Tuesday, January 12, 2016

ԷԱԿԱՆ ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄՆԵՐ Ե.


ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ

Մամուլին թէ ընկերային կայքերու էջերուն միշտ ալ կը հանդիպիմ մտաւորականներու եւ գրագէտներու, որոնք ազգային մեր նոյն հարցերուն շուրջ նոյն սրտցաւութեամբ կը գրեն, նոյն ծանր մտահոգութիւնները արտայայտելով: Կը գրեն նոյնիսկ գրեթէ նոյն բառապաշարով:
«Առեղծուածային» հարցումը հետեւեալն է.
Եթէ մեր կարեւոր մտաւորականներն ու գրագէտները զիրենք տագնապեցնող հարցերը ձեւակերպած եւ յստակեցուցած են, ինչո՞ւ ուրեմն չեն կրնար լուծումներու շուրջ համաձայնիլ – չեմ ըսեր «նոյն լուծումներուն», բայց գոնէ՝ համաձայնիլ:
Պատասխանը կու գայ պարզ տրամաբանութեան ճամբաներով՝ որովհետեւ մենք հայերս միշտ ալ համաձայն եղած ենք … չհամաձայնիլ, ի՛նչ ալ որ ըլլան հարցերը եւ խնդիրները:
Այսօր Սփիւռքի տարածքին մեծ հարց են մեր բազմաթիւ եւ բազմաբղէտ դասագիրքերը, իրենց ուղղագրական թէ քերականական նոյնքան բազմազան կանոններով:
Զապէլ Հ. Ասատուրի կազմած դասագիրքերէն մինչեւ այօրուան մեր նորագոյն դասագիրքերը ոչ միայն չեն օգներ աշակերտին, այլ շփոթի կը մատնեն զինք:
Թերեւս ըլլան մարդիկ, որոնք ըսեն թէ այս բազմազանութիւնը կը հարստացնէ մեր լեզուն, կամ՝ մեր լեզուին հարստութիւնն է:
Հետաքրքրական է, որ Զապէլ Ասատուրի գիրքերուն մէջ «յոքնակի» բառը քէ-ով գրուած կը գտնենք: Տասնամեակներու ընթացքին այս եւ նման այլ տարբերակներ փոփոխութեան ենթարկուած են, զտուած եւ հասած մեզի: Բայց այդ փոփոխութիւնները ինչպէ՞ս տեղի կ'ունենան:
Իր դասագիրքերէն մէկուն յառաջաբանին մէջ Տիկ. Ասատուր հետեւեալը կը գրէ.
«… մեր կողմէ որեւէ նոր օրէնք մը հնարած չենք բնաւ: Աշխարհաբարի անվիճելի հեղինակութեանց դիմած ենք, քննած, բաղդատած, վերլուծած եւ համադրած ենք …»:
«Մեր գլխաւոր աղբիւրը եղած է Պոլսոյ աշխարհաբարը» եւ «… առաջնութիւն տուած ենք ամէն անգամ որ այդ ձեւերը նուիրագործուած տեսած ենք գրագէտներու գրչին տակ» («Գործնական Քերականութիւն Արդի Աշխարհաբարի», Բ. գիրք, Յառաջաբան, էջ Ե., Զ.):
Այս մէջբերումները յստակօրէն կը նշեն դերը հայ գրագէտին, լեզուին կազմութեան, նորումին եւ յառաջացումին մէջ:
Կը նշեն նաեւ յարգանքը գրագէտին հանդէպ, որ բանին ու գիրին գիտակ է: Հակառակ անոր, որ Տիկ. Ասատուր ինք եւս գրագիտուհի մըն է գեղարուեստական իր երկով թէ մանկավարժական վաստակով, նորէն ալ իր յարգանքն ու համարումը այլ գրագէտներու հանդէպ չի զլանար:
Այստեղ անշուշտ գլխաւոր հարցը լեզուի մը, որեւէ լեզուի, ժամանակի ընթացքին ապրած հոլովոյթն է: Այդ հոլովոյթը գլխաւորաբար տեղի կ'ունենայ բառապաշարին մէջ, քիչ անգամ քերականութեան կամ ուղղագրութեան մէջ:
Ի՞նչ օրէնքներու կը հետեւի այդ հոլովոյթը:
Ի՛նչ օրէնքներու ալ հետեւի, պէտք է ըլլայ – սպասելի է որ ըլլայ – մարմին մը, որ հոլովոյթին ընթացքը կանոնաւորէ, դասակարգումի ենթարկէ, զտէ:
Այստեղ այլ հարց մը ինքզինք կը զգացնէ՝ ժողովրդական ըսելաձեւերը, եթէ մտած են կամ մտնեն գրագէտներու երկերուն մէջ, ընդունելի կը դառնա՞ն: Օրինակ Տիկ. Ասատուր անձնական դերանունին Ա. դէմք եզակին հետեւեալ տարբերակով կը հոլովէ.
Ես
Զիս
Իմ, իմին
Ինձ, ինծի
Ինձմէ, ինէ
Ինձմով
