Friday, September 4, 2015

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՕՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ (ԾԱ.)


ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ - ՄԻՆԱՍԵԱՆ
"Յոյսը վերջինը կը մեռնի": Եթէ նկատած էք ՝ ասոյթներու, առածներու հանդէպ թուլութիւն ունիմ: Հաւատացէ'ք, ոճաւորում ստեղծել չէ նպատակս. պարզապէս, երբ գաղափար մը կը ծնի, անմիջապէս, բարի յուշկապարիկի պէս՝ մայրս կը յայտնուի եւ կը յուշէ իմաստուն խօսք մը: Այս օրերուս յաճախ կը խորհիմ մարդու համբերութեան ու յատկապէս յուսալու կարողութեան շուրջ, եւ ահա առակախօս պարիկս յուշեց՝ "Յոյսը վերջինը կը մեռնի": Նման միտք մը անտարակոյս երջանիկ ու ապահով վիճակի ծնունդ չէ. անոր մասին յիշելու հարկ չունին ապահով ու քաղաքակիրթ պայմաններու տակ ապրողները: Անոնք կ'ապրին իրենց առօրեան, կարելիութիւն ունին ձգտելու աւելի լաւին եւ երկրային կուռքերէն կախեալ չեն: Կարիքաւորներու եւ զրկուածներու կողմէ ստեղծուած ու անոնց համար է այս իմաստութիւնը: Արդէն չորրորդ տարին է, որ այս իմաստութեան սեփական փորձով համոզուած է եւ զայն կը ծամէ սուրիացին, նա'մանաւանդ՝ պաշարուած Հալէպի մէջ տակաւին մնացողը: Թէեւ ժողովրդական ասոյթները կը խտացնեն հարիւրամեակներու փորձառութիւն, սակայն իւրաքանչիւր սերունդ ու անհատ կեանքը կը ճանչնայ իր միջավայրի ու ապրած պայմաններու ազդակներու տակ: Ես ալ, իմ անձնական փորձովս եւ այս տառապող քաղաքին վիճակը ճանչնալով, կը կրկնեմ ու կը հաստատեմ՝ "Յոյսը բնա'ւ չի մեռնիր": Եթէ մեռնի յոյսը, մարմնապէս տակաւին ապրող մարդը, կորսնցուցած իր առանցքը, ինքնութիւնը՝ անկամ, անուղի, հոսանքին հետ քշուող խլեակ մըն է: Այնքան ատեն որ մարդը ինքնուրոյնաբար որոշումներ կ'առնէ, կը գործէ, կը յարաբերի, ան տակաւին կը յուսայ: Որ չի մեռնիր յոյսը՝ փաստը այս քաղաքին բնակիչներն են, չորսուկէս տարիներու ընթացքին բազում ու անհաշիւ անգամներ յուսադրուած, ապա կրկին յուսախաբ, պատրանաթափ եղած, սակայն միշտ նոր յոյսի շիւղի փարելու պատրաստ, հրաշքի սպասումով: Քանի դեռ մարդը կը մնայ այս այրուող հողին վրայ եւ հեռանալու անկարող է կամ մնալու վճռակամ՝ ուրեմն կը յուսայ: Յաճախ պատահեցաւ, որ կարծես մարեցաւ մեր վերջին յոյսը, սակայն նորէն ու կըրկին հորիզոնին վրայ նշուլեցաւ, կայծկլտաց նորը: Այսպէս կ:ապրինք հնամենի եւ բազում անգամներ կըռուախնձոր դարձած այս քաղաքին մէջ, որուն տակաւին կանգուն ըլլալը արդէն յոյսին անմահ ըլլալուն մասին կը խօսի: Ոմանք կը յուսան եւ ապաւինած են Երկինքին (անոնց է երկնային արքայութիւնը): Ուրիշներ, թէեւ կը կրկնեն՝ "Այս հարցը երկար պիտի տեւէ", սակայն նաեւ կը յուսան, թէ երկրաւոր "աստուածներու"քաղաքական խաղերն ի նպաստ մեզի կրնան բարեշրջուիլ ու նաեւ կը հաւատան իրենց ապրելու իրաւունքին: Ոմանք կը յուսան, թէ տեղական մեծ ու պզտիկ իշխանաւորները, իրենց դիրքերու ու շահերու մտահոգութիւններէն զատ՝ պիտի ուզեն եւ պիտի կարենան ժողովուրդի կենցաղային կարիքները բարելաւել: Ուրիշ ինչերո ՞ւ կը յուսան Հալէպ մնալ յամառողները. օրինակ՝ քաղաքիս մէջ արդէն մոռցուող, կարծես երազի մէջ տեսած երեւոյթ՝ համացանցի վերականգնումին կրնա՞ն յուսալ-նախանձելի՜ լաւատեսութիւն պիտի ըլլար... Ելեկտրական հոսանքի կանոնաւոր (կամ՝ ոչ կանոնաւոր, գէթ պարբերական, երբե՜մն) միացումի՞ն հաւատան. հազի'ւ թէ: Սակայն ամէն մարդ գիշեր-ցերեկ բաց կը ձգէ կոճակները. հրաշքի մարդ միշտ կ'ուզէ հաւատալ, եւ... նոյն ատեն կը շարունակեն գրպաններ պարպել, փրկակար "ամփեր"գնելու համար... Մեր ծորակներուն դե՞րը յիշել կը յուսանք: Քաղաք մը ամբողջ, լեզու դարձած, "ջուր"բառը կը հոլովէ: Այլեւս ջիղեր խանգարելու չափ, թէ' առօրեայ զրոյցներու, թէ' գրաւոր խօսքի մշտական նիւթ ու գանգատ է ջուրի կարօտը՝ "Ջուր չկայ", "Ջուրը չեկաւ","Պիտի գայ եղեր", "Առանց ջուրի...", "Ջուրը կեանք է...", "Եկեղեցւոյ քովէն ջուր բերի", "Ղազանը (ջրամբար) երեք ու կէս հազարի լեցուցի", "Մերինները աւելի աժանի կը լեցնեն..."եւայլն, եւայլն... Այլեւս կ'ուզես պոռալ՝ "Լռէ'"(առանց "հաճիս"ի): Բայց չմոռնանք ալ "չարիքի մէջ բարիքը"՝ քաղաքիս այս պայմանները ի՜նչ պիզնէսներու եւ արհեստներու դուռեր բացին. մարդիկ որքա՜ն խնայող ու հնարամիտ դարձան. նոյնիսկ՝ մանուկները, որ ջուր խմելու համար մօրմէն հրաման կը խնդրեն՝ "մամա՜, կրնա՞մ ջուր խմել": Յուզիչ հնազանդութիւն է, չէ՞...Հալէպի բնակիչները պայմաններու բերումով ուղեղի գործելու կարողութեան տոկոսը որքա՜ն բարձրացուցին, նոյն ատեն հոգիներու որքա՜ն դուռեր կղպուեցան, եւ քսակներ ուռճացան՝ արեան գոյնով ներկուած...Ասոնք նիւթեր են, որոնց ապագայի անաչառ (պէտք է որ գտնուին) պատմաբանները պիտի անդրադառնան... Իսկ ես ակամայ վերադառնամ մեր "արջի երգին": Քանզի ծարաւն ու անյարմարութիւնները, կենցաղային մանրուքները (երանի՜անոնց, որ ըսուածը չեն պատկերացներ) թոյլ չեն տար միտքդ կեդրոնանայ այլ հարցի վրայ, ուր մնաց՝ աւելի ազնիւ գաղափարներու...