Ծովիկ Կարապետեան
Այս խաղին մէջ հմուտ չէի,
հիմա քիչ մը սորվեցայ.
ետ սկիզբէն խաղանք.
պատերազմի խաղն է այս.
երազներուս մէջ նոյնիսկ բոլորը իրար անցան, մահացողներն ու ապրողները, գաղթողներն ու մնացողները.
ի՞նչ գործ ունէինք շունին սատկած տեղը... բայց շունին ուրախ ապրած տեղը ո՞ւր է.
ետ սկիզբէն խաղանք.
ամուր պիտի բռնեմ հարազատներուս՝ ընկերներուս, բարեկամներուս օձիքը, այդքան ամուր որ, երբ երթան... գոնէ իրենցմէ կախուած հետերնին երթամ.
ամէն ինչ կէս մնաց.
ընկերուհիս մէկ շաբթուայ համար Հայաստան գնաց... երեք տարի է դեռ չեկաւ.
հայրս խնդրեց ինձմէ, որ մածունով քուֆթէ պատրաստեմ, սեղանը շտկած եմ... մահացաւ.
Գօգօն ըսաւ. «Նստիր, հետերնիս սուրճ մը խմէ՛» պարտէզը, ըսի՝ «Գալ անգամ». յաջորդ օրը հրթիռի հարուածով նահատակուեցաւ.
սկիզբէն կ'ուզեմ խաղալ,
գոնէ ափիս մէջ որքան որ մարդ բաւէր՝ ամուր բռնէի.
մատներուս մէջէն սահեցան գացին:
No comments:
Post a Comment