ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Համացանցի հայկական կայքերը կը թերթատեմ, ահա թարմ տեսանիւթ մը հալէպահայերու մասին: Նոր «բիզնէս» հիմնող հալէպահայը դրական արտայայտութիւններ կը տեղայ՝ «ի՛նչ լաւ է, որ հայրենիք մը ունինք, որ գրկաբաց կ՛ընդունի իր սփիւռքահայ զաւակները...» եւ նման արտայայտութիւններ:
Նոյն տեսանիւթը արագօրէն կը տարածուի միւս լրատուամիջոցներու էջերուն վրայ: Հարկա՛ւ: Հայրենիքի ներկայ նորութիւններն են, կայքէջերուն դիտելիութիւն ապահովելու համար անհրաժեշտ են նորութիւնները: Լրագրողները տեսախցիկները առնելով կը փութան սփիւռքահայերու նորաբաց «բիզնէս»ները նկարահանելու եւ նոր ոճով «հայրենասիրական» արտայայտութիւններ արձանագրելու:
«Բիզնէս»ները գլխաւորաբար ուտեստեղէնի, հագուստեղէնի, անուշեղէնի խանութներ են, կան նաեւ արհեստանոցներ: Բոլորն ալ կը կրեն սփիւռքեան դրոշմներ: Հայաստանցին կը խոստովանի սփիւռքահայերու համեղ ուտեստեղէններու պատրաստութիւնը, արտադրութիւններու ճաշակն ու որակը, բայց կը քաջալերէ՞... կամ քաջալերելու կարողութիւնը ունի՞, երբ ինքն ալ օրապահիկով ապրող անձ մըն է, անշուշտ եթէ աշխատող է, իսկ աշխատողները այդքան ալ լաւ պայմաններ չունին, հոս աշխատավարձերը ստանալու ժամանակն իսկ անորոշ է կարգ մը հաստատութիւններու մէջ:
Ամբողջ օրուան ընթացքին խաչապուրի մը, կամ տունը պատրաստուած փիւրէին (խաշուած ու քաշուած գետնախնձոր, քիչ մը աղով ու կարագով) հետ հազիւ ծամուող մատնաքաշը կը կշտացնէ աշխատողները 7-9 ժամերու տեւողութեան: Սնունդ չեն ստանար:
Վերջին մի քանի ամիսներու տեսանիւթերուն կը հետեւիմ, ծանօթ են, բայց անոնց մեծամասնութիւնը արդէն փակած են խանութները, ոմանք՝ ճամբորդած, ուրիշներ նիւթական բազմաթիւ մուծումներուն (հարկային, «կոմունալ», վարձք...) չդիմանալով, դատարկ գրպաններով, հոս-հոն աշխատանքի կը դիմեն ընտանիքին օրուան հացը ապահովելու համար:
Ո՞ւր են լրագրողները, չէ՞ որ պէտք է հետևողական ըլլան, ինչո՞ւ «բիզնէս»ները փակողները չեն հարցաքններ, պատճառները չեն լուսաբաներ....կարծես եթէ մեկնաբանեն կամ հարցերը բարձրաձայնեն իսկ բան պիտի փոխուի... կամ եթէ նոյնիսկ հարցաքննեն, հալէպահայը իր դժուարութիւններուն մասին ինչպէ՞ս կ՛արտայայտուի, ան չունի ազատ արտայայտուելու համարձակութիւնը (բացառութիւններ կան անշուշտ):
... Պատուհանէս կը նկատեմ եռագոյնը ծածանեցնող օդապարիկը: Երէկ այս ժամերուն հալէպահայ բարեկամներու հետ Երևանի ընդարձակ Հրապարակի ցայտաղբիւրներու կողքին կանգնած մօտէն ըմբոշխնեցինք օդապարիկն ու ծածանող եռագոյնը:
Ամէն ինչ գեղեցիկ է: Ջուրը, կլիման, բնութիւնը, այգիները... Բարեկամներէս մէկուն՝ «Հայրենիք» կ՛ըսեմ. «Է՜հ, երկու տարուան կեցութեանս ընթացքին կը փնտռեմ, կը փնտռեմ չեմ գտներ ՄԵՐ հայրենիքը»,- կը պատասխանէ:
No comments:
Post a Comment