Thursday, November 26, 2015

ՀԱՅԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒԻ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ


Սեպտեմբեր 21 եւ 22ին՝ Փարիզի մէջ կայացաւ հայերէն լեզուին նուիրուած գիտաժողով մը՝ կազմակերպութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան եւ ԻՆԱԼՔՕի. նիւթ ունենալով «Դաստիարակչական Նորարարութիւններ - 21րդ Դարու Արեւմտահայերէնի Դասաւանդման Մարտահրաւէրները»:
Հայապահպանումը եւ արեւմտահայերէնի գոյատեւումը, Սփիւռքահայը յուզող հրատապ հարցի մը վերածուած են, որուն համար յարատեւ կը պայքարին ազգային կառոյցներ , կրթական մշակներ եւ գիտակից հայեր, վառ պահելու համար հայկական ոգին եւ մայրենի լեզուն, օտար ափերու վրայ հասակ առնող նոր սերունդներուն մէջ, որոնք միշտ ենթակայ են ձուլման ահաւոր վտանգին: 
Այս մտահոգութենէն մղուած եւ լեզուի ուսուցման առնչուած հարցերը մասնագէտներու կողմէ քննարկելու եւ լուծումներ առաջարկելու համար կազմակերպուած էր այս գիտաժողովը, որ տեղի ունեցաւ INALCOի (Instituto Nacional de Lenguas y Civilizaciones Orientales) գլխաւոր լսարանին մէջ: Հրաւիրուած էին հայ եւ օտար լեզուաբաններ, կրթական գործիչներ, գրողներ, ուսուցիչներ, համալսարանի դասախօսներ, մանակավարժներ եւ արուեստագէտներ սփիւռքի զանազան երկիրներէն:
Եղան դասախօսութիւններ եւ կլոր սեղաններ հայերէն ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով՝ զուգընթաց թարգմանութեամբ: Իսկ երեկոյեան, որպէս լրացուցիչ՝ յատկացուած էր մանկավարժ ական աշխատանոցի:
Գիտաժողովին գլխաւոր օրակարգն էր«Արեւմտահայերէնի դիմագրաւած մարտահրաւէրները 21րդ դարուն՝ սփիւռքի մէջ: Այս նիւթը սպառիչ կերպով վերլուծեցին հրաւիրեալ դասախօսները,որոնցմէ իւրաքանչիւրը մօտեցաւ իր մասնագիտական տեսանկիւնէն:
Մասնակցող ուսուցիչները ներկայացուցին իրենց դպրոցներուն մէջ տիրող հայերէնագիտութեան իրավիճակը, իրենց դասաւանդման եւ մանկավարժական մեթոտները : 
Դասարաններուն մէջ հայերէնի զանազան մակարդակ ունեցող աշակերտներու, կամ ծագումով ոչ հայ աշակերտներու գոյութիւնը յաճախ խոչընդոտ կը հանդիսանայ ուսուցչի բնականոն դասաւանդման. ասոր վրայ պէտք է աւելցնել հետզհետէ աճող արեւելահայերէն խօսող հայաստանցի աշակերտներու թիւի պարագան: 
Փաստօրէն կարգ մը գաղութներու մէջ հայերէնը դադրած է այլեւս մայրենի լեզու ըլլալէ եւ կը դասաւանդուի որպէս օտար լեզու. որքան ալ այս երեւոյթը մեզի ցաւ պատճառէ:
Վեր առնուեցաւ դասագրքերու պարագան: Իւրաքանչիւր գաղութ ունի իւրայատուկ պայմաններ, ըստ իր ապրած միջավայրին, լեզուին. Հետեւաբար դասագրքերը պէտք է պատշաճին տուեալ երկրի ընկերութեան, անոնց հոգեբանութեան, աշխարհայեացքին:
Մեթոտաբանութեան պակասը զգալի է հայկական բաժնին մէջ:Ինչպէս նաեւ թելադրելի է ուսուցիչներու վերապատրաստութիւնը, որպէսզի քայլ պահեն արդի մանկավարժութեան հետ:
Շեշտը դրուեցաւ օգտուելու տեղեկատուական (informática) ի եւ արհեստագիտութեան ընձեռած բարիքներէն, սակայն միշտ դասագիրքը նկատի ունենալով ուսուցման գլխաւոր առանցքը:
Այդ երկու օրերու ընթացքին ծեծուեցան հարցեր, եղան առաջարկներ, թելադրութիւններ: Ամենակարեւորը սակայն, կարելի եղաւ համախմբել տարբեր երկիրներէ ժամանած կրթական ասպարէզի մէջ ծառայող անհատներ, որոնք առիթը ունեցան իրարու ծանօթանալու եւ լսելու միւսներուն դժուարութիւնները, նաեւ ձեռք բերած յաջողութիւնները եւ օգտուիլ անոնց փորձառութենէն եւ կիրարկել զանոնք իրենց միջավայրին մէջ:
Այս գիտաժողովը հոգեպէս հարստացնող եւ օգտակար փորձառութիւն մը եղաւ, ուր տեղի ունեցան մտքերու փոխանակում, թեր ու դէմ կարծիքներ, շինիչ եւ օգտակար քննադատութիւններ եւ առաջարկներ: 
Անգամ մը եւս շեշտը դրուեցաւ ծնողներու ունեցած դերին վրայ, լեզուն կենդանի պահելու պարտականութեան մէջ . նաեւ ազգային եւ կրթական բոլոր կառոյցներուն եւ պատասխանատու անհատներուն , որպէսզի արեւմտահայերէնը շարունակէ գոյատեւել եւ չկորսնցնէ իր կենսունակութիւնը . այլապէս անտարբերութեան որպէս հետեւանք պիտի ըլլայ «lenguicidio» լեզուին անհետացումը (նոր եզրաբանութիւն մը): 
Գիտաժողովին մասնակցողները կազմակերպիչ մարմնի նախաձեռնութեամբ՝ այցելեցին հայկական Փարիզը. Լեւոն Ե.ի դամբարանը Սէն Տընի տաճարին մէջ, Կոմիտաս վարդապետի արձանը եւ հայ ուսանողներու հանրակացարանը , «Հայ Ոստան»:Իսկ գիշերը նաւու մը մէջ ընթրեցին եւ մտիկ ըրին հայկական նուագախումբ մը: Նաեւ այցելեցին Փարիզի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կեդրոնը:
Շնորհաւորելի եւ խիստ գնահատելի է Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական բաժնի պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ ԻՆԱԼՔՕի կազմակերպիչ մարմնին ցուցաբերած հետաքրքրութիւնն ու մտահոգութիւնը արեւմտահայերէնի գոյատեւման ի նպաստ եւ կենսունակ պահելու իր ճիգը:
Սոյն գիտաժողովը մաս կը կազմէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Հայերը2115ին» շարքին:
Փափաքելի է եւ օգտակար որ նման համագումարներ կրկնուին, որպէսզի շօշափելի արդիւնքներու հասնին:
Վարձքը կատար բոլորին:

ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ

 

 

No comments:

Post a Comment