Saturday, December 12, 2015

«ՀՈԳԻՍ ՁԵԶՄՈՎ ԿԸ ԽԱՅՏԱՅ»


ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ 
Երեւան, Հոկտեմբեր 2015

Վերջերս նորոյթ դարձած է թուրք գրողներու կողմէ հայոց մեծ ողբերգութեան՝ Ցեղասպանութեան մասին ակնարկութիւններ ընել, վէպեր գրել, բեմադրել, ֆիլմեր նկարահանել եւայլն: Երեւոյթը ողջունելի ըլլալով հանդերձ, զիս պահ մը մտածել կու տայ, թէ մինչեւ հիմա ո՞ւր էին այս գրողները: Ի՞նչ պատահեցաւ յանկարծ: Թուրք կառավարութեան ընդիմադիրներն ըլլալու հանգամանքէ՞ն դրդուած կը գրեն, թէ՞ իսկապէս իրենց «հոգին (մ)եզմով կը խայտայ», այնպէս ինչպէս կը վկայէ աս վերջին ներկայացման հեղինակ Քեմալ Եալչընը:

Քեմալ Եալչըն՝ թուրք գրողը, 1980 թուականի թրքական կառավարութեան հետապնդումներէն փախած ու հաստատուած է Գերմանիա: Իր հրատարակած 14 գիրքերէն ութին մէջ ան կ'անդրադառնայ հայերուն, յոյներուն եւ ասորիներուն ցեղասպանութիւններուն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ ապրող փոքրամասնութիւններուն հանդէպ տիրող անարդարութեանց:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17-ին Երեւանի Կ. Ստանիսլաւսկիի թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քեմալ Եալչընի ՝ «Հոգիս քեզմով կը խայտայ» համանուն գիրքին ներկայացումը, որ արեւմտահայերէնի թարգմաներ եւ բեմադրեր էր ամերիկահայ դերասանուհի, Նիւ Եորքի «Սփիւռքի Ձայն» հեռուստաընկերութեան հիմնադիր տնօրէնուհի Կարինէ Քոչարեան: Թատերգութեան ներկայացումը Սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութիւնը կը վայելէր: Գործը փաստագրական վէպ ըլլալով, այդքան ալ դիւրին չէր եղած թատերականացնելը: Նոյն տեսարանը, նոյն աթոռ սեղանն էին, շարժում չկար, բեմականացումը կը պակսէր անշուշտ, սակայն այդ մէկը բնաւ պատճառ չդարձաւ որ մէկ վայրկեան իսկ շեղինք ներկայացումէն: 
Որպէս հայ հանդիսատես բնականաբար իւրաքանչիւր պատում մեզ կը յուզէր, հակառակ անոր որ բնաւ ալ նորութիւն չէին ըսուածները մեզի՝ հայերուս համար: Նորութիւնը հոս, ինչպէս վերը յիշեցի, ցեղասպան ազգի զաւակի մը կողմէ գրուած ըլլալն է միայն: Հեղինակը ներքին տագնապ կ'ապրի Անատոլուի գիւղերուն մէջ շրջելով, գաղտնի ապրած, իրենց կամքին հակառակ կրօնափոխ եղած ծպտեալ հայերուն պատումները մտիկ ընելով ու գրի կ'առնէ զանոնք՝ բացայայտելու համար համայն աշխարհին առջեւ, որ ճշմարտութիւնը կարելի չէ քօղարկել: Լոյսը արեւուն կարելի չէ ծածկել:

Արեւմտահայերէն լեզուով ներկայացման մէջ հանդիսատեսը ականատես եղաւ հայու ինքնութիւնը ծածկող իւրաքանչիւր հայու ներքին տուայտանքին, ցաւին. « Ինչու՞ պիտի չկարենամ գոչել, որ ես ՀԱ՜Յ եմ»՝ հեկեկանքով մը կը խոստովանէր հերոսուհին, կամ ուրիշ տեղ մը կ'ըսուի. «Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ համար տակաւին կը հալածեն մեզ ու կը չարչարեն, երբ մենք արդէն իսկ իսլամացած ենքՄինչեւ ե՞րբ պիտի ապրինք սարսափով ու վախով…»: 
Գրողը վեր հանած էր «միամիտ հայու» բարի նկարագիրը, երբ հերոսներէն մէկուն բերնին մէջ դրած էր պատասխանը՝ ի դիմաց թուրք զինուորապետի մը դաժան հարցումին.
Դուն կեաւո՞ւր ես: 
Չէ՜, ես կեաւուր չեմ, անունս Գրիգոր է, բայց ես թուրք եմ.- սոսկումով մը պատասխանած էր խեղճը: 
Ամբողջ ներկայացման ընթացքին հեղինակը կ'ուզէր ապացուցել, եւ որ լաւապէս յաջողած էր փոխանցել հանդիսատեսին, որ իսկապէս տէրն էր իր գործի խորագրին: Մեղքի զգացումի ծանրութեան տակ կքող գրողին կարգ մը տեսարանները յստակօրէն կ'ապացուցէին այդ մէկը. «Հիմա ես ինչպէ՜ս նայիմ հայուն աչքերուն»: Եփրատին քովէն անցած ատեն հեղինակը Եփրատին մէջ հայրը կը տեսնէ, զարմանքով հարց կու տայ թէ «Հա'յր իմ, դուն ինչո՞ւ հայերուն քովն ես, ի՞նչ գործ ունիս այստեղ»: Հայրը բարեացակամ ու հայուն ցաւով տագնապող թուրք կերպարին մարմնաւորումը կ'ըլլայ. «Եկած եմ որ Եփրատին մէջ խեղդուող հայերը փրկեմ…»: Ուրիշ տեղ մը եւս այս նոյն գաղափարը կը շեշտէ հեղինակը, այս անգամ իր հարազատ մայրը խօսեցնելով: Մայրը կը քաջալերէ տղան, որ իր ուսուցչուհիին թելադրանքին հետեւի, երթայ պատմական Հայաստան, պրպտէ անցեալը ու գրի առնէ հայերուն ճշմարիտ պատմութիւնները. «Հայերն ալ Մարդ են տղաս, հայերն ալ Աստուած ունին», կ'ըսէ : Թուրքի մը կողմէ նման արտայայտութիւնններ լսելը, խոստովանանքին ականջալուր եւ ականջատես ըլլալը խրախուսական են անշուշտ, բայց նոյն գործին մէջ մտածելու տեղիք տուող տողեր կային, զորս կ'ուզեմ մատնանիշ ընել հոս: Մարդուն եւ սիրոյ գաղափարին վրայ շեշտը դնելով՝ հեղինակը քանիցս հերոսները կը խօսեցնէ, ըսելով. «Մարդ սիրեցէ'ք, մարդս Մարդ ընողը Սէրն է»: Եալչընի անուղղակի այս պատգամը եթէ թուրք ընթերցողին ուղղուած է՝ ձեւով մը հասկնալի կը թուի, որովհետեւ մինչ օրս դպրոցական թէ այլ գիրքերու մէջ հայուն հանդէպ ատելութիւն սերմանող քաղաքականութեան դէմ սիրոյ հրաւէր-կոչ մը կը սեպուի ասիկա: Իսկ եթէ հայ ընթերցողին կամ այս պարագային հայ հանդիսատեսին ուղղուած խօսք մըն է, Եալչընի պատգամին ընդառաջ երթալու եւ թշնամին սիրելու համար դեռ շատ ճամբայ ունինք կտրելիք, կը խորհիմ: Իր պապենական հողին վրայ միշտ ալ սիրով ու համերաշխութեամբ ապրած ու ապա Եղեռնէն մազապուրծ եղած հայու շառաւիղներուն համար որքանո՞վ դիւրին պիտի ըլլայ սիրել ցեղասպանի յետնորդ սերունդ մը, որ մինչ օրս տակաւին կը վարէ բացայայտ ճշմարտութիւնը հերքելու քաղաքականութիւնը: 
Մինչեւ այն ատեն որ արդարութեան ձայնը տակաւին լսելի չէ դարձած (թէկուզ թուրք գրողներուն նորանոր փորձերով), մինչեւ որ կորուստներուն դիմաց հատուցում չէ ստացած հայը, ինչպէ՞ս կրնայ ընդունիլ այն հացը, զոր պատրաստած էր գրողին մայրը թատերգութեան վերջին տեսարանին մէջ, որպէս թէ ողորմութիւն բաժնելու համար աքսորեալ հայերուն: Հայը ողորմութեան կարիքը չունի, հայը ի'ր արդար իրաւունքին պահանջատէրը եղած է ու է տակաւին: 
Գիտակցելով այս ճշմարտութեան, ներկայացման աւարտին բեմ հրաւիրուած Քեմալ Եալչըն բարձրաձայնեց, ըսելով. «Այժմ Ծիծեռնակաբերդէն կու գամ, շատ յուզուած եմ, յստակ կը գիտակցիմ, որ հայերուն ցաւը իմ ցաւս է: Թուրքիան միայն ցեղասպանութիւնը ընդունելու ճամբով է որ կրնայ հասնիլ ինքնամաքրման եւ տեղ գտնել քաղաքակիրթ ազգերու շարքին մէջ»: 
Մաղթենք որ Եալչըններու այս մօտեցումը վարակիչ դառնայ նաեւ այլոց, որպէսզի ճշմարտութիւնը բարձրաձայնուի ոչ միայն դուրսը գտնուող թուրքերուն կողմէ, այլ մանաւանդ Թուրքիոյ ներսէն լսուի այդ ձայնը, ցեղասպանութիւնը ճանաչում գտնէ ու՝ արդար լուծում, որպէսզի այն ատեն միայն մեր սրբացուած պապերուն աճիւնները իրենց հոգեկան խաղաղութիւնը կարենան գտնել:

 

No comments:

Post a Comment