ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Այս տարի, Շաբաթ 12 Դեկտեմբերին, պատէն կախուած մեր հայկական օրացոյցները մեզի կը յուշեն Ս. Յակոբը:
Աւանդաբար, լայն ժողովրդականութիւն վայելող տօն մըն է «Ս. Յակոբ»ը: Եւ մեր ժողովուրդը, որ իր ծոցին մէջ ունի հազարաւոր Յակոբներ, բնաւ չի մոռնար կամ չի թերագնահատեր այս տօնը, այլ ամէն ոք կը փութայ շնորհաւորել իրեն ծանօթ մօտ ու հեռու Յակոբները…:
Յակոբ ճգնաւորը, որ կը պատկանի Ասորի Եկեղեցիին, սիրելի սուրբն է հաւասարապէս թէ՛ ասորիներուն, թէ՛ հայերուն, մանաւանդ որ ան ազգականական մօտիկ կապեր ունեցեր է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի ընտանիքին հետ: Ապրած է Գ.-Դ. դարերուն, իր կեանքը լեցնելով հրաշագործութիւններով եւ գուշակութիւններով, որոնք երաշխիքն եղած են իր վայելած լայն ժողովըրդականութեան: Ծնած, գործած ու վախճանած է Մծբին (այժմու Նուսայպին) քաղաքին մէջ, Գամիշլիի շատ մօտը, թուրք-սուրիական սահմանին եզերքը: Կ՛ըսուի, թէ եղեր է համբաւաւոր եպիսկոպոս մը, մասնակցեր է Նիկիոյ Տիեզերական Ա. Ժողովին (325 թ.)` մեր Արիստակէս հայրապետին կողքին, հասցուցեր է աշակերտներ, որոնց մէջ կ՛առանձնանայ մասնաւորաբար Ասորի Եկեղեցւոյ պանծալի մատենագիրներէն մին` Ս. Եփրեմ Խուրին:
Ս. Յակոբի մասին ներբող մը ունի Գրիգոր Նարեկացին (Ժ. դար), մինչ Ներսէս Շնորհալին ալ (ԺԲ. դար) անոր ձօնած է շարական մը:
Եթէ վերադառնանք Աստուածաշունչին, պիտի նկատենք, որ հոն կը յիշատակուին քանի մը ուրիշ Յակոբներ ալ, որոնք սակայն չունին այն ժողովրդականութիւնը, զոր նուաճած է Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետը:
Առաջինը ասոնցմէ` ՅԱԿՈԲ ՆԱՀԱՊԵՏՆ է, Իսահակի որդին եւ Հայր Աբրահամի թոռը: Ան կը նկատուի Իսրայէլի 12 ցեղերուն նախահայրը:
Երկրորդը` Քրիստոսի 12 առաքեալներէն ՅԱԿՈԲՈՍՆ է, Յովհաննէս Աւետարանիչին հարազատ եղբայրը, որ ծանօթ է ՅԱԿՈԲՈՍ ԳԸԼԽԱԴԻՐ անունով (գլխատուած է):
Երրորդն ալ ՅԱԿՈԲՈՍ ՏԵԱՌՆԵՂԲԱՅՐՆ է, Քրիստոսի մօտիկ գործակիցներէն մին եւ Երուսաղէմի մայր եկեղեցւոյ անդրանիկ եպիսկոպոսը:
Շատ հետաքրքրական պարագայ մըն է հետեւեալը.- Վերջին երկու Յակոբոսները թաղուած են միեւնոյն վայրը, ուր, հետագային, կառուցուած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարքանիստ մայր տաճարը: Ահա՛ թէ ինչու` հայոց դարաւոր այս վանքը կը կոչուի ՍՐԲՈՑ ՅԱԿՈԲԵԱՆՑ ՎԱՆՔ, իսկ միաբանութիւնն ալ` ՍՐԲՈՑ ՅԱԿՈԲԵԱՆՑ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ, այսինքն` «Ս. Յակոբներու վանք ու միաբանութիւն»: Այլ խօսքով, Երուսաղէմի հայոց վանքին անունը որեւէ առնչութիւն չունի Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետին անուան հետ…:
***
Ս. Յակոբը առիթ մըն է, որ պահ մը յիշենք մեր միւս Յակոբներն ալ, նշանաւո՛ր Յակոբները, որոնք այնքա՜ն շատ են` միջին դարերէն մինչեւ մեր օրերը:
Զորօրինակ, կարելի՞ է մոռնալ Յակոբ Մեղապարտը, որ ԺԶ. դարու սկիզբները մինչեւ Վենետիկ գնաց ու այնտեղ իրագործեց հայերէն առաջին հինգ գիրքերուն տպագրութիւնը («Ուրբաթագիրք», «Պարզատօմար», «Պատարագատետր» եւայլն):
