Monday, January 11, 2016

Մեղաւորին Շապիկը


Մեղրի Ա. Պագարեան


Տարի մը եւս պիտի գլորուէր թէ՛ գեղեցիկ, թէ՛ ալ անախորժ օրերով, որոնք մեր ԳԻՐՔ-ին ո՛չ միայն էջերը պիտի ըլլան, չէ՛, այլ նաեւ` մեր ՆԱՄԱԿ-ը կամ պատմութիւնը, որովհետեւ միշտ ալ հաւատացած եմ, որ իւրաքանչիւր էակ ունի իր նամակը, զոր ձեւով մը լսելի պէտք է դարձնէ իր շրջապատին:

Եւ ահա «հրաշքներու» ամսուան` դեկտեմբերին սեմին էինք, երբ աշխատանքի բերումով պէտք է ներկայ գտնուէի ՔԱՀԼ` Հայ տարեցներու տուն, Պուրճ Համուտի մէջ, Լիբանան: Առաւօտեան ժամը 11:00-ին էր ժամադրութիւնս, քանի որ դուրսը կը տիրէր Ս. Ծնունդը դիմաւորող մթնոլորտ, եւ կլիման ալ ջերմ էր, չուզեցի փոխադրամիջոցով մը երթալ ժամադրավայրս, այլ նախընտրեցի վայելել այդ բոլորը: Այսպիսի տրամադրութեամբ քայլերս կը նետէի` զմայլելով ճամբան զարդարած յարդարանքներով, որոնց փայլքը հոգւոյս մէջ թափանցելով կը յիշեցնէր շատ մը անցած արարքներ, որոնք առաւելաբար միայն յոյս ներշնչեցին ներաշխարհիս` միշտ ալ պնդելով, որ գալիքը անցածէն աւելի լաւ պիտի ըլլայ: Նոյն ժամանակ կը ստուգէի ժամացոյցիս սլաքները, չէ՞ որ ճշդապահութիւնն ալ աշխատանքի մը կարեւոր պահանջներէն մէկն է: Ի վերջոյ հասայ ճշդուած վայրը, ուր ժպտերես պահակը դիմաւորեց զիս հաստատութեան դրան առջեւ եւ զիս ուղղեց դէպի սպասման միջանցքը: Հոն ալ անգամ մը եւս ակնարկ մը նետեցի ժամացոյցիս, ապա հիացումով դիտեցի դրան մուտքին դրուած տօնածառին լոյսերն ու փայլող աստղը, յետոյ գործի լծուեցայ, սակայն կանուխ վերջանալուս պատճառով հետաքրքրութիւնս զիս մղեց դէպի հաստատութեան վերի յարկերը: Ուշադրութեամբ կ՛անցնէի միջանցքներէն, երբ նշմարեցի սենեակի մը բաց դուռը, եւ անշուշտ հոն նորէն հետաքրքութիւնս միջամտեց, որպէսզի ներս մտնեմ, եւ այդպէս ալ եղաւ: Յանկարծ վեց հայ մամիկներու միջեւ էի, որոնք կարծես զիս կը սպասէին: Բոլորն ալ ժպտերես էին: Անոնցմէ մէկը օրօրուելով եւ դժուարութեամբ աթոռէն ելաւ պարզապէս ինծի քովը հրաւիրելու համար, բայց ես այդ վայրկեանէն իսկ հագուեցայ մեղաւորի շապիկը:

– Չէ՛, մի՛ յոգնիք, մամի՛կ,- ըսելէս ետք ան պնդեց, որ նստիմ: Նստայ: Մէկէն ի մէկ ձայն մը լսեցի ճիշդ քովի անկողինին վրայ գտնուող մամիկէն, որ ինծի նայելով` կ՛ըսէր. «Քաղաքէս փախչիմ, բայց ճակատագիրէս ո՞ւր փախչիմ»…

Մամիկը անդադար կը կրկնէր նոյն նախադասութիւնը. արդեօք գիտէ՞ր` ո՞վ եմ կամ ուրկէ՞ կու գամ, բայց ուրկէ՞ պիտի գիտնար. միայն մէկ տարի է, որ Լիբանան կը գտնուէի: Զարմացած էի, սակայն հետաքրքրութիւնս բաւարարելու համար համարձակեցայ հարցնել. «Մամի՛կ, բացատրէ՛, ի՞նչ ըսել կ՛ուզես»:

– Հայրս ուրֆացի էր: Եկած եւ հաստատուած էր Լիբանան, բայց պատերազմի պատճառով 12 տարեկանիս Հալէպ փոխադրուեցանք, ապա ամուսնացայ եւ գացի Ռաքքա, ուր իմ կեանքիս յիսուն տարիները անցուցի: Բայց, աղջի՛կս, տե՛ս, ես ուր եմ այսօր: Ճակատագիրը զիս կրկին ծննդավայրս` Պէյրութ բերաւ: Է՜հ, քաղաքէս փախչիմ, բայց ճակատագիրէս ո՞ւր կրնամ փախչիլ…

Մարմինս փշաքաղուած էր, անմիջապէս գրկեցի զինք. օ՜հ որքան ժամանակէ ի վեր այս տեսակի խաղաղութիւն չէի գրկած: Առանց վայրկեան մը իսկ կորսնցնելու առաջին հիւրընկալ մամիկն ալ միջամտեց` «Ե՛ս ալ, ե՛ս ալ կ՛ուզեմ պաչիկ»:

Համբուրելէս ետք մեղաւորի շապիկով ցտեսութիւն յայտնեցի անոնց` դարձեալ հանդիպելու խոստումով:

Մեղաւորը ես էի, այո՛, ե՛ս, որովհետեւ այնքան զբաղած էի առօրեայով, ելեկտրոնային պաղ աշխարհով, ՏԱՀԵՇ-ով, քաղաքականութեամբ, պատերազմով կամ նոյնիսկ գաղթականութեամբ, մէկ խօսքով` «մեծ» որոշումներ տալով, որ ես ալ կարծես մոռցած էի, որ «մեծ» փոփոխութիւնները կը սկսին պզտիկ քայլերով` մարդ ըլլալով:

Վերադարձայ` քաջ գիտնալով, որ «մեծ» բաները կարեւոր կը դառնան ամէնէն նուրբ եւ պարզ բաներով, բայց չկրցայ գիտնալ, որ արդեօք այդ մամիկին կամ նոյնիսկ ինծի հետ պատահածը ճակատագի՞րն էր, թէ՞…

«Ազդակ»

No comments:

Post a Comment