Saturday, December 12, 2015

Ընկղմած նաւուն մակոյկները օգտագործելու բարոյական կանոններուն մասին


Հրաչ Քալսահակեան

Եւրոպա կամ այլ շրջաններ հասած ու հոն ապաստան փնտռող սուրիացին (որոնց կարգին նաեւ սուրիահայը) պարտաւոր է ընդունող իշխանութիւններուն ներկայացնել թէ ի՜նչ պայմաններու տակ իր բնակարանը լքած է, որ՜ոնց կողմէ հալածանքի ենթարկուած եւ ի՜նչ վտանգներ կը սպասեն իրեն, եթէ մի գուցէ պարտաւորուի Սուրիա վերադառնալ, եւայլն:

Փախստականներու հարցերով զբաղող պատասխանատուները, փորձով գիտեն թէ այդ պատմութիւնները մեծ մասամբ շինծու են, բայց քանի որ քաղաքական հակում կայ եկուորները ներս ընդունելու, շատ անգամ անուղղակիօրէն կը յուշեն ապաստան խնդրողներուն թէ ինչ ձեւով պէտք է շարադրեն իրենց պատմութիւնները եւ ինչ մասնաւոր կէտերու վրայ շեշտը պէտք է դնեն:

Եթէ բառացիօրէն ուզեն օրէնքը գործադրել, սուրիահայերէն շատ քիչեր, որպէս փախստական, ապաստան ստանալու իրաւունք պիտի ունենան:

Քաղաքական առումով՝ սուրիահայերը ընդհանրապէս Ասատի վարչակարգին համակիր են, հետեւաբար ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ հալածուած չեն: Այն շրջաններուն մէջ, ուր իսլամ ծայրայեղականները կը տիրեն, շատ քիչ թիւով հայեր կային որոնք շուտով հեռացան իրենց տուներէն՝ նախքան վտանգի սրումը:

Տնտեսական առումով՝ սուրիահայերուն մեծ մասը կը բնակի այնպիսի շրջաններու մէջ, ուր առեւտուրը ու տնտեսական գործունէութիւնը չէ դադրած (թէեւ նուազած է): Անոնք շատ դիւրաւ կրնան փոխադրուիլ սուրիական այլ շրջաններ (օրինակի համար Ծովափի շրջանները), ուր ամէն հնարաւորութիւն ունին շարունակելու իրենց գործունէութիւնը:

Մարդասիրական առումով՝ սուրիահայերը մաս կը կազմեն դար մը բարեգործական մեծ փորձ կուտակած ազգի մը:

Դեռ չենք խօսիր այն փաստին մասին, որ անոնք երկրի բնակչութեան միակ հատուածն են, որ ունի կայացած հայրենիք՝ նոյն տարածաշրջանին մէջ:

Մէկ խօսքով՝ միլիոնաւոր սուրիացի արաբ գաղաթականները, որոնք թէ՛ քաղաքականապէս եւ թէ՛ տնտեսապէս տուժած են, հայերէն աւելի իրաւունք ունին ընկալող երկիրներուն մէջ ապաստան խնդրելու:

Ընկղմած նաւէ մը բոլոր մարդիկ բնականաբար պիտի ուզեն դուրս գալ, երբեմն նոյնիսկ գրաւելով մակոյկներուն մէջ մանուկներուն ու անկար մարդոց յատկացուած տեղերը: Բայց այդպիսի միջոցներով իրենց մորթը փրկած մարդիկ, իրաւունք ունի՞ն բարձր սկզբունքներու մասին խօսելու:

Նոյն ձեւով հարց կրնանք տալ՝ այլ երկիրներ ապաստան գտնելու համար Սուրիոյ հասցէին ամէն տեսակի սուտ ու յերիւրանք շարադրած մարդիկ, իրաւունք ունի՞ն սուրիական «հայրենասիրութեան» մասին խօսելու:

 

No comments:

Post a Comment