Saturday, December 12, 2015

ԵՐԿՆԱԳՈՅՆ ԱՂՋԻԿԸ


ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Քաղաքացիակա՞ն պատերազմ էր: Ամէն ինչ սեւ էր տղուն շուրջը, սեփ-սեւ:
Յոգնած էր պայթող ռումբերէն, կրակոցներու ձայներէն, օդանաւէն նետուած վառօդով լի սպաննիչ տակառներէն...
Յոգնած էր ամէն օր ելեկտրական հոսանք, ջուր սպասելէն, ամէն օր ջուր կրելէն...
Յոգնած էր աշխատանքի վայրին մէջ տիրող կեղծ ժպիտներու ետին թաքնուած լարուող թակարդներէն..
...
Կը քալէր, մինակ ու տխուր...տխո՞ւր, ոչ տխուր չէր: Ձանձրացած էր. ձանձրացած էր ամէն ինչէ, եւ հիմա մահը աւելի կը սիրէր քան կեանքը..
Քանի մը շաբաթէ ի վեր մահ կը փնտռէր, մահ կը փնտռէր որովհետեւ կ'ամչնար որպէս մարդ ապրելէ, որովհետեւ հասկցած էր որ այն յատկանիշները զորս մարդ ինքն իրեն տուած էր երկար դարեր մեծ սուտ մըն էր, իսկ իրականութիւնը շատ տգեղ էր՝ մարդը ոճրագործ էր, միշտ այդպէս եղած էր:
Կ'ուզէր մեռնիլ եւ մի քանի ժամ ետք պիտի ... մեռնէր որովհետեւ ցաւ չպատճառող բայց սպաննող դեղահատ կուլ տուած էր..
Հաշտ էր ինքզինքին հետ, չէր զղջացած:
Իր այս քալելը վերջին պտոյտ մը չէր, այլ ցանկալի մահուան սպասումը հեշտացնող միջոց մը..
...
Հեռուն ծաղկավաճառ փոքր աղջիկ մը տեսաւ: Ձեռքը գրպանը տարաւ, դրամ ունէր: Մօտեցաւ աղջկան, գրպանի ամբողջ դրամը տուաւ անոր եւ սպիտակ վարդ մը գնեց, ինք չընտրեց գոյնը, աղջիկը միայն սպիտակ վարդեր ունէր:Տարօրինակ բան մը անցաւ միտքէն. Ի՜նչ լաւ կ'ըլլար եթէ այս վարդերը կապոյտ ըլլային, երկնագոյն կապոյտ...
Ինք կապոյտ գոյնը շատ սիրած էր, այնքան շատ, որ որոշած էր եթէ ամուսնանանալու ըլլայ հարսին հագուստը կապոյտ պիտի ըլլար, կապոյտ քօղով...
Տուն վերադառնալու ժամն է, մարմինը կը թուլանար,, մահաբեր դեղը ազդել սկսած էր.. 
Պէտք է աճապարէ: Կտրուկ ետեւ դարձաւ՝ դէպի տուն եւ մէկու մը զարնուեցաւ.. Աստուած իմ, կապո՜յտ երկնագոյնը, իր սիրած, իր երազած կապոյտ երկնագոյն հագած աղջիկ մը կեցած էր դէմը...
Երա՞զ էր.. ո՛չ , իրականութիւն էր, ուշացած հանդիպում մը, ուշացա՞ծ, թերեւս, բայց ոչ ուշ: Ձեռքի վարդը երկարեց աղջկան, ներողութիւն խնդրելու համար չէ, այլ սէր խոստովանելու..
«
Ի՛նչ գեղեցիկ է կեանքը, միշտ երազդ կրնաս գտնել». մտածեց:
-
Մամի՛, կապոյտ աղջկան մօտեցաւ փոքր աղջնակ մը:
Տղան նայեցաւ փոքր աղջնակին, նայեցաւ կապոյտ երկնագոյն աղջկան ու վարդը երկարեց փոքրիկին..
Աղջնակը մէկ քայլ հեռացաւ եւ հայեացքը ուղղեց մօր:
-
Ա՛ռ, աղջիկս, շնորհակալութիւն ըսէ.- եւ ինք դառնալով դէպի տղան ժպտաց:
Տղան տեսաւ հմայիչ ժպիտը, որ ուշ, շատ ուշ գտած էր ուստի եւ սոսկ շնորհակալութիւն արտայայտող ժպիտ կրնար ըլլալ իրեն համար... Արագօրէն հեռացաւ, կ'աճապարէր տուն..
Հիմա մահուընէ աւելի կեանք կը ցանկար...

 

No comments:

Post a Comment