Բայց ես, այսօր, պիտի յիշատակեմ երկու Յակոբներ, որոնք առանձնաբար դրոշմ դրին իրենց դարաշրջաններուն վրայ, ու յաջորդող բոլոր տասնամեակներուն կամ դարերուն մի՛շտ ալ տաքուկ տեղ մը գրաւեցին մեր ժողովուրդին սրտին ու մշակութային ապրումներուն մէջ:
Առաջինը անոնցմէ` ՅԱԿՈԲ Դ. ՋՈՒՂԱՅԵՑԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆ է, ԺԷ. դարու զաւակ:
Մեր այս ազգասէր հայրապետը վախճանեցաւ պանդխտութեան մէջ. ժողովուրդը զինք կոչեց «Հոգեւոր Տէր», ու իր շիրմաքարը առ այսօր ուխտաւոր այցելուներու մոմերով կը լուսաւորուի` Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասի հայոց Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:
Յակոբ Դ. Ջուղայեցին, մեր պատմութեան էջերուն, ամէն բանէ առաջ կը յայտնուի իր մշակութասէր դիմագծութեամբը: Ա՛ն էր որ Եւրոպա ղրկեց Էջմիածնայ միաբաններէն Ոսկան վրդ. Երեւանցին, տպարան բանալ տուաւ այնտեղ ու հովանաւորեց Աստուածաշունչի հայերէն անդրանիկ տպագրութեան աշխատանքները (1666, Ամըսթերտամ): Աւելի ուշ, մշակութանըւէր իր գործունէութեան միացուց նաեւ քաղաքական նախաձեռնութիւն մը` գլուխն անցնելով Արեւելեան Հայաստանը պարսիկ խաներու դաժան լուծէն փրկելու վտանգաւոր գործին: Առ այդ, նախագահեց Ս. Էջմիածնայ մէջ գումարուած գաղտնի ժողովի մը (1677), յետոյ ալ եօթնանդամ պատուիրակութեան մը հետ ճամբայ ելաւ դէպի Պոլիս, հոնկէ Եւրոպա անցնելու եւ տառապեալ իր ժողովուրդին ցաւերուն դարման գտնելու յոյսով: Կաթոլիկ Հռոմի ու քրիստոնեայ արեւմուտքի խղճմըտանքը արթնցնելու միամի՜տ հեռանկար մըն էր իրը…: Բայց իր առաքելութեան կէս ճամբուն վրայ, օսմանեան մայրաքաղաքին մէջ, ծերունի հայրապետը վախճանեցաւ, 1680-ին: Պատուիրակութիւնը ցրուեցաւ: Եօթնանդամ կազմէն միայն Իսրայէլ Օրին է որ իր ճամբան շարունակեց դէպի Եւրոպա ու Ռուսաստան` Հայաստանի ազատագրութեան կարելիութիւնները որոնելով…:
***
Երկրորդ Յակոբը` ՆԱԼԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՆ է, Կ. Պոլսոյ Աթոռին ամէնէն բարեհամբաւ գահակալներէն մէկը (1741-49 եւ 1752-64), եւ միաժամանակ արեւմտահայ վերածընունդի դարուն մեծագոյն մատենագիրը:
Նալեան ծնունդով Տիվրիկի (Սեբաստիոյ նահանգ) Զիմառա գիւղէն էր: Կանուխէն Պոլիս գալով` աշակերտեց Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի մեծանուն պատրիարքին, Սկիւտար թաղամասը անոր հիմնած դպրատան մէջ: Հոգեւորական դառնալէ ետք ցոյց տուաւ աշխոյժ ու սրտեռանդ գործունէութիւն մը, վայելելով թէ՛ Պոլսոյ եւ թէ Երուսաղէմի հայութեան համակրանքն ու նեցուկը: Կոլոտի վախճանումէն անմիջապէս յետոյ պատրիարք ընտըրուեցաւ` անո՛ր իսկ կտակով: Շարունակեց իր նախորդին կրթական, հրատարակչական ու մշակութային ձեռնարկները նոյն թափով ու հետեւողականութեամբ: Երբեմն ստիպուեցաւ դիմադրել Հայ Եկեղեցին խոցող կաթոլիկ քարոզչութեանց, նախընտրելով սակայն որդեգրել բռնամիջոցներէ հեռու վարքագիծ մը, ներողամիտ եւ թոյլատու:
