Monday, January 11, 2016

ՈՎ ՊԻՏԻ ՓՐԿԷ ՍՈՒՐԻԱՆ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Վերջերս ՄԱԿը, աշխարհի մամուլի էջերով ու նաեւ "ֆէյսպուք"ով, Սուրիոյ ցարդ հասած ու կրած վնասներու մասին պաշտօնական վիճակագրական տուեալներ, հանրութեան սեփականութիւնը դարձուց: Այդ ցանկին մէջ տեղ գրաւած էին այդ երկրին մէջ ցարդ արձանագրուած զոհերու, զոհուածներու, ապաստանեալներու, գաղթականներու, արե-ւանգուածներու, սպանուածներու, փլատակ շէնքերու եւ քաղաքներու ցուցակը:

Մէկ խօսքով, տխուր ու չարագուշակ թիւեր:

Կրկնութեան գինով կ՛ուզեմ ըսել, թէ բոլորիս համար ներկայիս, աշխարհի վիճակը բնորոշելը բաւականին դժուար է: Հիմա ըսէ՛ք, տեսնեմ ինչպէ՞ս կրնանք բնորոշել Սուրիոյ ու մանաւանդ հոն ապրող հայութեան վիճակը:

Աւելի քան երկու տարիներէ ի վեր Սուրիան եւ սուրիահայութիւնը ընդհանրապէս եւ յատկապէս հալէպահայութիւնը կը գտնուին ճակատագրական սեմի մը առջեւ: Հոն, մեր ազգակիցները ոչ միայն հայ ըլլալու եւ հայ մնալու դժուար ու ծանր փորձառութիւնը կ՛ապրին, այլ նոյնիսկ իբրեւ մարդ անհատ` գոյատեւելու, ապրելու եւ շնչելու:

Անօրինակ վիճակ: Անսպասելի եւ քաոսային:

Իբրեւ նշեալ երկրի նախկին քաղաքացի, կը հաւատամ, որ ինծի նման հազարաւորներ ալ այս իրավիճակով շատ մտահոգ են:

Յստակ է, թէ Սուրիան դարձած է 21րդ դարու նոր ռազմադաշտը: Հոն միայն տառապանքն է որ կայ, ներկայ է, իր ամէնօրեայ զանազան գոյներով եւ տեսակաւոր ձեւերով եւ որ կը սպառնայ ամբողջ ժողովուրդի մը ֆիզիքական գոյութեան:

Մեր մամուլը միշտ յիշեցուցած է, թէ տակաւին սուրիահայութիւնը կը մնայ իբրեւ Սփիւռքի մայր գաղութը: Ան, իր համայն հայութեամբ, ինչպէս միշտ, տակաւին կառչած է իր ազգային գոյատեւման ազդակներուն եւ կը փորձէ կեանքի գնով իր ինքնութիւնը պահել ու իբրեւ մարդ ու հայ մարդ գոյատեւել:

Վկա՛յ, այս նեղ ու տագնապալի կացութեան մէջ ամէն առիթով իր կազմակերպած ազգային, գեղարուեստական, կրօնական ու հրապարակային հանդիսութիւններն ու միջոցառումները:

Այս ինքնին հաստատ փաստ մըն է, որ արիւնահեղութեան մէջ խեղդուող Սուրիոյ մէջ, պատիւ իրեն, տակաւին կայ, ունինք համբուրելի, օրինակելի ու ծափահարելի արժէքներ ունեցող հայ գաղութ մը, որուն հաստատ մնալը լոյսի չափ անհրաժեշտ է թէ՛ Սփիւռքին եւ թէ՛ մեր հայրենիքին համար, հաւասարապէս:

Եթէ մէկ կողմէ իբրեւ հայ մտահոգ եմ մեր գաղութով, ինչպէս յիշեցի, միւս կողմէ ալ իբրեւ համեստ ու պարկեշտ նախկին քաղաքացի, մտահոգ եմ այդ երկրին ներկայի տխուր իրավիճակով:

Անոր համար, միշտ ես ինծի հարց կու տամ.- ո՞վ պիտի փրկէ Սուրիան եւ ե՞րբ:

Թերեւս օր մըժամանակըթերեւս… : Պատասխան մը չունիմ:

Միւս կողմէ, ՄԱԿը իր վիճակագրութիւններով կու գայ ահազանգել, որ ներկայի իր այս ընթացքով շատ հաւանական է, որ այս երկրէն շարունակեն հեռանալ աւելի քան չորս միլիոն քաղաքացիներ: Նոյն չափով ալ երկրէն ներս անժամանակ տեղաշարժ տեղի ունենայ, քաղաքացիներու աւելի ապահով երդիքի մը փնտռտուքի հաշւոյն, եթէ նման բան գոյութիւն ունի:

Արդ, յստակ է, թէ այս պատերազմին իբրեւ արդիւնք, տակաւին միլիոնաւոր մարդիկ տարրական կամ կենսական կարիքներու ամէնօրեայ կարօտը ունին: Տակաւին լսելի է կանչերու, յոյսի, աղօթքներու անհամար ու երկար արձագանգը:

Ամէն օր արեան պատմութիւն: Զոհ: Ամէն շաբաթ հայ կամ տեղացի նահատակ:

Հոն այդ երկրին մէջ մարդիկ հաւատքի անուան տակ իրենց գիտցած "դրախտը" մուտք գործելու համար, անմեղներ կը սպաննեն:

Օր ցերեկով եւ աշխարհի աչքին, մարդիկ այդ երկրի խաղաղութիւնն ու անդորրութիւնը այրեցին, ու ոչ միայն երկիրը անանուն դարձուցին, այլ անոր հաւատքն ալ` անկրօն:

Աւելին` իբրեւ շեշտաւորուած իրականութիւն, մարդիկ սուտ հաւատքի զէնքերով եւ ատելութեամբ լեցուած աջ ու ձախ ջարդեցին, կոտորոցին, այրեցին, ամէն վայրկեան վիշտ, ցաւ ու մահ պատճառելով եւ սփռելով: Այլ խօսքով ժամանակի թելադրանքով յոռի բաներ շատ պատահեցան ու տակաւին կը շարունակուին:

Անոր համար հո՛ն, մարդիկ, հացի ու լոյսի նման, խաղաղութիւն կը մուրան:

Տակաւին փողոցներու մէջ հազարաւոր ոճրագործներ հպարտանքով կը պտտին: Նոյն այդ մարդոց համար կարծես Աստուած դարձած է պարզ արձան մը ու նետուած ժամանակի թանգարանին մէջ: Կարծես իրենց աղօթքն ալ դարձած է տեսակ մը թատերգութիւն:

Վերջապէս, հո՛ն մահուան չափ եւ աւելին, կեանքն ալ ծանր ու դժուար է:

Ի՞նչ կը նշանակեն այս բոլորը:

Արդեօ՞ք կարելի է պատկերացնել Սուրիա ապրող ժողովուրդին ներկայ այս անմարդկային հոգեվիճակը: Ամէն օր մահ եւ տագնապ: Տագնապ` հացի, լոյսի, ջուրի եւ կեանքի: Երկիրը աննախընթաց աղէտի մէջ կ՛ապրի: Աղքատութիւն, չքաւորութիւն, անօթութիւն, ոճիրներ, ոճրագործներ, անօրէններ ե՛ւ սարսափ, մահ ու անհատնում մահեր:

Այս բոլորը կը կարծեմ, օր մը չէ օր մը ծնունդ պիտի տան հիւանդութիւններու, նոր ու անօրինակ դժբախտութիւններու եւ նոյնիսկ համաճարակի:

ՄԱԿի կարծիքով այս պատերազմ-աղէտը ոչ միայն Սուրիան քար ու քանդ ըրած է, այլեւ զայն նետած երրորդ կամ  աղքատ երկիրներու կարգին:

Արդ, արդեօք համայն մարդկութիւնը ո՞ր օրուան կը սպասէ եւ ի՞նչ բանի կը սպասէ:

Արդեօ՞ք աշխարհը մինչեւ հիմա չէ հասկցած այդ հսկայ երկրի տարածքին կատարուած ամէնօրեայ ոճիրներուն տարողութիւնը, սուրիացի ժողովուրդին ցաւին խորութիւնը: Չէ տեսած աւերակներու վերածուած քաղաքները եւ անոնց փլատակներուն տակ մնացած եւ անշնչացած անմեղ զոհերը:

Ուստի, անմարդկային այս արարքներուն ի տես հարցումս տակաւին կը մնայ եւ չեմ գիտեր որքա~ն ատեն պիտի մնայ ամէնօրեայ մտածումներէս կախուած:

Ո՞վ պիտի փրկէ Սուրիան: Ե՞րբ:

Մեզի համար այս փրկութիւնը մեր ազգային շահերէն կու գայ: Սուրիոյ ներքին խաղաղութիւնն ու անդորրութիւնը նաեւ ապահովումն է մեր հոն երկար տասնամեակներէ ի վեր կայք հաստատած, տուն-տեղ, եկեղեցի ու դպրոց եւ ակումբ շինած գաղութին:

Այս վիճակով օր մը մեր այդ շէն գաղութը իր կեանքի ճամբուն ծայրը պիտի հասնի: Մինչեւ ե՞րբ պիտի տոկայ, կամ կրնայ տոկալ: Գաղութը վտանգուած է ու դատապարտուած աղէտի ու ոչնչացման: Հաւատացէ՛ք, իր աղէտը մեր ալն է: Մենք ալ վտանգուած ենք:

Ճիշդ է, որ ուրիշ շատ մը հարցեր մեզ ազգովին կը տանջեն, սակայն հոն այդ տառապող երկրին մէջ, չենք ուզեր եղածն ալ կորսնցնել: Չուծանալու համար հայ գաղութը պէտք է ամուր մնայ: Այդ հաստատ մնալը համայն հայութեան ճիտին պարտքը պէտք է ըլլայ:

Երկարեցաւ կռիւը եւ սուրիացիին համար ուշացաւ յոյսը եւ լաւին սպասումը դարձաւ կարօտ եւ երազ: Չորցան ականջները, կուրցան աչքերը ու փողոցները դարձան անգթութեան ու վայրագութեան նոր թատերաբեմ:

Կարծես նոյնիսկ երկնքի դարպասները փակուեցան այդ ժողովուրդի աղերսներուն առջեւ:

Նոր տարուան սեմին, իբրեւ ազգային պարտականութիւն, պարտաւորութիւն եւ գիտակցութիւն մեզի կ՛իյնայ մեր հարազատի ու ամոքող ձեռքը, աչքը, գութը չհեռացնել այդ հրաշալի գաղութին վրայէն ու միշտ ու անսակարկ կատարել մեր խղճի պարտքը:

Որովհետեւ հաւատացէ՛ք, Սուրիան փրկուելով իր կարգին, պիտի փրկուի նաեւ մերը, հարազատը` սուրիահայութիւնը:

Ո՞վ պիտի փրկէ Սուրիան: Չեմ գիտեր: Գոնէ մեր գաղութի փրկութեան մասին մտածենք:

 

No comments:

Post a Comment