Tuesday, January 12, 2016

ՀԱԼԷՊԻ «ՕԹԷԼ ՊԱՐՈՆ»Ը ԴԱ՛ՐՁԵԱԼ ԼՈՒՍԱՐՁԱԿԻ ՏԱԿ

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Անկասկած, Հալէպ քաղաքի խորհրդանիշներէն մէկն է Օթէլ Պարոնը։
Թէեւ այսօր լրիւ անշքացած, աւելի քան հարիւրամեայ այս անուանի պանդոկը դեռ կը շարունակէ իր վրայ հրաւիրել հետազօտիչներու ուշադրութիւնը։ 
Եթէ մէկը փորձէ ի մի բերել բոլոր այն գիրքերն ու գրութիւնները, որոնք տասնամեակներու երկայնքին գրի առնուած են Օթէլ Պարոնին մասին (տարբեր լեզուներով), ապա ձեռքի տակ պիտի ունենանք պատկառելի գրականութիւն մը։
Այս տեսակէտով գոնէ՝ բախտաւո՛ր է Օթէլ Պարոնը։
Վերջերս, պանդոկին մասին գիրք մը հրատարակուեցաւ նաեւ թրքերէն լեզուով։ Պոլսոյ հայկական ԱՐԱՍ հրատարակչատան նախաձեռնութեամբ լոյս ընծայուեցաւ «Հալէպի Պարոնները» խորագրեալ հատորը, զոր գրի առեր են իտալացի երկու լրագրողներ։ Իտալերէն գիրքը թրքերէնի թարգմանուեր է Ելտա Կիւրլէքի կողմէ։ 
Աւելի քան 200 էջանի այս ուսումնասիրութեան մէջ՝ հեղինակները կը խօսին անուանի այս հաստատութեան հիմնադրութեան, հիմնադիր Մազլումեան եղբայրներուն, եւ այն երեւելի պետական ու միջազգային դէմքերուն մասին, որոնք օր մը իջեւանած են անոր երդիքին տակ։
Ծանօթ է որ պանդոկը հիմնուած էր 1911-ին՝ Օննիկ եւ Արմէն Մազլումեանններու կողմէ։ Պանդոկին պատմութիւնը սերտօրէն առընչուած է Մեծ Եղեռնի իրադարձութիւններուն, Ա. եւ Բ. Աշխարհամարտերուն, Սուրիոյ անկախութեան եւ քաղաքական այլ կարեւոր եղելութիւններու։
Հիմնադիրներուն մահէն ետք, պանդոկին ղեկը ստանձնած էր անոնց անմիջական շառաւիղը՝ պր. Գօգօ Մազլումեանը։ Իսկ անկէ ետք՝ այս վերջնոյն որդին՝ Արմէնը։
Հալէպի նորօրեայ պատերազմը, որ քաղաքին համատարած քանդումին զուգահեռ փճացուց նաեւ զբօսաշրջական կալուածը, անշուշտ որ լախտի հարուած մը եղաւ նաեւ Օթէլ Պարոնին (եւ միւս բոլոր պանդոկներուն) համար։
Կրնա՞յ օր մը վերապրիլ այս պատմական իջեւանատունը՝ իբրեւ ՀԱՅԱՊԱՏԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ, թէ ա՛ն ալ պիտի բռնէ փլուզումի ճամբան, մօտիկ ապագան ցոյց պիտի տայ։ 

 

No comments:

Post a Comment