Tuesday, January 12, 2016

ԸՆԴՎԶՈՒՄ

ՄԱՐԱԼ ՄԱՍՐԵԱՆ- ԹՈՐԻԿԵԱՆ

«Լեզուս կապեմ, չ՛ըսեմ» ըսի, բայց չկրցայ: Ընդվզումս ու նեղութիւնս չեմ կրնար կուլ տալ, կոկորդիս լայնքին մխրճուեր է ձկան փուշի նման ու զիս կը խեղդէ:
Իսկապէս գնահատելի է Գանատայի կառավարութեան ջերմ ընդունելութիւնը եւ ասպնջականութիւնը: Յոյժ շնորհաւորելի է գանատահայութեան «Հայ Տուն» նախաձեռնութիւնը եւ նախանձելի է իրենց հսկայ աշխատանքը. «Վարձքը կատար» գաղութի բոլոր անդամներուն: 
Բայց... ի՞նչ ըսեմ մեր հայրենի ղեկավարութեանց, մեր Սփիւռքի բոլոր կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն «Ձեր խելքի՞ն մատաղ». «Ձեր խելքի՞ն....» ի՞նչ ըսեմ...: Յանուն կառոյցներու պահպանութեան ոչ մէկ ծրագիր մշակուեցաւ «Դէպի Տուն». վասն ինչո՞ւ, կառոյցներո՞ւ... դատա՞րկ կառոյցներու... ի՞նչ արժէ՜ք...: Փոխանակ սուրիահայերը զանգուածային տեղափոխութեամբ Հայրենիք հասցնելու, կը թողունք, որ ցրուին եւ արմատաւորուին օտար հողերու մէ՞ջ: Ինչո՞ւ Սփիւռք-ա-հայը Հայ չդարձնել Հայաստանի մէջ, ինչո՞ւ թոյլ տալ, որ նոր սփիւռքներ հիմնուին հոս-հոն: Թող հալէպահայը ծաղկեցնէր Հայրենիքը, փոխանակ ծաղկելու օտար ափերու մէջ: Այո՛, դիւրին չէր նման ծրագիր մը իրագործել, սակայն ընդամէնը բուռ մը հայորդիներ էին: Միթէ նեղութեան մէջ չէ, որ կը ստեղծագործուին հրաշալի գլուխ գործոցնե՞րը...: Մենք հնարագէտ ժողովուրդ չե՞նք, «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»... այլեւս չունի՞նք խենթեր, ո՞ւր են, չքացա՞ն...: 
Գիտակից եմ նաեւ, որ սուրիահայը Հայրենիքի մէջ կայք հաստատելէն վերջ, անխուսափելիօրէն պիտի տեղային մեղադրանքներու, գանգատներու, դժգոհութիւններու, սպասումներու տարափներ, յաճախ՝ անհեթեթ...: Որովհետեւ մե՛նք օտարին գլխահակ, հլու ծառայող ենք, բայց մեր տան մէջ բարձրագլուխ, գոռոզ, «Խորոզ» եւ պահանջկոտ:
Չեմ գիտեր... չեմ հասկնար...այլեւս տարակոյսի մէջ եմ... արդեօք մենք միա՛յն սփիւռքակե՞րտ ժողովուրդ ենք...: Հայրենիքը լոկ տեսարժան զբօսատեղի է եւ ոչ «Մեր մայր օթեւա՞ն»ը:
Ես պարզապէս համեստ հայուհի մըն եմ, հալէպահայ, ներկայիս կ՛ապրիմ Արժանթին եւ վրդովումս կ՛արտայայտեմ: Միակ մաղթանքս է, Սուրիոյ՝ մահ ու կենաց մէջ մաքառող պտղունց մը հայերը ասդին-անդին ցրուելէ առաջ խնդրե՜մ, տարէ՜ք, տարէ՛ք Հայաստան....:

No comments:

Post a Comment