ՀՐԱՉ ՔԷԼՍԱՀԱԿԵԱՆ
Ռուսիա - Թուրքիա յարաբերութիւնները այսքան սրուած չէին նոյնիսկ պաղ պատերազմի տարիներուն:
Ռուսիա կը պնդէ որ Էրտողան եւ իր ընտանիքը ԻՍԻՍի հետ նաֆթի բիզնեսով կը զբաղին, իսկ Էրտողան կը պատասխանէ ըսելով որ ինք պատրաստ է իր պաշտօնէն հրաժարելու եթէ ռուսերը նման բան կարենան փաստել:
Խորքին մէջ Էրտողան եւ Փութին բախումը անձնական հակառակութիւն մըն է որ կախեալ է երկուքին քմահաճոյքէն: Հաւանական է որ որոշ սրումէ ետք ձեւական ողջագուրումով մը աւարտի, քանի որ հասարակաց շատ մը գիծեր ունին երկու անհատականութիւնները:
No comments:
Post a Comment