Այս օրերուն Հալէպի մէջ ոեւէ մահկանացու չես գտներ, որ անտարբեր անցնի ջուր կրողներուն, տակառներով ջուր ծախող մեքենաներուն քովէն... Ես ալ անձկութեամբ կը դիտեմ պատշգամէն: Առտու կանուխ աշխուժութիւն կայ շատոնց ամայացած մեր թաղին մէջ: Կողմնակի թաղերէ մարդիկ՝ այրեր, կիներ, ծերեր, մանուկներ, առած շիշեր, տակառիկներ, դոյլեր ու այլազան ամաններ, մօտակայ եկեղեցւոյ մայթին տեղադրուած՝ հորի ջուր մատակարարող կեդրոն կ'աճապարեն: Ահա', ի՜նչ կը դժգոհիք, ասոր պէս քանի տեղ մարդիկ ձեզի ջուր կը մատակարարեն, այն ալ՝ պալա՜շ. առէ'ք, լիացէ'ք: Աւելի քան ութսունամեայ կին մը, տոտիկ-տոտիկ ոտքերը փոխելով, երկու տակառիկ առած՝ կ'երթայ դէպի աղբիւրը լոյսին... չէ', կեանք-ջուրին: Անդին ծերունի մը, արդէն խճողումէն ելած՝ մէկ ձեռքով կռթնած գաւազանին, միւսով սայլակ կը քաշէ. մեծ աման մը ջու՜ր կը տանի տուն (սայլակի "պիզնէս"ը զարգացաւ): Ծեր, վտիտ ու անուժ կին մը, երկու ջրամաններու ծանրութեան տակ երերուն՝ մայթին վրայ ութ գծելով կը քալէ. բնաւ վստահ չեմ, թէ ի վերջոյ պիտի չտապալի... Կը դիտեմ, կը պրկեմ իմ ալ բազուկներուս մկանները. անոնք կրնա՞ն երկու դոյլ ջուրը հինգերորդ յարկ հանել: Ուրիշ ճար ունի՞մ. ընելիքս կը խորհիմ ու ի վերջոյ՝ համոզուած, թէ յատուկ ինծի համար երկնային մանանայ պիտի չիջնէ, համոզուած, թէ այս քաղաքի բազմաչարչար բնակիչներէն ոչինչով նուազ կամ առաւել եմ, համոզուած, թէ ջուրը կեանք է, եւ թէ իւրաքանչիւր, ամէնէն պազունակ ճշմարտութեան ալ միայն սեփական մորթիդ վրայ զգալով հասու կը դառնաս, համոզուած, թէ բնութեան ոսկէ մէկ օրինաչափութեան՝ պայ- մաններուն վերայարմարելու, ձեւափոխուելու, օրինակ՝ քարի յատկանիշ ունենալու կատարելութեան չեմ հասած եւ տակաւին ջուր խմելու պէտքը կը զգամ, համոզուած, թէ լոգանքի ու տարրական մաքրութեան հաճոյքը առանց ջուրի անհնարին է, նաեւ անհնարին է կեանք առանց ջուրի (իսկ իմ կեանքը- մահը կը հետաքրքը- րէ՞ ոեւէ մէկը), համոզուած, թէ ջուրը զգալու հաճոյքը հոս ու ներկայիս կախուած է կա'մ գրպանէդ, կա'մ մկաններէդ, համոզուած, թէ միջազգային բարեսիրական կազմակերպութիւններ մեր ջրային հարցերուն միջամտել-միջնորդելէ յոգնեցան, մանաւանդ՝ ընդդիմադիրներուն ձանձ- րոյթ չտալու համար որոշեցին, թէ մենք տոկուն ժողովուրդ ենք եւ գա- ցին քիչ մըն ալ Ուքրանիոյ հարցե- րը լուծելու, համոզուած, թէ քաղաքիս ղե- կավարութիւնը այլեւս հասած է ջուրի կարիքը չզգալու կատարելութեան (կաթի՞ մէջ կը լողան) եւ, անկասկած, աւելի կենսական, վսեմ ու մեծաթռիչ ծրագիրներ կը հետապնդէ, օրինակ՝ "Մօ՜տ յառաջիկային արեւէն ու հողմերէն ելեկտրական հոսանք պիտի քամենք (մետասաներորդ ժամու աճապարանքով), քաղաքիս արտէսեան (ընդերքի) ջուրերու համար հարիւրաւոր հորեր պիտի փորենք (ապառնի ժամանակ) ու մօտ, շատ մօտ ապագային ձեր տուները ջուրով պիտի ողողուին", կը յուզուիմ ու կ:երգեմ՝ "Երե¯ք (ու կէ'ս) տարիս իզո¯ւր անցաւ..."