Thursday, November 26, 2015

ԾԻԱԾԱՆԻՆ ԲՈՅՐԸ

 


ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ - Երեւան
Տղաներուս հետ որոշեցինք Սիրահարների Այգի այցելել: Երեւանի յայտնի այգիներէն մէկն է Բաղրամեան պողոտայի վրայ գտնուող Սիրահարներու Այգին, որուն մէջէն կը հատէ մեթրոյին ճամբան: Եւ ես ասֆալտապատ փողոցէն անցնելու փոխարէն կը նախընտրեմ մեթրօ հասնիլ այգիի ճամբով: Բնութեան մաքուր շունչը կը զգլխէ եւ զիս մանկութիւն կը փոխադրէ՝ դէպի Հալէպի հանրային պարտէզ, զոր «մէշդէլ» կը կոչէինք տեղական լեզուով:
Ամառները մօրենական մեծ մօրս տունը մէկ շաբաթով հիւրութեան կ՚երթայինք ես եւ քոյրս՝ Անուշը: Ու ամէն առաւօտ առանց բացառութեան լուսաբացին հետ մեծ հայրիկս մեզ «մէշդել» կը տանէր: Մեծ մամաս մեզի համար հացիկներ փաթթած կ՚ըլլար ու խնձոր եւ քաղցրեղէններ առած կ՚ուղղուէինք հոն: Մանկութեան օրերուս կը կարծէի, որ այդ այգին մեծ հայրիկիս սեփականութիւնն է: «Տէտէին մէշդէլը» կը կրկնէինք յաճախ, ամէն անգամ երբ հոն ուզէինք երթալ: Մեծնալը երբեմն ի՜նչ յուսախաբութիւններու դուռ կը բանայ: Ի՜նչ հեքիաթներ անախորժ իրականութիւն կը դառնան մեծնալէդ յետոյ...: Մէշդէլին մէջ շատ լաւ ժամանակ կ՚անցնէինք, կը խաղայինք, պարան կը ցատկէինք, հեքիաթներ մտիկ կ՚ընէինք...
Հիմա հոս ալ մանչուկներս ազատ համարձակ կը վազվզեն, ծառէն թափած կաղիններ կը հաւաքեն, տարբեր տերեւներու հաւաքածոներ կը կազմեն ու աւազով բաներ կը կառուցեն:
Սիրահարներու Այգիին մէջ սիրող զոյգեր շատ կը տեսնես, այլապէս այգին իր կոչումին տէրը պիտի չըլլար: Իսլամական երկրի մէջ ապրելով, նման երեւոյթներու չտես ըլլալով հանդերձ, հոս գիրկընդխառնութիւնները խորթ չեն թուիր ինծի, քանի ի վերջոյ սիրոյ կը վերաբերին: Այգին նաեւ հարսի ու փեսայի լուսանկարուելու բաց տաղաւար եղած է:
Ահա հարս մը ամէն անկիւն տարբեր շարժումներ ընելով կ՚անմահացնէ իր կեանքի ամենայատկանշական օրուան ժամերը: Հոս ոչ ոք ուրիշի կը խառնուի, հակադրութեամբ կը յիշեմ, թէ ինչպէ՞ս շատ անգամ կը խուսափէինք Հալէպի հանրային պարտէզը երթալէ, որովհետեւ այլազգի մը կա՛մ անախորժ նայուածքներէն, կա՛մ անհաճոյ «խօսք զարնել»ներէն պիտի կաշկանդուէինք:
Սիրահարներու կողքին, ամէն տարիքի մարդ կայ հոս: Իւրաքանչիւրը ինքն իր զբաղումը գտած է արդէն: Նորածին մանուկը կառքին մէջ դրած՝ մայրը արեւուն տակ կը տեղաւորէ զայն, որպէսզի «d» կենսանիւթով օժտուի երեխան: Անդին, մեծահասակ կիներ ընթերցանութեամբ տարուած են, ուրիշներ իրենց զաւակները բերած են, որպէսզի աւազէ աւազանին մէջ խաղան: Շատեր իրենց լէփթօբներուն հետ այգիի սրճարանը կը սրճեն:
Նստած եմ մանչերուս դիմաց զետեղուած նստարանին վրայ եւ զիրենք կը դիտեմ: Հանգիստ եմ երեխաներուս քրքջանքները լսելով: Հանգիստ եմ արտաքուստ, իսկ ներքնապէ՞ս... ժամանակաւոր հանգստութիւն է սա: Վայրկենական կամ գուցէ ժամանակի մէջ: Մըտքերուս մէջ խորասուզուած անընդհատ փնտռտուքի մէջ եմ, ի՞նչն է փնտռածս այդ ալ ճշգրիտ չեմ գիտեր: Հակասութիւնն ու երկուութիւնը մտքիս կը տանջէ զիս: Կ՚ուզեմ հո՛ն ըլլալ, բայց չերթալ: Կարօտը կը մաշեցնէ հոգիս, բայց մերժում կայ դէպի ետ երթալու: Մագնիսը իր ուժը կորսնցուցած է: Նոր հորիզոններ փնտռելու մարմաջ կայ մէջս ու ափսոսանք՝ կուրօրէն ապրած տարիներուս համար: 
-Մամա, տե՛ս, ծիածան, շո՜ւտ նկարէ մա՛մ՝ չանհետա­ցած:

