Monday, January 11, 2016

ՏԽՈՒՐ ԵՐԿԻՐ


ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

-Քեզի կը նմանի:
Յղիութեան ամբողջ շրջանը սարսափով անցուցած էր: Կը վախնար որ դժբախտ պատահար մը ընդմիջէր յղիութիւնը եւ իր զաւակը չծնէր:
-
Իր բոլոր մտերիմները խորհուրդ կու տային վիժում կատարել:
-
Աղջիկս, դեռ շատ երիտասարդ ես, առանց ամուսինի ինչպէ՞ս պիտի մեծցնես զաւակդ.. դեռ ապագադ առջեւդ է, բախտդ դարձեալ կը բացուի.. Իսկ եթէ զաւակ ունենաս...
-
Մեղք ես, Սաֆա՛ա, եթէ ինքզինքիդ չես մեղքնար գալիք մանկիկին մեղքցիր...
Սաֆա՛ա-ը այս խօսքերը լսել անգամ չէր ուզեր, գիշեր ցերեկ Աստուծոյ կ'աղօթէր, որ ամէն ինչ լաւ ընթանար:
Ամէն ինչ լաւ ընթացաւ. զաւակը եկաւ լոյս աշխարհ: Գիրկը առաւ, նայեցաւ մանկիկին, ժպտեցաւ անոր, ժպտեցաւ նահատակ ամուսնոյն հոգուն եւ ըսաւ.
-
Քեզի կը նմանի:
Քսան տարի առաջ արտասանած այս նախադասութիւնը ամիսներ շարունակ օրական քսան անգամ կը կրկնէր... յետոյ սկսաւ մանուկին իր հօր նկարները ցոյց տալ եւ անոր մասին պատմել.
-
Տղաս, հայրդ միշտ մեզի հետ է: Ան քաջ զինուորական էր եւ հայրենիքին համար զոհուեցաւ.. քաջաբար կռուեցաւ թշնամիին դէմ եւ նահատակուեցաւ... դուն միշտ պիտի յիշես զինք... պիտի յիշես, չէ՞..
Մանկիկը ժպիտով կը պատասխանէր մօր գուրգուրանքով արտասանուած բառերուն, յետոյ երբ քիչ մը մեծցաւ սկսաւ հասկնալ, ու սիրել հայրը- անընդհատ անոր մասին հարցումներ կ'ուղղէր, եւ կը հպարտանար անով, կը յարգէր զայն,անչափ կը կարօտնար եւ ... կը պաշտէր հայրենիքը որուն համար նահատակուած էր հայրը:
Հիմա՞... հիմա մայրը կը նկատէր տղուն տխրութիւնը, պատճառը կը հարցնէր եւ կը լսէր զաւակին տխուր խօսքերը երկրին անհեթեթ կացութեան մասին: Ասո՞ր համար նահատակուած էր իր հայրը, ա՞յս երկրին համար ուր մարդիկ զիրար կ'ատեն, զիրար կը սպաննեն...: Ինքն ալ կը տխրէր՝ կը ցաւէր իր զաւակին տխրութեան համար, կը տխրէր իր նահատակ ամուսնոյն ոտնակոխուած սկզբունքներուն համար, կը տխրէր երկիրը քանդող, իրար սպանող եղբայրներուն եւ անոնց կռիւ կռուըտուքին՝ օդանաւերէ նետուած պայթուցիկներով լի տակառներուն եւ կուրօրէն արձակուած զանազան տեսակի արկերուն զոհ գացող հարիւր հազարաւորներուն համար...
Այդ օր ալ կոյր հրասանդները պայթուցիկ նիւթեր կը տեղային. օդանաւերը երկինքէն վար չէին իջներ, ու ամէն տեսակ պայթիւններու ձայները կը սարսափեցնէին խեղճ մարդիկը , որոնց շարքին նաեւ Սաֆա՛ան..
Զաւակը տունը չէր, եւ ինք անհանգիստ կ'ըլլար: Հեռաձայնեց զաւակին բջիջայինին. 
-
Մի՛ անհանգստանար մայր, հինգ վայրկեանէն տուն կը հասնինք, Ճալա՛ա-ը հետս է..
-
Աճապարեցէք տղաս: Ճամբուն մէջտեղէն մի քալէք, Կը լսես չէ՞ ձայները:
-
Տունը պաղպաղակ կա՞յ,- հեռաձայնին միւս կողմէն լսուեցաւ Ճալա՛ա-ին ծիծախառն ձայնը:
Սաֆաա՛ն ժպտեցաւ: Ճալա՛ա-ը տղուն նշանածն էր: Տղան շատ կը սիրէր զայն, ինք եւս:
Իրարու շատ յարմար զոյգ էին, պիտի աւարտէին իրենց ուսումը, պիտի ամուսնանային եւ տղայ զաւակ մը պիտի ունենային, որուն մեծ հօր՝ իր ամուսնոյն անունը պիտի տային: Նոր տուն պիտի փոխադրուէին ու.. կեանքը պիտիշարունակուէր: Երկիրը պիտի հպարտանար Սաֆա՛աի զաւակով եւ թոռնիկով, ինչպէս որ կը հպարտանար իր ամուսնով...
Զօրաւոր պայթիւն մը եւս լսուեցաւ: Սաֆա՛ան-ը նոյնիսկ հոս-հոն դպչող բեկորներու ձայներ լսեց, սարսռաց:
-
Ո՞ւր մնացին,- կրկին հեռաձայնեց:
Հեռաձայնը չէր պատասխանէր: Անգամ մը եւս հեռաձայնեց:
-
Ալօ՞,-լսեց անծանօթ ձայն մը ու... կծկուեցաւ, կուչ եկաւ.. սրտի կաթուածը տարաւ զինք, միացուց քիչ առաջ սպանուած իր զաւակին ու անոր նշանածին...
Սաֆա՛ա-ը, իր զաւակն ու անոր նշանածը բնակութիւն հաստատեցին քաղաքամիջի նոր գերեզմանոցին մէջ:
Երկիրը տխուր էր, առանց իր կորուսեալ զաւակներուն, շատ տխուր...

 

No comments:

Post a Comment