... Առաջարկ մըն ալ ես ընե՞մ՝ կ:ըսուի, թէ Մարս-Հրատին վրայ ջուր գտնուած է. չբերե՞նք... վերջապէս, "համոզուած"ներովս զձեզ չձանձրացնելու համար, որոշեցի՝ ա) զիրենք ազատել լուսաւոր, մեծաթռիչ ու անրջային խոստումներ տալու հարկադրանքէն (պէտք է, չէ՞, որ յոյս տան ժողովուրդին), բ) թոյլ տալ, որ մարդիկ այլեւս ձերբազատին իմ "տարտս քաշելու"հարկադրանքէն եւ զբաղին աւելի ազնիւ՝ հաշուելու, կիսուելու գործերով, գ) թոյլ տալ, որ իրենք իրենց գլուխը քերեն, ես ալ իմ եղունգներս աճեցնեմ, դ) ի վերջոյ՝ օգտուիլ ջուր խմելու իմ իրաւունքէս (քանի դեռ հորերն ալ չեն ցամքած)... եւ երկու դոյլ առած՝ ինքս ալ դիմեցի դէպի եկեղեցի: Կը մխիթարէի ինքզինքս, թէ միթէ՞ մեր նախամայրերը տունին մէջ մշտահոս ծորակներ ունէին: Անոնք՝ դեռ մատղաշ աղջիկ ու հարս՝ առտու կանուխ աղբիւր կ'եր- թային, չէ՞... Թէեւ ես շատոնց մատղաշ չեմ, խոստովանիմ որ եօթանասունին կը մագլցիմ, սակայն ի¯նչ փոյթ. ներկայ գիտութիւնը կը պնդէ, թէ մարզանքը (յատկապէս ծանրաբարձութիւնը) կ'երիտասարդացնէ ու կ'ամրապնդէ: Եթէ ցարդ հոգեւին ու բարոյապէս մարզուիլ կը փորձէի, այսօրուընէ սկսեալ նաեւ պիտի ծնրապնդուիմ, մէջքապնդուիմ ու մկանապնդուիմ: Փորձեմ կրկին ըլլալ այն աղջնակը, որ սարերուն բազմած իր գիւղին մէջ առտուները դէպի անտառափէշին, մշտախոնաւ ձորակին մէջ կարկաչող ականակիտ աղբերակը կ:երթար, եղնիկներու խմած ջուրէն առնելու (յուզիչ չէ՞): Դեռ ձեզի աւելի յուզական մթնոլորտ ու քնարական տրամադրութիւն տալու համար մանկութենէս եկող պայծառ յուշ մըն ալ նշեմ: Օգոստոսեան տաք օր մը, (այսօրուան պէս) դրացիներ մեր թթենիի շուքին նստած՝ պաղ ջուր կ'երազէին (մեզի պէս՝ ո'չ ելեկտրականութիւն կար, ո'չ սառնարան...): Տարիքոտ այր մը, որ բնաւ տեղեակ չէր քաղաքակիրթ վարուելակերպէ՝ մեծ մը թքեց հողին ու ըսաւ ինծի. "Մինչեւ թուքս չորնայ՝ ջուրը պիտի հասցնես": Օ՜ կը յիշեմ, թէ ոտքերս քարերուն զարնելով ինչպէ՜ս վազեցի. կը հաւատայի, թէ պիտի հասցնեմ... Քաղաքիս ջուրի պատասխանատուներէն ալ կը սպասենք (շատո՜նց կը յուսայինք) ո'չ արեւներ վար բերել, այլ հնարաւոր կարելիութիւնները չուշացնել եւ յիշել ծանօթ առածը, թէ մինչեւ փորուելիք (ապառնի դերբայ) հարիւրաւոր հորերը զմեզ լիացնեն, այսինքն՝ "Մինչեւ առուն ջուր գայ, գորտի աչքը դուրս կը գայ"... Երջանկութի¯ւն, միաժամանակ երկու հրաշք՝ ջուր ու ելեկտրականութիւն ունեցանք: Մաքրեցինք, մաքրուեցանք եւ զմեզ քիչ մը մարդ զգացինք: Սակայն... ետ չեմ վերցներ երէկուան ըսածներս, քանի որ փորձով գիտենք՝ այս ծոմապահութիւնը ո'չ առաջինն էր եւ ո'չ ալ վերջինը պիտի ըլլայ: Կարծես թէ արդէն կտրեր են ջուրը. քանի՞ շաբթուան համար...
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»շաբաթաթերթ
Օգոստոս Դ. 2015

No comments:

Post a Comment