Tuesday, January 12, 2016

ՀՐԱՉ ՔԱԼՍԱՀԱԿԵԱՆ ԿԸ ԳՐԷ

Վերջերս աւելի յաճախ կը հանդիպիմ «երազային Հալէպի» մանկութեան ու վաղ պատանեկութեան տարիներուն մասին գրուած յուշագրական տողերու, այնպիսի գրողներու կողմէ, որոնք տասնամեակներէ ի վեր Հալէպէն դուրս կ'ապրին:

Խաղաղ օրերուն մեկնած Հալէպահայերը սփոփելու ինչքա՜ն կարողութիւն ունին պատերազմի ճիրաններուն տակ մնացողներուն, երբ այդքան առատօրէն կը նկարագրեն իրենց նախկին «աննման» պահերը: Անոնց անձնական յուշերը որքա՜ն օգուտ կրնան բերել:

Քիչ մը հակասական կը գտնեմ երբ մէկը իր ծննդավայրը ներփողէ ու զանիկա ամենէն գեղեցիկ բառերով նկարագրէ՝ պատերազմէն տուժած հանրութեան մը առջեւ, երբ ինք իր ազատ կամքով եւ լրիւ գիտակցութեամբ հեռացած է հոնկէ:

Բայց կրնամ հասկնալ նաեւ որ գրելը ինքնանպատակ արարք ալ կրնայ ըլլալ:

 

No comments:

Post a Comment