Friday, September 4, 2015

ԳԱՂԹ


ՄԱՆՐԱԴԻՏԱԿ կը գրէ.

"Գաղթ "ը բառարանային իմաստով կը բացատրուի որպէս երթ դէպի օտարութիւն, բնակավայրի լքում: Աւելի մանրամասն ՝ տեւական բնակութիւն հաստատուած վայրի լքում, փոխադրութիւն այլ ափ կամ ցամաքամաս: Հայերէն լեզուի բարդակազմութեան առաւելութեամբ«գաղթ»ը ներգաղթի վերածուելով կը նշանակէ գաղթել դէպի հայրենիք: Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի յաջորդող տարիներուն Սփիւռքի հայութեան համար այս բառը մեծ նշանակութիւն ունեցաւ, երբ հայրենակարօտ, չքնաղ երազներով ծանրաբեռնուած հայորդիներ կարաւաններու շարքերով ներգաղթեցին հայրենիք: Արտագաղթ եւս բարդ բառ հականիշն է ներգաղթին, որուն միջոցաւ "Հայաստան առանց հայի"հետապնդուած թաքուն նպատակը կ'իրականանայ... Սովետական Միութեան կարգերու փլուզումէն ետք ու մինչ թուականս արտագաղթը կը շարունակէ քայքայիչ իր դերը կատարել: Թռչնազգիներու մէջ ծիծեռնակը կը յատկանշուի որպէս գաղթող թռչուն, անոր թեւերուն եւ մարմինին կազմուածքը կը նպաստէ թռչելու հազարաւոր մղոններ, դէպի տաքուկ երկիրներ:«Գաղթ»ը այս օրերուն հալէպահայուն համար ճակատագրական իրողութիւն է: Երբեմն քաղաքին մէջ վտանգաւոր գօտի ստեղծուելով կամ քանդումի հետեւանքով մարդիկ սեփական բնակարանէն մասամբ ապահով վայրի մէջ գտնուող այլ բնակարան անցնելով, պարտադիր գաղթի իրավիճակի դէմ յանդիման կը գտնուին, երբեմն կը գաղթեն քաղաքէն դէպի նոյն երկրի ծովեզերեայ ապահով քաղաքները... ու ընդհանրապէս տուն, հարազատներ, մանաւանդ տարեց ծնողներ ետին ձգած կը հեռանան երկրէն: Հարիւր տարի ետք գաղթի ցուպը ձեռք առած թափառական հայը կը հեռանայ իր ծննդավայրէն, հեռանկարները կը տարբերին իւրաքանչիւրի ընբռնումին ու համոզումին հետ: Բոլորը ծիծեռնակի նման տաքուկ երկիր որոնող չեն, սառուցեալ գօտիներու սիրահարներ ալ կան, ուր կլիման թէեւ դաժան է, բայց սառոյցի կողքին գրպանը տաք պա- հող պայմաններ կան, անհամար գործատեղիներ, սուփէրմարքէթներ, ուր կարելի է որեւէ աշխատանք գտնել...: Անկասկած ապրուստը կեանքի յարատեւման էական պայմաններէն է, այսպիսի խառն պայմաններուն մարդիկ խուճապահար կը փախչին: Շատեր կը նախընտրեն եւրոպական երկիրներ, ուր հասնելու հնարաւորութիւնը կը կարօտի հանգրուանային, նիւթական, օրինական պայմաններու: Դէպի հայրենիք նետուող կամուրջէն անցագիր ստանալով առաջին հանգրուանի անցումը կը կատարուի, յաջորդին՝ վիզա ճարելն է, ապա երբեմնի ցանկալի անցագիրը ոչնչացնելով գաղթականի կարգավիճակով հասնիլ եւրոպական քաղաքը ու մարդասիրական ապաստանութեան օժանդակութեան դիմելով, ապահով ձեռքերու մէջ քամփի բարեմասնութիւնները վայելել...: - Հայկական անցագիրդ պիտի պատռես, մէյ մը ոտքդ դրիր հոն՝ ուտելու, խմելու հարցերդ լուծուած են, աչքերդ, ուղեղդ բաց ու նոր լեզուն սորվիր, գործ ալ կ'ունենաս, ընտանիքդ ալ բերուշան չþըլլար, ինչ կ'ըլլայ քիչ մը պիտի տոկաս,- կողքէն կը յուշէ տիկին մը, որուն զաւակը նոր մուտք գործած է քամփային դրախտավայր: Կար ժամանակ, երբ խնճոյքի սեղաններուն վրայ բաժակ բարձ- րացնելով մեր ծնողները կ'երգէին «Հայաստան, երկիր դրախտավայր»: Այս օրերուն պարզապէս ոչ ոքի, ոչինչ կրնաս թելադրել...: Իսկ «գաղթ»ը կը շարունակուի դէպի զանազան ուղղութիւններ:

No comments:

Post a Comment