Saturday, December 12, 2015

ԷՐԻԿ – ԿՆԻԿ


ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ հետեւելով « էրիկ- կնիկ»ի շատ բան կարելի է սորվիլ: Ոմանք օգտակար, ոմանք՝ ո'չ: Բայց շնորհիւ այս «էրիկ- կնիկ»ին, այդ տարիներուն՝ գործնականապէս լա'ւ բան սորվեցանք: Առեւտուրն էր: Գիրքերու առեւտուրը: Հալէպի հայ գրավաճառները քանի մը հատ էին: Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ ճիշդ դիմացը Կիւլեսերն էր, իսկ Ճիտեյտէի կողմէն Սալիպէի մուտքի կամարէն անմիջապէս անդին, աջին՝ « էրիկ- կնիկ»ին խանութը: Գիրքերու առեւտուրը երկու նպատակի կը ծառայէր: Գլխաւորը, նիւթական մեծ զոհողութեամբ ձեռք անցած գիրքերու նպաստաւոր գիներով վերագործածումն էր: Ապա կու գար գրպանի ծախս հոգալու պատանեկան անհրաժեշտութիւնը: Դպրոցական տարուայ աւարտին գործածուած գիրքերը կը վաճառուէին գրախանութներուն. Իսկ վերամուտին ՝ աշակերտներ կը փութային գրախանութները ամբողջացնելու իրենց դասագիրքերու ձեռք բերումը: Բարեկեցիկ ընտանիքներու զաւակներ թերեւս պէտք չունէին այս առեւտուրին, սակայն դպրոց յաճախորդներու զանգուածը քանի մը շաբաթ կը մաշեցնէր Սալիպէի թաղերու գետնատարածքին շարուած արդէն իսկ մաշած սեւ գետնաքարերը: Կիւլեսերը առաւելապէս քաղքենիներու գրախանութն էր, իսկ « էրիկ- կնիկ»ը՝ յարաբերաբար ժողովրդական: Ամառուայ արձակուրդի ամիսներու ընթացքին գրախանութները կը նորոգէին գործածուած գիրքերը, կը փակցնէին պատռուած էջերը, կը վերակազմէին կողքերը եւ յարուցեալ վիճակի մէջ կը տրամադրէին գնորդներուն: Գիրքերու փոխանակման իմաստով, այդ օրերու e-bayն էր պատին մէջ փորուած այդ փոքր խանութը, ուրկէ ներս կարելի չէր մտնել եւ ուր բովանդակ առեւտուրը կը կատարուէր մուտքին երկարող եւ պատէ պատ զայն փակող սեղանի մը վրայ: Անյաւակնոտ, աշխատասէր, համեստ եւ լռակեաց զոյգ մըն էին « էրիկ-կնիկ»ը: Սիրով ըլլալ կը թուէին. Նուաճում մը որ խիստ գնահատելի էր միասին աշխատող որեւէ էրիկ- կնիկի համար: Զարմանալի էր նաեւ թէ այդ անկանոն խանութին մէջ, ուր գիրքերու բլուրները զիրար կը հրմշտկէին, ինչպէ՞ս կարելի կ'ըլլար գտնել փնտռուածը: Բայց եւ այնպէս կարելի կ'ըլլար, ոչ միայն գիրքը այլ նաեւ գրենական կենսական պիտոյքները եւ մանաւանդ բոլոր դպրոցներէ պահանջուած յատուկ, հաստ, հասարակաց կապոյտ թուղթէ պատրաստուած գիրքերու կողքը եւ կողքի ճակատին բազմած սպիտակ պիտակը- էդիքէդ: Ժամանակի ընթացքին գրատուները զարգացան Հալէպի մէջ, ուր եկան ծառայութեան դաշտին վրայ աւելնալ Տարագճեան, Պէքեարեան, Սապունճեան եւ այլ արդիական գրախանութներ: «Էրիկ-կնիկ»ը սակայն , Կիւլեսէրի կողքին կը մնան մեր մշակոյթի կրակի ճարճատումին վառելանիւթ հայթայթող ամենականուխ աղբիւրները: 

No comments:

Post a Comment