Monday, January 11, 2016

ԷԱԿԱՆ ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄՆԵՐ Գ.


ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ

Որո՞նք են գաղութի մը մեծագոյն կամ գլխաւոր խնդիրները, հարցերը: Բոլոր գաղութներուն դիմագրաւած նո՛յն խնդիրները, պիտի ըսէ տրամաբանութիւնը: Հարցերը կրնան իրենց լայն գիծերով նման ըլլալ իրարու, բայց նաեւ կը տարբերին՝ գաղութի մը պարագային շատ գոց ըլլալն է, այլ գաղութի մը մէջ՝ քաղքենիութիւնը, իսկ ուրիշ տեղեր՝ ընտանեկան դրուածքները: Եւ այսպէս, դուրսէն դիտուած կը թուի թէ հարցերը շրջանակի մը անքակտելի օղակներն են, զորս քակելը անկարելի պիտի ըլլայ: Կը փորձեմ ոչ թէ քակել, բայց գոնէ մտածել զանոնք ու սահմանել:

1. Խառն ամուսնութիւնները, ուր զոյգերէն մէկը հայ չէ: Այս երեւոյթը, հակառակ շատ խոր ապրումներ յառաջացնելուն, վերջերս կը մնայ լռուած, որովհետեւ կը թուի թէ անդարմանելի կամ անկարելի հարց է արդէն: «Ժամանակին, Ամերիկայի մէջ երբ մէկուն զաւակը կ'ամուսնանար, գլխաւոր հարցումը «հա՞յ է թէ օտար» կ'ըլլար,- կը պատմէ ընկերուհիս,- հիմա այլ բան կը հարցնեն՝ սովորակա՞ն է թէ միատեսակգնա՛ փառք տուր, որ տղադ աղջկայ մը հետ կ'ամուսնանայ»: -Երբ մեր տղաքը օտար աղջիկներու հետ կ'ամուսնանան, մեզի համար բաւարար թիւով երիտասարդ չի մնար, կը ստիպուինք մե՛նք ալ օտարի հետ ամուսնութիւն կնքել,- կ'ըսէ լուրջ ու գեղադէմ երիտասարդուհի մը: Օտար ամուսնութիւններէ ծնած երեխաները ի՞նչ մթնոլորտի մէջ պիտի մեծնան: Տան մէջ ի՞նչ լեզու պիտի օգտագործուի եւ ո՞ր աւանդութիւնները պիտի կիրարկուին: Կը նշանակէ թէ հարցադրումի պիտի ենթարկուին անհատի մը ինքնութիւնը ճշտող կամ սահմանող կարեւորագոյն երկու հիմերը՝ լեզուն եւ աւանդութիւնները: Այս հարցադրումները կամ խախտումները կրնան անմիջական հետեւանքներ չունենալ, բայց իրենց ազդեցութիւնը կը ձգեն տղոց վրայ: Անոնք իրենց երիտասարդութեան սեմին անպայմա՛ն պիտի կենան մեծ հարցումին առջեւ՝ ի՞նչ եմ ես՝ հա՞յ թէ ոչ-հայ: Եւ կը մնայ հարցերուն մեծագոյնը՝ կարելի՞ է խառն ամուսնութիւններուն առաջքը առնել: «Սիրոյ դէմ կարելի չէ կենալ» պիտի ըսեն շատեր: Բայց ախտ չկայ որ իր դարմանը չունենայ, կ'ըսէ ժողովրդական իմաստութիւնը: Ո՞ւր է այս հարցին դարմանը:

2. Վիճակը մանր տղոց, որոնց ընկերային դաստիարակութիւնը, զոր սպասելի էր որ ակումբները յանձն առնէին, երեսի վրայ ձգուած է, կենցաղավարութենէն մինչեւ որեւէ նիւթի մասին մտածելու ունակութիւնը: Դպրոցէն ներս հազիւ կը հասնին պարտադրուած ծրագիրը ամբողջացնել եւ քանի մը նիւթերէ տարտամ գաղափար մը կազմել: Իսկ լեզուները, որոնք գլխաւոր շահը պէտք է ըլլան աշակերտինգոնէ երեք լեզու լաւ գիտնալըլեզուներն ալ կիս-կատար սորված դուրս կու գան դպրոցէն: Երբ դպրոցին փոքր, հայկական շրջանակէն տղան կ'իյնայ համալսարանի լրիւ օտար շրջանակին մէջ, իր կեցուածքը աւելի շփոթահար կ'ըլլայ իր հայկականութեան հանդէպ. եւ կ'ընտրէ ամենէն հեշտ ուղին՝ կ'որոշէ մէկդի դնել «հայ»ութիւնը եւ սովորական աշակերտի պէս ապրիլ: Եւ այսպէս, երբ «հայ»ութիւնը պահող բոլոր պատնէշները կ'իյնան համալսարանի մուտքին, խառն ամուսնութիւնները կը մնան միակ ընտրութիւնը ընտանիք կազմելու համար: Պարզ է, որ ասիկա հարցադրումի պիտի վերածուի մտածող երիտասարդին համար միայն, որովհետեւ մեր մէջ մտածելը սիրելի եւ ընդհանրական արարք մը չի թուիր ըլլալ: Ասիկա մեզ կը տանի յաջորդ հարցին.

3. Մեր ընտանիքներուն, ապա դպրոցներուն եւ ի վերջոյ ակումբներուն մէջ այնքան ալ քաջալերելի չէ մտածող տարր ըլլալը, որովհետեւ մտածելը ինքնուրոյնութիւն կը ստեղծէ, իսկ ինքնուրոյն անհատներ հպատակեցնելը դիւրին չէ: Հետեւաբար ընտանիք-դպրոց-ակումբ կարծես բնազդաբար զինակցելով, կը միտին ճնշել մտածող տարրը, որքան ալ փոքր եւ մատղաշ ըլլայ ան: Արդիւնքը այն կ'ըլլայ, որ նախկին «հպատակները» այնպիսի՛ թափով կը հեռանան մեր կառոյցներէն, որ ետ բերելը շատ դժուար կ'ըլլայ: Իսկ ձեռնարկներու ներկաներէն շատերը յետոյ բացուող սեղաններուն համար ներկայ կ'ըլլան:

4. Այս բոլորը մեզ կը հասցնեն հարցերուն կորիզին՝ «ազգային ծրագիր»ի մը չգոյութեան, ծրագիր, ուր բոլոր գաղութներուն համար աշխատանքային լայնածիր վարքագիծ մը ստեղծուէր, որուն արդիւնքով. – նուազագոյնի պիտի հասնէին գաղութներուն միջեւ եղած տարբերութիւններըեւ մեր դիմագրաւած հարցերը որոշ միատեսակութիւն մը պիտի ունենային, ինչ որ պիտի դիւրացնէր զանոնք լուծելը: Այս ծրագրին մէջ գլխաւոր տեղը պիտի տրուէր պատանիներուն եւ երիտասարդներուն, գլխաւոր աշխատանքը պիտի բեւեռուէր սերունդին շուրջ, արդիական ժամանակներուն յարմարող աշխատանքի մէթոտներով:

Ո՞ւր են այս բոլորը, կ'արժէ մտածել:
«
ԵՌԱԳՈՅՆ»

 

No comments:

Post a Comment