Thursday, November 26, 2015

ինչու՞

Ան­թիւ ու ան­հա­մար հար­ցում­նե­րու թն­ճու­կին մէ­ջէն, ան­մեղ հար­ցում մը գլու­խը կը ցցէ «ԻՆ­ՉՈՒ՞»… Ան­մեղ թուա­ցող այս փոք­րիկ բա­ռը, իս­կու­թեան մէջ ան­տակ, մութ ու ահա­լից խոր վի­րա­պի մը դու­ռը կը թա­կէ. ին­չո՞ւ:

Պա­տե­րազմ­նե­րը յա­ճախ երկ­կող­մա­նի դա­դար­ներ կ՛ու­նե­նան, կորսը­ւածն ու շահ­ուա­ծը ծանր ու թե­թեւ ընե­լու, շունչ մը քա­շե­լու եւ յա­ջորդ փու­լին պատ­րաստ­ուե­լու հա­մար: Սուր­իոյ հն­գամ­եայ պա­տե­րազ­մը դա­դար չու­նե­ցաւ, որ մար­դիկ շուր­ջեր­նին նա­յին ու հաշ­ուե­յար­դա­րի են­թար­կեն եղա­ծը եւ փոր­ձեն պա­տաս­խան գտ­նել հար­ցում­նե­րու տա­րա­փի մը, որոնց գլ­խուն կան «ին­չու՞, ինչ­պէ՞ս, ե՞րբ, քա­նի՞, ո՞ր, որու՞, որ­մէ՞…» հար­ցա­կան­նե­րը:

Ան­շուշտ այս հար­ցում­նե­րը պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին ամէն օր, ամէն ժամ թռչ­կո­տե­ցան օդին մէջ, եր­բեմն սու­րա­ցին, եր­բեմն զի­րար խա­չա­ձե­ւե­ցին, եր­բեմն բարձ­րա­ձայն­ուե­ցան, եր­բեմն շշու­կով ար­տա­բեր­ուե­ցան, սա­կայն պա­տաս­խան չգ­տան: Են­թադ­րու­թիւն­նե­րու վրայ հիմնը­ւած պա­տաս­խան­ներ լե­ցու­ցին մի­ջո­ցը, սա­կայն գո­հա­ցու­ցիչ ու սպա­ռիչ պա­տաս­խան չու­նե­ցան անոնք, քա­նի որ… քա­նի որ… պա­տաս­խան չկայ:

Մէկ կողմ ձգենք ան­դա­դար կրկն­ուե­լէն մա­շած հար­ցում­ներն ու մէկ հարց տանք. «Ո՞վ, ի՞նչ շա­հե­ցաւ Սուր­ի­ան քան­դե­լէն»:

Սուր­իոյ նման բաց եր­կին­քի տակ թան­գա­րան մը քան­դե­լէն. Սուր­իոյ նման խա­ղաղ ու բար­գա­ւաճ եր­կիր մը աւե­րա­կի վե­րա­ծե­լէն. բազ­մազգ­եան ու բազ­մակ­րօն, հա­մե­րաշ­խու­թեամբ գո­յակ­ցող ժո­ղո­վուրդ մը տարտղ­նե­լէն ու մահ­ուան դու­ռը տա­նե­լէն. ո՞վ, ի՞նչ շա­հե­ցաւ:

Ան, որ Սուր­իոյ մէջ չէ ապ­րած, չի կր­նար Սուր­իոյ երկ­րի իս­կու­թիւնը գիտ­նալ: Անց­եալ դա­րա­կի­սուն, երբ արա­բա­կան շատ մը եր­կիր­ներ տգի­տու­թեան մէջ կը լո­ղա­յին եւ Ծո­ցի եր­կիր­նե­րու տե­ղա­ցի բնա­կիչ­նե­րը ան­վար­տի էին ու մա­րախ­նե­րով կը սնա­նէ­ին, Սուր­ի­ան զար­գա­ցած եր­կիր էր. ան ՄԱԿ-ի հիմ­նա­դիր­նե­րէն մին էր, արա­բա­կան աշ­խար­հի մէջ կնոջ քու­է­ար­կե­լու իրա­ւունք տուող առա­ջին եր­կի­րը, երբ այ­սօր այդ օրե­րէն եօ­թա­նա­սուն տա­րի ետք, Սէ­ու­տա­կան Արաբ­իոյ մէջ կի­նե­րը զրկ­ուած կը մնան շատ մը իրա­ւունք­նե­րէ, նոյ­նիսկ ինք­նա­շարժ վա­րե­լէ:

Սուր­իոյ մէջ ֆրան­սա­կան ման­դա­տի (հո­գա­տա­րու­թիւն) օրե­րուն, երբ քրիս­տոն­եայ վար­չա­պետ Ֆա­րէս Խուրի­ին կ՛ըսեն, որ Ֆրան­սան եկած է Սուր­իոյ Քրիս­տոն­եա­նե­րը պաշտ­պա­նե­լու, Ֆա­րէս Խու­րին մըզ­կիթ եր­թա­լով, ման­պար (Ամպի­ոն) կը բարձ­րա­նայ ու կ՛ըսէ. «Եթէ Ֆրան­սան Սուր­իա մտած է քրիս­տոն­եա­նե­րը պաշտ­պա­նե­լու, ահա՛ ես այս ամպի­ո­նէն կը գո­չեմ «Լա Իլա­հա Իլ­լա Ալ­լահ»… Աղօթ­քի եկած իս­լամ­նե­րը զինք ու­սամ­բարձ կը տա­նին Դա­մաս­կո­սի փո­ղոց­նե­րով…

Ահա՛ այս­պէս եղած է Սուր­իոյ մէջ հա­մե­րաշխ գո­յակ­ցու­թիւնը: Ին­չու՞ կ՛ու­զեն որոմ ցա­նել ու քան­դել այս գե­ղե­ցիկ եր­կիրն ու անոր օրի­նա­կե­լի կեն­սա­ձե­ւը: Խօսքս եր­կի­րի մը քան­դու­մին մա­սին է. ընդ­դի­մու­թիւն եւ ընդ­դի­մա­դիր­ներ աշ­խար­հի բո­լոր եր­կիր­նե­րուն մէջ ալ կան եւ պէտք է ըլ­լան, ատի­կա իր դրա­կան ազ­դե­ցու­թիւնը ու­նի, եթէ ի շահ երկ­րին է, սա­կայն ծրագր­ուած քան­դու՞մ:

Ո՞վ, ի՞նչ շա­հե­ցաւ… Պա­տաս­խան կա՞յ:

Յակոբ Միքայէլեան

No comments:

Post a Comment