նայուածքներուն մէջ, կը ժպտայ ու կը շարունակէ.
«Ես ալ Հալէպէն եմ, աղջիկս։ Մենք հոս եկանք 1946-ի հայրենադարձներու խումբին հետ։ Շատ դժուար տարիներ անցուցինք։ Ուտելու հաց իսկ չունէինք։ հիմա այդ ժամանակներուն հետ բաղդատելով շատ լաւ է վիճակը, բայց նորէն ալ ապագայ չի խոստանար»։
Հարցումներ կը տեղայ, բայց պատասխանները լսելով ժամանակ չ՛ուզեր կորսնցնել, կարծես խօսելով կ՛ուզէ իր յիշատակները վերապրիլ, ապա.
«Անունս Աննա է։ Մենք կը բնակէինք Կիւրինցիներուն քէմբը, հայրս Քասթալ Մուշտ թաղամասը սուրճի խանութ ունէր, ես Հայկազեան մանկապարտէզի շրջանաւարտ եմ, դժբախտաբար չեմ յիշեր իմ ուսուցչուհիներուս անունները, միայն կը յիշեմ մեր գանգռահեր արաբերէնի ուսուցչուհիի դէմքը, շատ սիրալիր էր։ Կը յիշեմ նաև մեր դպրոցին կից եկեղեցին՝ Քառասուն Մանուկ էր չէ՞ անունը (գլխով այոս տեսնելով կը կրկնապատկէ ժպիտը), շաբաթը մէյ մը եկեղեցի կ՛ուղղէին մեզի մեր ուսուցչուհիները...»։ 
Կ՛ընկերակցի ինծի, կը ցանկայ ձևով մը օգնել, ցոյց կու տայ յարմարագոյն և դարմագոյն մթերքները, բանջարեղէններս ինք կ՛ընտրէ, կաթնեղէններուն մօտ կը զգուշացնէ թուականներուն ուշադրութիւն դարձնել, մինչ կը շարունակէ իր նիւթերը, ընտանեկան պարագաներ, զաւակներուն և թոռներուն մասին տեղեկութիւններ։ Անզգալաբար արդէն գնումը աւարտած ու դուրսն ենք շուկայէն ։ 
Տիկ. Աննան տակաւին կը խօսի, չ՛ուզեր հրաժեշտ տալ, հազիւ գտած է իր ծննդավայրը յիշեցնող մը. «հեռախօսս հետս չեմ առած, աղջիկս, արձանագրէ՛ իմ թիւը և անպայման զանգէ, երբ որ ըլլայ, մեղքը վիզդ, եթէ բանի մը պէտք ունենաս անպայման ինծի կը դիմես, մեր բնակարանը հոս է (ցուցամատով ցոյց կու տայ), դուն ո՞ւր կը բնակիս», «մօտ եմ ձեզի» կ՛ըսեմ, «աւելի լաւ, ուրեմն յաճախ կը տեսնուինք», «Անպայման, Տիկ. Աննա, կը տեսնուինք ու երկա՜ր կը զրուցենք, շատ հաճելի էր»։
Ապշահար կ՛ուղղուիմ բնակարանս, 69 տարիներ ետք տակաւին Տիկ. Աննան կը պահէ իր ծննդավայրի յուշերը, կը պահէ իր լեզուն՝ արևմտահայերէնը, կը հրճուի ծննդավայրէն մէկը տեսնելով։ 
Անկասկած Տիկ. Աննա, պիտի գամ, որ դարձեալ վայելեմ ձեր քաղցր լեզուն ու երջանկութիւնը։
Անի Բրդոյեան

No comments:

Post a Comment