Նկարեցի: Անմահացաւ այդ ակնթարթային գունազարդ պահը: Ու հիմա առձեռն հեռաձայնիս մէջ նկարները դիտելով պահ մը կը խորանամ ու կը փնտռեմ ի՛մ հոգւոյս ծիածանը ու կը գտնեմ զայն անցեալի լաւ յուշերուս ընդմէջէն: Հո՛ն, ուր երջանիկ էինք, կա՛մ այդպէս կը կարծէինք եղած ըլլալ. անցեալը շաղկապուեցաւ միա՛յն լաւ յուշերով: Չենք յիշեր անախոժութիւններ: Հալէպին « երազային» ըլլալը զայն լքելէ վերջ է, որ ըմբռնեցինք. կա՛մ գուցէ մենք այդպէս կ՚ու­զենք տես­նել ու յի­շել: Ան­ցեա­լի լաւն ու բա­րին է միա՛յն, որ ներ­կա­յի ա­նո­րո­շու­թեան ու մթու­թեան մէջ գոյն կու տայ ու շող կ­՚ար­ձա­կէ, կը ծիա­ծա­նէ:
Կեան­քէն ապ­տակ ստա­ցա­ծի հո­գե­վի­ճակ մը պա­տած է մեզ: Ապ­տակ՝ արթ­նա­ցու­մի, ապ­տակ՝ կեան­քի ճիշդ ըն­կալ­ման: Ամ­բողջ կեանք մը մե­զի կը թո­ւէր, թէ մենք ան­հուն ե­րա­նու­թեան մէջ էինք, որ ան­կա­րե­լի պի­տի ըլ­լար զայն խա­փա­նե­լը, մինչ­դեռ կեան­քը իր միւս ե­րեսն ալ ու­նի ե­ղեր, այդ չպատ­կե­րա­ցու­ցածդ, չսպա­սածդ, ա­տոնք միայն ֆիլ­մե­րու կամ գիր­քե­րու մէջ չեն, ի­րա­կան ալ կրնան ըլ­լալ ե­ղեր, ի­րա­կան են ար­դէն: Սա­կայն որ­քա­նո՞վ պատ­րաստ ենք այս երկ­րորդ ե­րե­սը պարզ հա­յեաց­քով ըն­կա­լե­լու...:
- Մա­մա՛, տե՛ս, բերդ շի­նե­ցի: Ես պի­տի մեծ­նամ, շի­նա­րար դառ­նամ: 

Չէ՜, ես պէտք չէ ընկր­կիմ, ի­րա­ւունք իսկ չու­նիմ ընկրկե­լու: Տ­ղաս ե­րազ­ներ կը հիւ­սէ, ի՜նչ ընկր­կիլ, ի՜նչ բան:
Հիաս­թա­փու­թիւն­նե­րը օգ­տա­կար են,- լսած եմ յա­ճախ: Ա­նոնք կը կո­փեն, կը յղկեն անձդ եւ աշ­խար­հա­հա­յեացքդ կը փո­խեն: 
-Մա­մա, տե­րե­ւը շփէ, հո­տը ա՛ռ:

Իս­կա­պէս ա­նուշ կը բու­րէ: Ա­մէն ինչ ա­նուշ կը բու­րէ, պար­զա­պէս զգալ պէտք է:

No comments:

Post a Comment