ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ- ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ
Սիրելի' Aleppo Armenians-ի խումբի անդամներ :
Նոր տարուան շեմին կ'ողջունեմ բոլորդ եւ ապահով , խաղաղ ու ուրախ Նոր Տարի կը մաղթեմ: Ինծի համար հարազատ դարձած այս խումբին մէջ Մարտ ամիսէն ի վեր համեստ մասնակցութիւնս բերելով ՝ ես հարիւրաւոր մարդիկ ճանչցայ եւ նկատեցի, որ աշխարհով մէկ սփռուած հայերը նոյն նկարագիրը ունին: Ջիղ մը կայ , որ բոլորիս մարմինէն կ'անցնի հաւասարապէս՝ նոյն յոյզերով ու ապրումներով համակելով բոլորս: Ահա հոս է որ հայը հայութիւն կը դառնայ, անհատականէն դէպի ազգային մտահոգութիւններ անցում կատարելով:
Սուրիահայութեան եւ հալէպահայութեան թեման էր կրկին խումբին մէջ գլխաւորաբար արծարծուողը այս տարի: Եթէ վիճեցանք երբեմն՝ յանուն բարիին, եթէ ցանկացինք՝ միշտ բարին ու լաւը կամենալով: Եթէ յուսահատեցանք, սակայն նշոյլը յոյսի երբեք չկորսնցուցինք:
***
...5-րդ տարին է ահա, ծննդավայրէն ներս թէ դուրս ապրող հալէպահայը նոր գալիքին բարի սպասումով մը կ'ուզէ ոգի ի բռին գլորել անցածը, ետին ձգելով անմարդկայնութիւնը ու սարսափազդու վայրկեանները: Պիտի վերադառնա՞ն փառքի օրերը, պիտի գա՞ն նորերը, աւելի լաւերը. այս զգացումը խաբկա՞նք է, պատրա՞նք. Չեմ գիտեր, բայց եւ այնպէս զօրաւոր բաղձանք է: «Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
երկու բան պէտք է.
ծառը եւ զարդը անոր վրայ-
կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
երեք բան պէտք է
ծառէն, զարդէն զատ.
ՀԱՒԱՏՔԸ գալիք աղուոր օրերու»:
Բարի սպասում եւ բարի կաղանդ
Սօսի Միշոյեան Տապպաղեան
No comments:
Post a Comment