Հետաքրքրական է, որ այսօր մենք կ'օգտագործենք տրականին երկրորդ, բայց բացառականին եւ գործիականին առաջին ձեւերը: Եթէ օգտագործենք երկրորդ ձեւը, պէտք է ունենանք՝ ինծի, ինծմէ, ինծմով (ինչ որ կը գտնենք Յարութիւն Քիւրքճեանի պատրաստած «Հայ Լեզու եւ Գրականութիւն» դասագիրքերու վարժութեան տետրակներուն մէջ (թիւ 6, էջ 35): Իսկ առաջին ձեւը կիրարկելու պարագային պէտք է ունենանք՝ իմ, ինձ, ինձմէ, ինձմով:
Ու երբ աշակերտը հարց կու տայ՝ ինչո՞ւ «ինծի», բայց «ինձմէ, ինձմով», կ'ըսենք՝ որովհետեւ օրէնքը ա՛յս է, մոռնալով եւ անգիտանալով, որ քերականութիւնը իր մեծամասնութեան մէջ մաթէմաթիքի տրամաբանութիւն ունի:
Թէեւ մենք (Հալէպ) խօսքի մէջ «իմին» ձեւը չենք օգտագործեր (Գահիրէի մէջ օգտագործելի է, Պոլսէն ժառանգուած), բայց ընդունուած են «իմինս, քուկինդ, ձերինը» ձեւերը:
Ասոնք պարզապէս օրինակներ են. հեռու ենք կանոններու մասին այստեղ խօսելէ. երեւոյթին է որ կ'անդրադառնանք:
Այս բոլորին համար մարմին մը պէտք է:
Մարմինը կա՛յ՝ «Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Յանձնաժողով»:
Արդէն երեք տարիէ ի վեր (2013) կազմուած այս յանձնաժողովին անդամները կու գան տարբեր գաղութներէ, քաղաքներէ, երկիրներէ, ցամաքամասերէ: Հաւաքուիլն ու հանդիպիլը դժուար է, թերեւս աւելի՞ ծախսալից, քան առնուելիք որոշումներուն արժէքը: Հաւանաբար այդ է պատճառը, որ հանդիպումներ եւ ժողովներ չեն եղած, կամ եթէ եղած են իսկ, մամուլով յայտարարուելու արժանի որոշումներ չեն առնուած, տակաւին:
Այսօր սակայն այդ հարցը այնքան դիւրաւ լուծուելիք հարց է, համացանցին ընձեռած պայմաններով, որ չ'արժեր այդ մասին այստեղ խօսիլ:
Մամուլին մէջ ի յայտ եկած ուղղագրական թէ քերականական տարբերակները տագնապ չեն ստեղծեր ա՛յն տարողութեամբ որ անոնք կը ստեղծեն դասագիրքերու պարագային, որովհետեւ հայ մամուլի ընթերցողը արդէն գիտէ եւ գիտակից է գոյութիւն ունեցող տարբերակներուն:
Բայց դպրոցներէն ներս, ուր հայերէնը արդէն «երկրորդ լեզու»ի կարգավիճակ ունի, աւելի քան անհրաժեշտութիւն է Սփիւռքի ԱՄԲՈՂՋ տարածքին, բոլոր դպրոցներուն համար օգտագործուած ԲՈԼՈՐ դասագիրքերուն մէջ ՄԷԿ կանոնի սկզբունքը որդեգրել, գոնէ մինչեւ աշակերտը բարձրագոյն կարգ հասնի: Այն ատեն կարելի է ըսել՝ այս ձեւով ալ ընդունելի է, այն ձեւով ալ:
ԹԷեւ լաւ պիտի ըլլար, որ մէկ անգամ ընդմիշտ այս երկուութիւններուն շուրջ համաձայնութիւն գոյանար եւ միաձեւութիւնը այլեւս հարցի չվերածուէր. ասիկա անշուշտ պատասխան կ'ըլլար բոլոր անոնց, որոնք դասական ուղղագրութեան կամ քերականական կանոններու դժուարութիւնը, հայերէն չիմանալուն որպէս պատճառաբանութիւն կը ներկայացնեն:
Անշուշտ առաջարկս նոր կանոններ ստեղծելը չէ բնաւ (դիւրացնելու անիմաստ չքմեղանքով), այլ գոյութիւն ունեցող տարբերակներէն մէկը ընտրել, յայտարարել եւ ա՛յդ միայն ի զօրու համարել:
Ասիկա ընելու համար յանձնաժողովին հաւաքուելուն եւ հանդիպելուն իսկ կարիք չկայ: Գոյութիւն ունեցող բոլոր ուղղագրական եւ քերականական տարբերակները ցանկով մը կարելի է ղրկել յանձնաժողովի անդամներուն, առաջարկները ստանալ (միշտ համացանցային կապերով) եւ ըստ մեծամասնութեան որոշել: Շա՞տ դժուար է:
Որովհետեւ երբ նոյն դպրոցին տարբեր դասատուները տարբեր կանոններ կը սորվեցնեն իրենց աշակերտներուն, այդ պարագային չենք կրնար հարցը անտեսել, իրաւունք չունի՛նք անտեսելու:
Եւ արդէն ժամանակը շատ կարճ է, եթէ անցած չէ … Սերունդներ հասակ կը նետեն, կ'անցնին, մինչ այս այնքան անհրաժեշտ հարցը դեռ իր լուծումը կը սպասէ:
Յանձնաժողովը կա՛յ:
Կը մնայ որ ան բարբառի ու մենք լսենք:
«Եռագոյն»

No comments:

Post a Comment