Saturday, December 12, 2015

ԿՐԹԵԱԼ ՇՈՒՆԵՐ

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան

Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի ազդալոյսին մօտ այլ անցորդներու կողքին կանգնած, կը սպասեմ կանաչ լոյսին, երբ մեր կողքին կու գայ, կը կանգնի նաեւ այդ պողոտայի շուներէն մին: Զարմանա՞լ, թէ՞ հիանալ այս երեւոյթին, մարդու նման կը սպասէ կանաչ լոյսին, որպէսզի անցնի պողոտային դէմի մայթը եւ հազիւ կանաչ լոյսը կը նկատէ, անցորդներուն հետ կը սկսի յառաջանալ: Շշմած կը հետեւիմ շան, որ հանդիպակաց մայթը կը հասնի ու շրջելով մայթին վրայէն, ուղին կը շարունակէ:
Այս երեւոյթին ազդեցութեան տակ կ՛ուղղուիմ նոյն տարածքի «Խաչքարերու այգին»: Ազատ, արեւու շողերով ջերմացած նստարանի մը վրայ կը նստիմ, աշնան վերջին տերեւաթափը ըմբոշխնելու: Այգիին այցելուները նօսրացած են, տարեցները ցուրտէն տուները քաշուած ըլլալու են, բայց եւ այնպէս արեւոտ նստարանները դատարկ չեն: Մենութեանս բաժանեկից կ՛ըլլայ օրօրուելով գլորուող չոր տերեւ մը, որ կը թառի կողքիս:

Քիչ անդին այգիի հողատարածքին վրայ նկատելի են երեք շուներ. ընտանիք մը ըլլալու են. մէկը փոքր է: Կը վազվզեն իրարու հետ, կը խաղան, հաւանաբար կը խաղցնեն ձագուկը, ահա մեծերէն մին՝ հայրը թերեւս, կը շրջի նստարաններուն մօտ, փնտռտուքի մէջ է, դունչով կը հոտուըտայ նստարաններուն չորս կողմը, որոնումները անյաջող կ՛ընթանան, կ'երեւի, կեր կը փնտռէ, բայց ի՞նչ կրնայ գտնել, շատ-շատ սերմուշքայի (արեւածաղիկի կուտ) չոր կեղեւներ: Ափ մը սերմուշքան կրնայ ժամ մը զբաղեցնել զայն կրծոտող այգիին այցելուները:
Հայր շունը այս անգամ դունչը կը խրէ աղբարկղներուն մէջ, եւ ահա հացի մանր կտորներ հաւաքած, կ՛ուղղուի ընտանիքին մօտ: Երկու մեծ շուները՝ հայրն ու մայրը կանգնած, ձագուկին հացի կտորները յօշոտելուն կը հետեւին:
Կը մտաբերեմ շունիկս՝ Բաչին, որ Հալէպ վերջին տարիներու ոչ միայն ընտանիքիս, այլեւ շէնքի բնակչութեան սփոփանքն էր: Հազիւ շէնք մտնէի կը թնդացնէր ամբողջ շէնքը, դրացիներս արդէն կը զգային, ոմանք դուրս կ՛ելլէին, կը բարեւէին, մինչ ես կ՛աճապարէի Բաչին լռեցնելու, որ տանս դուռը բանալուս պէս ամբողջ մարմնով կը յարձակէր, արագ շարժումներով չորս դիս կը շրջէր, լաւ մը շոյուելէ ետք կարմիր գնդակը դունչին կախած կը բերէր, որպէսզի խաղցնեմ զինք:

Դուրսը, երբ կրակոցի ձայները բարձրանային, Բաչին կը վախնար եւ կ՛երթար նստասենեակիս մէկ անկիւնը կը պահուէր. կը զգայի, կը կանչէի իրեն համար շատ սիրելի ոճով.
Բաչուկ, Բաչո՜ւկ

Վախը փարատած, շորորալով ու ժպտելով կը յառաջանար, թաթով ձեռքիս կը հպէր, որ շոյեմ զինք: Դրացիներս ալ այս պահերուն յաճախ բոլորը ետեւ-ետեւի կը հեռաձայնէին.
Իջի՛ր, սուրճը պատրաստ է, Բաչին ալ իջեցո՛ւր, թող զբաղի կենդանին,- բայց ո՞վ զով պիտի զբաղեցնէր. գոնէ հաւաքին թեման Բաչիին շուրջ կը դառնար, հեռու պատերազմական նիւթերէ…:

Դրացիներուս թոռները շատ կը սիրէին պտտցնել Բաչին, իրենց մամիներուն տունը չմտած, քովս կու գային.
Կրնա՞նք պտտցնել Բաչին:

Հարկաւ կրնաք, միայն շատ մի հեռանաք, շէնքին շուրջը դառնաք կը բաւէ,- իսկ Բաչիին,- Բաչի երթա՞նք,- կ՛ուրախանար կենդանին ու վազելով կապը կը բերէր ու դէմս կը կանգնէր, որ պատրաստեմ զինք:

Հետաքրքրական էր շնիկիս հաւատարմութիւնը. երբ մէկը բացակայէր՝ օրերով ճաշ չէր ուտեր, ժամերով դրան սեմին կը սպասէր անոր, նոյնիսկ բացակային անկողինը կը խուզարկէր, հոն զինք գտնելու յոյսով…:
Աչքիս կը փայլի Բաչիին պէս գեղեցիկ շնիկ մը, նոյն ձեւով շորորալով կը յառաջանայ, փափուկ, սպիտակ մազերը կ՛ալեկոծին, գլխաւերեւի մազերն ալ փայլփլուն կապով կապուած են շփացածին.
Եկո՛ւր,- կ՛ըսեմ, չի դառնար իսկ, արդեօք չի՞ հասկնար,- արի՛, արի՛,- կ՛ըսեմ, կանգ կ՛առնէ ու կը մօտենայ, շունն ալ արեւմտահայերէն չի հասկնար, արդէն կը մօտենայ գլխէ ոտք մուշտակով ծածկուած ազնուական տիրուհին ու.

Չինօ արի՛,- կը կանչէ:

Չինօն ոստոստելով կը հետեւի տիրուհիին, որ հեռաղեկով նորաձեւ ինքնաշարժը կը բանայ, նախ շնիկը կը տեղաւորէ, ապա կը բազմի ղեկին դիմաց, ինքնաշարժը կը սուրայ, կ՛երթայմինչ կողքի նստարաններուս վրայ բազմած համեստ արտաքինով քաղաքացիները կը շարունակեն սերմուշքան կրծոտել ու ջերմանալ արեւու անհետացող ճառագայթներուն տակ: Ձմրան շա՜տ տուն պիտի փակուին եւ վառելանիւթ սպառեն…:

No comments:

Post a Comment