Monday, January 11, 2016

ԷԱԿԱՆ ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄՆԵՐ Դ.


ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ

Հայկական կարգ մը հէքեաթներու մէջ կարդացեր ենք՝ ինքը քո՜ւն, բախտը արթուն:
Այսօր կը թուի թէ մենք ալ քուն էինք, բայց մեզի հետ մեր բախտն ալ քուն մտեր էր: Թէ ոչ ինչո՞ւ հայութեան բաբախող սիրտը այսօր ա՛յս տարողութեամբ պիտի դաշունահարուէր Հալէպի մէջ, այլ պատերազմի մը ստեղծած թոհուբոհին առիթով (բախտ ըսուածը կամ ճակատագիրը կրկնուո՞ղ երեւոյթներ են): 
Բայց ի՞նչ պիտի նշանակէր «արթուն» ըլլալ:

Հարիւր տարի առաջ եղած եւ օտար ականատեսներով հաստատուած Ջարդը տակաւին կասկածի տակ կ'առնուի: Կարգ մը կողմեր, ինչպէս Հայ Դատի Յանձնախումբը, իւրաքանչիւր գաղութի բանիմաց մարդիկը կամ օրինակ Հալէպի թարգմանական աշխատանքներու խումբը իրենց ամբողջ կարելին կ'ընեն: Աւելին թերեւս անկարելին է: Ինչո՞ւ ուրեմն մեր բոլոր գործերը կը կաղան, տեղքայլ կ'ընեն, յառաջ չեն երթար ա՛յն թափով, զոր սպասելի է, եւ որուն իրաւունքը կու տայ մեզի մեր ներուժ կարողութիւններուն գիտակցութիւնը:

Սփիւռքի կազմութենէն գրեթէ քանի մը տասնամեակ ետք գաղութները սկսեր էին ոչ միայն բարեկեցիկ դառնալ, այլ եւ որոշ չափով հարստանալ: Հայերը՝ աշխատասէր, «քարէն հաց հանող» ժողովուրդ, կրցած էին իրենց ետին ձգել Աղէտին դառնութիւնըառանց բնաւ մոռնալուեւ յառաջ շարժիլ, յամառօրէն միշտ աւելիին ձգտելով:

Որպէս արդիւնք, վերջին գոնէ քառորդ դարուն, գրեթէ բոլոր գաղութներն ալ հանգիստ էին՝ եկեղեցիները բարգաւաճ, դպրոցները հայերէն խօսող եւ սորվող մանուկներով լեցուն, իսկ ակումբներն ու միութիւնները իսկական փեթակներ, ժրաջան ու ազգանուէր աշխատանքով եռացող:

Ալ ի՞նչ կ'ուզէինք. «թուրքը ձախողեցաւ» լոզունգը սկսեր էր շրջան ընել (ի վերջոյ բարձրագոչ պաստառներու վերածուելու համար հարիւրամեակի ընթացքին): Անշուշտ չէինք ուզեր մտածել կամ խօսիլ այն, որ մեր հողերը ա՛լ մերը չէին, եւ եթէ ա՛յդ էր թուրքին նպատակը, ո՞ւր էր եւ ինչպէ՞ս էր ուրեմն անոր «ձախողութիւնը»:

Ասիկա կ'ըսուի պարզապէս որպէս իրապաշտ, աներազ, անլոզունգ խօսք. չի՞ բաւեր դար մը եւ աւելի ինքնախաբէութեան մէջ մնալ: Հանգիստ էինք, լաւ էինք, ունէինք մեր «բերդերը», եւ անշուշտ թուրքը ձախողած կը յայտարարէինք: Եւ մտանք, բոլորս միասին, comfort zone-ի մը մէջ: Ու չտեսանք որդը, որ սկսեր էր մեր ազգային հիմերը կրծել լուռ, դանդաղ, հաստատակամ:

Այսօր մեր եկեղեցիները պարապ են, բացի տասնեակ մը տարեցներէ, որոնցմէ ետք լրիւ թափուր պիտի մնան կ'երեւի: Մեր դպրոցներէն ներս աշակերտները հայերէն ա՛լ չեն խօսիր, իսկ հայերէն լեզուն կը սորվին որպէս երկրորդ կամ երրորդ լեզու (սպանախօս երկիրներուն մէջ՝ սպաներէնէն եւ անգլերէնէն ետք): Իսկ լեզուին նուիրուած համագումարները այնքան ուշացած են, որ դժուար թէ դրական արդիւնքներ ունենան:

«Կարելի չէ՞ այնպիսի համայնքային համերաշխութիւն մը ստեղծել, այնպիսի մթնոլորտ մը, ուր կարելի ըլլայ կարեւոր նշանակութեան հարցերը միասնաբար լուծել, դժուարութիւնները միասնաբար յաղթահարել»:

Հալէպի մշակութային բոլոր ձեռնարկները նոյն հանդիսատեսները ունէին, անկախ թէ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ո՛ր կողմին, ո՛ր ակումբին կը պատկանի. անշո՛ւշտ, որովհետեւ մշակոյթը կողմ եւ ակումբ չի ճանչնար:

Ասիկա ուրախալի երեւոյթ է անշուշտ, եթէ անոր տխուր կողմը նկատի չառնենք: Տխուր երես ունի՞ այս երեւոյթը: Անշո՛ւշտ ունի. Անոնք որոնք ներկայ կ'ըլլան մշակութային ձեռնարկներու, որոնք ամէն օր ընթերցում կ'ընեն կամ մամուլը աչքէ կ'անցնեն, անոնք բաւական բանիմաց մարդիկ են, լեզուն լաւ գիտեն, եւ ծանօթ են այն հարցերուն, որոնք կ'արծարծուին մամուլին մէջ: Իսկ անոնք, որոնք պէ՛տք է ներկայ ըլլան նման ձեռնարկներու, անոնք որոնք պէ՛տք է մամուլը աչքէ անցընեն կամ տեղեակ ըլլան մեր ամէնօրեայ հարցերուն, անոնք մի՛շտ բացակայ են: 
Ուրեմն՝ որո՞ւ համար կը գրենք, երբ կարդացողները գիտեն, իսկ անոնք որ չեն գիտեր, չեն կարդար: Կը նշանակէ, որ մենք ճիշդ ձեւով չենք մօտենար մեր հարցերուն, կամ ճիշդ տեղը չենք այդ հարցերը մտածելու եւ անոնց դարման գտնելու:

Բարեկամ մը, կարդալով վերջին յօդուածս, կը գրէր. «Խառն ամուսնութիւնը՝ միայն հայկական հարց մը չէ»: Շատ հաւանաբար ՄԻԱՅՆ մեր հարցը չէ, բայց մենք ունի՞նք պերճանքը օտար ամուսնութիւններ կնքելու, կամ անոնց բերած հարցերը դիմագրաւելու, երբ մեր ժողովուրդին մեծամասնութիւնը իր հողին վրայ չ'ապրիր եւ որպէս հետեւանք՝ չունի պետականութեան կռուանը: Օտար ամուսնութիւններու 10% տոկոս մը կրնայ ոչինչ ըլլալ ֆրանսացիին համար, իսկ հայերուս համար կրնայ ճակատագրական հետեւանքներ ունենալ:Տակաւին այդ տոկոսը շատ աւելին է Սփիւռքի մէջ, քան՝ հոս տրուած թիւը:

Նոյն բարեկամս կը թելադրէր. «Փորձէ հարցումներ դնելէ ետք նաեւ որոշ առաջարկ մտածումներ զարգացնել»: Մտածումներ զարգացնել, այո՛, բայց նման յօդուածներու նպատակներէն մէկն ալ ընթերցողին քով առաջարկ-մտածումներ զարգացնելը չէ՞, յետոյ՝ չէ՞ որ այդ առաջարկ-մտածումները լսողներ պէտք են. եւ ճիշդ այն պատճառով որ յիշեցի վերը, որոշ չափով արդիւնաւէտ կրնան չըլլալ առաջարկութիւնները: Բայց կ'արժէ փորձել: Փորձը փորձանք չէ, կ'ըսէ ժողովուրդը:
«
ԵՌԱԳՈՅՆ»

 

No comments:

Post a Comment