Thursday, November 26, 2015

ՀԻՊԱ


ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

-Հիպա, ես քեզ կը սիրեմ...
Տղան աւարտական դասարան էր, աղջիկը դեռ երկու տարի ունէր աւարտելու:
Տարբեր ճիւղեր կ'ուսանէին սակայն յաճախ նոյն երթուղիի գիծին վրայ կը հանդիպէին իրարու: 
Ժամանակ մը ետք սկսան թեթեւակի բարեւել զիրար, քանի մը բառ փոխանակել:
Դժուար ժամանակներ էին: Համալսարանին մօտ կրակոցները գրեթէ չէին լռեր, եւ որոշ ժամանակ անց տղան առաջարկեց միասին վերադառնալ, աղջիկը ուրախութիւն զգաց, նաեւ տղուն առաջարկը իրեն ապահովութուն ներշնչեց: Համաձայնեցաւ: :
Կը ժամադրուէին, մէկը միւսը կը սպասէր: Կը համակրէին իրարու: Անբռնազբօսիկ կը զրուցէին իրար հետ, քիչ մը դասերու մասին, քիչ մը ամէն բանի մասին, քիչ մըն ալ, չէ՜, շատ յաճախ երկրին մէջ ընթացող անհեթեթ պատերազմին մասին:
Վերջին օրերուն տղուն անբռնազբօսիկութիւնը չքացած էր. զրոյցին կարճ նախադասութիւններով կը մասնակցէր, յաճախ լուռ կը քալէր կարծես թէ աղջիկը հետը չըլլար: 
Աղջիկը կը հասկնար, կ'ըմբռնէր տղուն հոգեվիճակը, կ'ուզէր քաջալերել զայն, համարձակութիւն ներշնչել, բայց ինք ալ չէր համարձակեր, սակայն կ'ուզէր, շատ կ'ուզէր, որ տղան ըսեր ըսելիքը:Ինք ի՞նչ պիտի ընէր: Չէր գիտեր: Հաւանաբար կ'արմրէր ու լռեր...
Աղջիկը ելաւ քննութենէն: Այդ օր տղան քննութիւն չունէր, բայց առաւօտ միասին եկած էին համալսարան եւ հիմա երեք ժամէ ի վեր վարը զինք կը սպասէ:
-
Ուշացա՞յ,- հարցուց աղջիկը:
-
Լաւ տուի՞ր,- հարցուց տղան:'
Աղջիկը շատ լաւ տուած էր: Արդէն միշտ շատ լաւ կու տար քննութիւնները: Լոյս կայ-չկայ չէր ըսեր, ժամերով մոմի լոյսին տակ կը կարդար, տակաւին արտադասային գիրքեր ալ կ'ընթերցէր:
Դուրս ելան:
-
Քալելով երթա՞նք,- աղջիկն էր ըսողը:
-
Երթա՛նք,- ուրախացաւ տղան:
-
Պայմանաւ որ միայն ես պիտի չխօսիմ, դուն ալ պիտի խօսիս, եղա՞ւ:
Տղան ինքն ալ չգիտցաւ թէ ինչպէս բռնեց աղջկան ձեռքը: Աղջիկը ինքն ալ չգիտցաւ թէ ինչո՞ւ չընդիմացաւ, չքաշեց ձեռքը...
-
Հիպա, ես քեզ կը սիրեմ...
...
Ասիկա երկու ամիս թէ երկու դար առաջ էր: Շիկնեցա՞ւ ինք: Չէր գիտեր: Երբ Ուիսամը իր ձեռքը բռնեց, ինք ուզեց որ երկար բռնսծ մնայ... հաճելի, տաք դող մը անցաւ երակներուն մէջէն, շրջեցաւ ամբողջ մարմինը, պարուրեց հոգին, սիրտը անչափ արագ տրոփել սկսաւ... եւ լսեց ամբողջ էութիւնը երջանկացնող Ուիսամին բառերը...
-
Հիպա, ես քեզ կը սիրեմ...
Յետո՞յ...
Յետոյ զօրաւոր, շատ զօրաւոր պայթիւն մը լսուեցաւ. Հիպան փշրուող ապակիներու ձայներ լսեց, ճիչեր հասան իր ականջին, մարդիկ արիւնլուայ գետինը սփռուած էին, անոնց մէջ նշմարեց Ուիսամը, ձեռքին մէջ մարդկային թեւ մը, ի՞ր թեւը...՝ ինք ալ արիւնլուայ էր... զգաց որ կ'ընկրկի, կը կորսնցնէ գիտակցութիւնը... Ուիսա՞մը, Ուիսամը հոն էր, հոն ո՞ւր..
-
Հիպա, ես քեզ կը սիրեմ...
Ե՞րբ ուշքի, եկաւ
Երբ ուշքի եկաւ միթեւանի ըլլալը իմացաւ..
Հիմա ինք կ'երթայ Ուիսամին մօտ, իրենց կիսատ մնացած զրոյցը աւարտելու:
Հարցուցած էր, գիտցած որ Ուիսամը կը գտնուի քաղաքամիջի նորակառոյց գերեզմանատան մէջ... նորակառո՞յց...
