Saturday, December 12, 2015

ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՊԱՐԸ

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան

Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի մեթրոյի գետնուղիէն երթուդարձի ժամանակ կարելի չէ չհանդիպիլ աշխոյժ երիտասարդներու, որոնք կամ հաւաքուած կը զրուցեն, կամ կ՛երգեն, կամ գեղարուեստական յայտագիր մը կը ներկայացնեն:
Հեռուէն կը նկատեմ այս անգամ շուրջպար բռնած հինգ-վեց երիտասարդներ: Պարը ո՛չ քոչարի է, ո՛չ եարխուշտա, ո՛չ թամզարա, ո՛չ Սասնոյ կովէնտ: Պարի ուսերու շարժուձեւերը արեւելեան յատկանիշ կու տան անոր կարծես: Այնպէս կը թուի, որ առանց երաժշտութեան նոր պարի ձեւ մը կ՛որդեգրեն: Պարագլուխը՝ գեղեցիկ հայուհի մը, վարպետութեամբ կ՛առաջնորդէ խմբակը, անոր ճկուն շարժուձեւերը բարեձեւ ու գեղեցիկ արտաքինը աւելի կը գեղեցկացնեն: Խմբակին ձեռքերու ամուր սեղմուածքը, փակած ուսերու համաչափ շարժումները, խրոխտ քայլերը, ոտքերու գետնի ամուր հարուածը եւ բարձրաձայն «հէ՛յ»-ը կը հետաքրքրեն անցորդները:
Երիտասարդներուն հաճոյալից պարը անցորդները մէկ-մէկ կը մօտեցնէ, որոնք ժպտադէմ կ՛ըմբոշխնեն անոնց եռանդն ու հրճուանքը: Անոնք կարծես այս պարով փոխանցելիք պատգամ մը ունին: Երիտասարդի մը ամբողջ ներուժն ու տաքարիւնութիւնը նկատելի է այս շարժուձեւերուն մէջ:
Մօտ եմ ես ալ, մօտէն վայելելու այս անակնկալ հաճոյքը, ինչո՞ւ չէ նաեւ ժպիտով մը համեմելու հոգառատ առօրեան:
Պարագլխուն դէմքը ծանօթ է, կարծեմ աշակերտներէս եղած է, այո՛, ինքն է: Դէմքի գիծերը կը յիշեցնեն մանկութիւնը: Ան մանկութենէն ունէր այս շնորհքը: Հալէպի «Շուշի» մանկապատանեկան պարախումբի ելոյթներուն բեմը զարդարող շնորհալի մանուկներէն էր: Շա՜տ փոխուած է, վայելուչ երիտասարդուհի մըն է արդէն: Մազերը արձակած, գլխու շարժումներուն հետ կ՛ալեկոծին անոնք, պատշաճ հագուածքին մէջ պարի շարժումներուն հետ թեթեւօրէն կը շարժին նորահաս կուրծքերը, սիրելու եւ սիրուելու տարիքն է: Կողքիններն ալ ծանօթ են, կը յիշեմ դէմքերը Հալէպէն:
Է՜հ, մանուկները երիտասարդ են արդէն:
Խմբակին կը միանան ուրիշներ եւս, չեն գիտեր քայլափոխերը, հոգ չէ, կը սորվին: Ճկունները անմիջապէս կ՛ընկալեն եւ հաճոյքով կ՛ոստոստեն, ուրիշներ կը փորձեն կապկել շարժուձեւերը, երբեմն կը յաջողին, երբեմն ալ սխալ շարժումով մը կ՛արժանանան կողքիններուն դժգոհանքին, բայց խումբը միասնաբար անթերի սրտաբուխ «հէ՜յ»-ը կը բարձրաձայնէ:
Շուրջպարի շարանը հետզհետէ կ՛երկարի: Խումբին խանդավառութեամբ կը միանան նաեւ երեւանցի երիտասարդներ: Արուեստագէտ պարողներ են անոնք, անմիջապէս կ՛ընկալեն ու վարպետ շարժուձեւերով շուրջպարին հմայքը կը կրկնապատկեն: Հապա՛, խեղճերը ամիս մը «Բաղրամեան» պողոտայի վրայ պարեցին, ցատկեցին, երգեցին, կերան, քնացան, հոն բնակեցան, այս ձեւով բողոքեցին, հոգ չէ թէ անոնց բողոքները անպատասխան մնացին:
Ձեռքիս վրայ ջերմութիւն կը զգամ, աշակերտներէս մէկը եւս կողքս է ու ձեռքէս բռնած.
-
Բարե՛ւ, օրիորդ (չորս դիս կը զննեմ, որ տեղացի մը նկատած չըլլայ «օրիորդ»-ը, քանի հոս բացասական իմաստ ունի):
-
Բարե՛ւ, աղուոր տղայ.- Յիշեցի զինք, չարաճճի, անհանդարտ մանչուկ մըն էր, հիմա՝ վառվռուն աչքերով գեղեցիկ երիտասարդ մը:
-
Եկէ՛ք, մենք ալ պարենք:
-
Ի՞նչ է առիթը, տեղեա՞կ ես:
-
Այո, օրիորդ, մեր ընկերոջ հրաժեշտ կու տանք:
-
Պարենք, աղուորս, պարենք ուրեմն:

Պարեցէ՛ք, հայ երիտասարդներ: Երէկ Սուրիոյ մէջ, այսօր՝ Հայաստանի, վաղը՝
Պարով արտայայտեցէք ձեր երջանկութիւնը, յոյզը, վիշտը
Պարով դիմագրաւեցէք կեանքի բոլոր դժուարութիւնները

 

 

No comments:

Post a Comment