Երուսաղէմի Գրիգոր Շղթայակիր պատրիարքին վախճանումէն ետք` Նալեան այս անգամ ալ Երուսաղէմ հրաւիրուեցաւ եւ ստանձնեց Սրբոց Յակոբեանց Աթոռի պատրիարքական ասան (1749): Բայց այս պաշտօնավարութիւնը երկար չտեւեց. հազիւ երեք տարի: 1752-ին, պոլսեցիք զինք վերստին բարձրացուցին պատրիարքական գահ: Այնքան սիրուած էր ու գնահատուած էին իր արժանիքները, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան գահակալութիւնն իսկ երկիցս առաջարկըւեցաւ իրեն: Նալեան սակայն չհըրապուրուեցաւ այս առաջարկներէն, չուզեց բաժնուիլ Պոլսէն: Հոն, շարունակեց դասաւանդել իր հիմնած դպրանոցին մէջ, ձեռնասուններ հասցուց: Եւս առաւել` մատենագրական ճոխ վաստակ մը հիւսեց: Հեղինակեց ու հրատարակեց 9 աստուածաբանական ու հոգեւոր երկեր, որոնց գլուխ-գործոցն է Նարեկի «Մեկնութիւն»ը (1745), բաղկացեալ աւելի քան 1100 մեծադիր էջերէ: Ունի տասնեակ մը անտիպ գործեր ալ:
Պոլսոյ հայութիւնը իր այս բազմարդիւն հովուապետին ծննդեան 275-ամեակը եկեղեցական ու աշխարհիկ հանդիսութիւններով նշեց 1981-ին, Շնորհք պատրիարքի նախաձեռնութեամբ: Այս առթիւ հրատարակուեցաւ պոլսահայ բանասէր Գէորգ Բամպուքճեանի ծաւալուն մէկ հատորը, ուր մանրամասն կը խօսուի Նալեանի կեանքին, գործին ու աշակերտներուն մասին:
***
Գիտեմ որ բոլոր Յակոբները, «էնդի դէմէն», հիմա ինծի կը նային ու կը սպասեն որ անտես չառնեմ զիրենք եւս, յիշատակեմ իրենց անունները, ողջոյն մը յղեմ մեր ափէն դէպի իրենց ափը…:
Ուստի, եկէք խոնարհաբար ոգեկոչենք`
– ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆԸ` իր «Պաղտասար աղբար»ով, «Ազգային ջոջեր»ով ու «Մեծապատիւ մուրացկաններ»ով:
– ՐԱՖՖԻՆ (Յակոբ Մելիք-Յակոբեան)` իր «Խենթը»ով, «Կայծեր»ով ու «Խաչագողի յիշատակարան»ով:
– ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆԸ` իր «Մնացորդաց»ով, «Խոնարհներ»ով ու «Համապատկեր»ի բազմահատոր շարքով:
– ՅԱԿՈԲ Ճ. ՍԻՐՈՒՆԻՆ` իր քառահատոր «Պոլիս եւ իր դերը»ով:
– ՅԱԿՈԲ ՄՆՁՈՒՐԻՆ` իր «Արմըտան»ով եւ «Կռունկ ուստի՞ կու գաս»ով:
– Ամերիկահայ գրողներ ՅԱԿՈԲ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆՆ ու ՅԱԿՈԲ ԿԱՐԱՊԵՆՑԸ` իրենց վէպերով ու պատմուածքներով:
– Նկարիչներ ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆՆ ու ՅԱԿՈԲ ԿՈՋՈՅԵԱՆԸ` իրենց իւրայատուկ վրձինով ու ինքնատիպ ոճով:
– Եւ վերջապէս` թրքահայ լեզուաբան ՅԱԿՈԲ ՄԱՐԹԱՅԵԱՆԸ, որ պատմութեան անցաւ իր անունին կցուած «Տիլաչար» մակդիրով:
***
Բայց ի՞նչ կը նշանակէ «Յակոբ»:
Հրաչեայ Աճառեան, իր հինգ հատորանի «Հայոց անձնանունների բառարան»ին մէջ նկատել կու տայ, որ բառը եբրայերէնէն կու գայ: Ստուգաբանութիւնը սակայն շատ յստակ չէ: Ըստ ոմանց` «խաբող», ըստ ուրիշներու` «կրունկէն բռնող», կամ ալ` «արու կաքաւ»…:
Մեծանուն Յակոբ Մարթայեան-Տիլաչար աւելի հաւանական կը նկատէ վերի բացատրութիւններէն երկրորդը: Ան բռնազբօսիկ կը գըտնէ մասնաւորաբար «խաբող»ը, չ՛ընդունիր` որ իր կնքահօր կողմէ իրեն տրուած այս անունը ստուգաբանուի որպէս «խաբող»…:
Եւ արդարեւ, գիտենք, որ Մարթայեան ի՛սկապէս կը սիրէր իր անունը: Ան չէ՞ր, որ իր իսկ ձեռքով ու ձեռագրով պատրաստեր էր «ՅԱԿՈԲԱՊԱՏՈՒՄ» խորագրով ափի մը չափ փոքրիկ գրքոյկ մը, ու հոն գրի առեր «Յակոբ» անունը` աշխարհի կենդանի ու մեռեալ հարիւրաւոր լեզուներով եւ այբուբեններով…:
Ս. Յակոբի տօնին առիթով` ողջո՜յն բոլոր Յակոբներուն եւ Յակոբեաններուն:
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»
No comments:
Post a Comment