Saturday, December 12, 2015

ԱՐԱԳ ՎԱՅՐԿԵԱՆՆԵՐ

ԾՈՎԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Տեն Հաակ – Հոլանտա

Ժամացոյցին նայեցայ,
որքան հաստատ ու հպարտ քայլերով կը յառաջանար, պահ մը ետին չնայելով՝ կարծես Սոդոմ-Գոմորէն փախած ըլլար.
չունէր յիշատակներ,
չունէր փշրուած երազներ,
չունէր շնչահեղձ րոպէներ:
Իսկ ես՝ շուարած, շփոթած, խենթ ու խելառ, երկու քայլ առաջ, մէկ քայլ ետ, ճակատագրական պարս կը պարեմ կեանքին հետ.
եթէ ժամացոյցը ակնարկ մը նետէր մարդուն, պիտի սխրանար, հիանար ու մէկդի դնելով սլաքը սուրբ պիտի արբենար գաւաթ մը սիրոյ արցունքով:

 

No comments:

Post a Comment