Saturday, December 12, 2015

Արագ խոհեր

ԾՈՎԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Տեն Հաակ – Հոլանտա

Մուսաներս մանուկի նման կ'ողբան, չուզելով յանձնուիլ աշխարհի անարդարութեան:
Երկինք նայեցայ՝ կապոյտ ու ճերմակ էր.
պատուհանէս դիտեցի՝ գոյնզգոյն աշուն.
հայելիին նայելով, տեսայ սուտ բայց քաջ ժպիտ մը գծագրուած.
մէյ մըն ալ ներաշխարհս շօշափեցի՝ հազարագոյն կայծակներով լեցուն, բայց գերիշխողը անարդարութեան գոյնն էր.
ո՞վ ըսած է որ յոյսը աղքատին հացն է. յոյսը գիտակցութեան ոսկեգոյն զարդն է:

Անչափ կարօտս գրկած, ողջագուրած՝ ելայ ճամբայ.
ականջիս մէջ տուն շինած էր «Օտար ամայի ճամբէքի վրայ» երաժշտութիւնը.
ամէն յոգնելուս, ամէն մէկ գլուխս քարին դնելուս, ոսկեգոյն յոյսս դրդեց զիս.
Ոտքի կա՛ց , այս մարդ կերտելու դժուարակիր ճանապարհն է, ի վերջոյ պիտի հմտանաս:

 

 

No comments:

Post a Comment