ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Որքան ճիշդ է առածը, որքան իմաստութիւն կայ ժողովրդային առածներուն եւ ասացուածքներուն մէջ. այո', "կրակը ինկած տեղը կ'այրէ": Ցաւն ու կսկիծը, որքան ալ բարեկամներ փորձեն կիսել ու ցաւակից դառնալ, որքան ալ "ցաւդ տանիմ" ըսեն, միեւնոյնն է, քու ցաւէդ բան չի պակսիր, քու ցաւդ դուն պիտի տանիս, ցաւը անբաժանելի է: Հալէպի ցաւը, իր զգացածին տարողութեամբ ու ահագնութեամբ հալէպցիէն զատ մարդ չի կրնար զգալ: Մենք այստեղ ու այնտեղ ցան ու ցիր եղած, որքան ալ նեղուինք, ցաւինք, անտրամադիր դառնանք, միեւնոյնն է, հրթիռակոծումի ու պայթումներու ձայներէն խլացողներու ցնցումը չենք կրնար ունենալ. թաս մը ջուրով գլուխ լուացողին հոգեվիճակը չենք կրնար ունենալ: Ասոր համար մարդ պէտք չէ դատապարտել: Կրակէն հեռու մնացողը յանցաւոր չէ որ չայրեցաւ: Հալէպ ջուրի տագնապ կայ ըսելով, Հայաստանի մէջ գարեջուրի, կամ լաւաշ հացի փառատօններ կազմա- կերպելը սխալ պէտք չէ նկատել: Այո', կը ցաւինք, որ այստեղ վայելք կայ, երբ Հալէպ զուրկ է այդ վայելքէն, սակայն մենք զմեզ չենք զրկերհաճոյքին մասնակից դառնալէ, մենք զմեզ չենք պատժեր չմասնակցելով ու չուրախանալով: "Գանձասար"ի մէջ կը կարդանք տագնապին արձագանգող յօդ- ուածները, կը նայինք նկարներուն, կը ցաւինք, գլուխնիս կը տարուբերենք, վախ-վախ կ'ըսենք ու կ'անցնինք: Այս է իրականութիւնը եւ զայն քօղարկելու պէտք չունինք: Միւս կողմէ կը տեսնենք անվերջանալի շարքերը Երեւանի բարե- սիրական կեդրոններէն նպաստ ստացողներուն, իրենց վերջին կտոր ոսկեղէնը ծախողներուն: Կը տեսնենք "Մեղեդի" սրճարանին մէջ, սեղաններու շուրջ, անգործ, անտրամադիր ու անժպիտ դէմքերով հալէ- պահայեր, որոնք իրենց ամէնօրեայ սուրճը կը խմեն, կը ծխեն ու իբր թէ մտիկ կ'ընեն իրենցմէ մէկուն քաղաքականութեան վերլուծումը, երբ իրականութեան մէջ աչքերով խօսողին կը նային, սակայն մտքով հոն չեն, Սուրիա են եւ իւրաքանչիւրը իր կորսնցուցածները կ'ողբայ, իր անորոշ ճակատագիրին համար կը տխրի, իր չարաչար աշխատանքով խնայած դրամին արագ-արագ հալիլը կ'ափսոսայ: Կը տեսնենք մնացողին ալ, գացողին ալ վիճակը: "Եթէ ասանկ շա- րունակուի, մէջտեղ պիտի մնանք" ըսողներուն թիւը երթալով կը շատնայ: Կրակը ինկած տեղը կ'այրէ: "Սեպեպ եղողը, քեպապ թող ըլլայ" ուզածիդ չափ անիծէ, օգուտ չունի. կրակը ինկաւ՝ պիտի այրէ: Ամէն մէկը իր խաչը պիտի տանի: Իրարու վիճակէ հասկնանք ու գոնէ իրար չցաւցնենք, մինչեւ... Այս "Մինչեւ"ն է, որ սիրտ կը մաշեցնէ: Հրշէջ ալ չկայ որ կրակը մարէ:
No comments:
Post a Comment