Այս գերեզմանատունը կառուցուած չէր, պարզապէս գերեզմանոցները վտանգաւոր գօտիներու մէջ կը գտնուէին, դիպուկահարները հոն կը վխտային, եւ մարդիկ սկսան իրենց մեռելները թաղելու նոր վայրեր փնտռել,այսպիսով յառաջացան նոր գերեզմանատուներ, որոնցմէ մէկն ալ այս հսկայ դպրոցի դիմացի պուրակը, ուր վերջին երկու տարուայ ընթացքին հինգ հարիւրի մօտ ննջեցեալներ իրենց վերջին հանգիստը գտան, որոնց բացարձակ մեծամասնութիւնը սպանեալներ՝ նահատակներ, զոհեր էին... չես գիտեր ինչպէս կոչես այս եղբայրասպան անհեթեթ պատերազմին զոհերը...
Ուիսամն ալ այս պուրակին մէջ կը գտնուէր, եւ հիմա Հիպան անոր քով կու գար:
-
Ուիսա՛մ.. ,- կարծես թէ ձայնեց Հիպան:
Ուիսամն ալ կարծես թէ ձեռքը բարձրացուց՝«Հոս եմ»:
Հիպան քալեց այդ ուղղութեամբ եւ հանդիպեցաւ անոր շիրմաքարին, .. կարդաց քարակտորին վրայ արձանագրուած թուականները առաջին թուականը գիտէր, բայց այս երկրորդը ճիշդ չէր կրնար ըլլալ, ինք դեռ կ'ուզէր հաւատալ այսինքն չէր ուզեր հաւատալ, ո՛չ, ո՛չ, կուզէր հաւատալ, կը հաւատար որ իրական Ուիսամը պիտի գտնէր, ..
Ճչաց, սկսաւ բարձրաձայն հեծկլտալ... չորս կողմը նայեցաւ, ետեւ դարձաւ, քիչ անդին տեսաւ փնտռածը, գետնէն վերցուց սրածայր քարը, ծունկի իջաւ եւ սկսաւ ունեցած ձախ ձեռքով, ո՛չ, չունեցած աջ ձեռքով քերթել երկրորդ՝ սուտ թուականը...
-
Այդ թուակսնը ի՞նչ գործ ունի հոս,- անընդհատ կը կրկնէր ու կը շարունակէր քերթել...
Ջնջեց նաեւ »Նահատակ» յորջորջումը...
.....
-
Եկա՞ր,- լսեց Հիպան Ուիսամի մեղմ ձսյնը:
Աղջիկը ետ դարձաւ: Տղան անոր ուսերը գրկեց եւ ոտքի հանեց:
-
Եկայ ըսելու որ քեզ կը սիրեմ,-աղջիկը բռնեց տղուն ձեռքը
-
Քալենք,-ժպտաց տղան:
-
Քալենք,- ժպտաց աղջիկը:
-
Պայմանաւ որ.....
-
Պայման չկայ,- կտրեց աղջիկը
Քալեցին:
Լուռ կը քալէին: Կը քալէին ձեռք-ձեռքի բռնած: Աղջիկը որքա՜ն սպասած էր այս պահը... Ե՞րբ սկսան զիրար սիրել.... 
....
Պայթիւններ լսուեցան, կրակոցներ..
-
Սկսան, քեզ տուն հասցնեմ,- ըսաւ տղան,տխուր ձայնով եւ տխուր աչքերով:
Աղջիկը յիշեց որ պատերազմ է:
-
Ինչո՞ւ...,- հարցուց:
Տղան լուռ էր, այս «ինչո՞ւ»ին պատասխան չունէր ... ովքե՞ր են անթիւ «ինչո՞ւ»ներուն պատասխանատուները.... պատասխան ունի՞ն... 
Շարունակեցին քալել: Հիմա իրար ձեռք աւելի ամուր բռնած էին: Աղջիկը չէր վախնար, տղուն ներկայութիւնը ապահովութիւն կը ներշնչէր իրեն...
...
Իրենց սէրը բնականոն զարգացաւ, զիրար տեսան, ատեն մը ետք բարեւել սկսան, յետոյ սկսան իրարու հետ խօսիլ, զրուցել, յետոյ սկսան զիրար փնտռել, կարօտնալ... եւ... այս չէ՞ սէրը... 
-
Հասանք,- Տղուն ձայնին մէջ ափսոսանք կար:
Աղջիկը գորովանքով նայեցաւ տղուն...
Ա՛յս է սէրը, եւ բնական է որ ուսումը աւարտելէն ետք ամուսնանան, զաւակներ ունենան...անոնք պիտի ատեն պատերազմը
Վաղը պիտի տեսնուի՞նք,- հարցուց աղջիկը շիկնելով
Տղան տխուր էր, շա՜տ տխուր.
-
Միայն դուն կրնաս որոշել,- ըսաւ, աղջկան ձեռքը ձգեց եւ հեռացաւ...անէացաւ...
...
Հիպան զգաց որ ձեռքը թաց է.սրածայր քարը արիւնոտած էր ձախ՝միակ ձեռքը... նայեցաւ շիրմաքարին ամէն ինչ նոյնն էր, ծննդեան թուական... մահուան թուական...
Ձախ ձեռքը տակաւին կ'արիւնէր, բայց աջ՝ չունեցած ձեռքը կը ցաւէր ու կը խոցոտէր հոգին..

 

No comments:

Post a Comment