Tuesday, January 12, 2016

ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ

ՅԱԿՈԲ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Դարձեալ Նոր Տարի

Դարձեալ տօնական օրեր եւ տօնական մթնոլորտ
Դարձեալ իրարանցում, խառնաշփոթութիւն, վազվզուք, եւայլն, եւայլն, եւայլն։

Նոր տարին հիմնականին մէջ իր իսկութեամբ վերարժեւորումի, վերաքննութեան եւ ինքնամփոփման առիթ մըն է։ Առիթ՝ ինքզինք քննելու, առիթ՝ հաշուետուութեան, առիթ՝ վերարժեւորման եւ մանաւանդ առիթ՝ ինքնահայեցողութեան։

Ի՞նչ է Նոր Տարին։ Սովորական եւ պարզ օր մը միւս օրերուն նման։ 365 օղակներէ բաղկացած շղթայի մը 365-րդ օղակը, որ փակելով հին շղթան, նոր շղթայի մը սկիզբ կը դնէ։ Եւ այդ շղթաները անընդհատ կը գլորուին եւ կը գլորուինՆոր տարիին իմաստ ու արժէք տուողը մարդը՝ ի՛նքն է։ Նոր տարին իմաստ ու արժէք կը ստանայ երբ մարդ կարողանայ ճիշդ կերպով ընկալել զայն։ Եթէ նոր տարին սովորական օրի մը նման գայ ու անցնի, առանց որեւէ մէկ բան փոխելու մեր մէջ, անիմաստ կը դառնայ եւ արժէք չունենար. բայց երբ նոր տարիին կարենանք ինչ որ բան փոխել մեր մէջ, եթէ կարենանք մենք մեզ նորոգել, մենք մեզ թարմացնել, այդ պարագային Նոր Տարին իմաստ ու արժէք կը ստանայ։ Իսկ մենք մեզ նորոգելն ու մենք մեզ թարմացնելը կը կայանայ կեանքի կարեւորագոյն կէտին մէջ, թէ ինչքանո՛վ մօտ ենք Աստուծոյ եւ ինչքանո՛վ Աստուած ներկայ է մեր կեանքին մէջ. ներկայութիւն, ո՛չ թէ սովորական հասկացողութեամբ, այլ՝ իսկական ներկայութիւն։

Տակաւին, Նոր Տարին միայն ուտել, խմելու եւ ուրախանալու առիթ չէ սեփական գետնի վրայ, այլեւ՝ Նոր Տարիին մէկ այլ արժէքն ու իմաստը, կարօտեալներն ու կարիքաւորները, աղքատներն ու անտունները ուրախացնելն ու խնամելն է. ուրախացնելն ալ չէ՛ պայմանաւորուած անպայմականօրէն նիւթական օժանդակութեամբ, այլ այս տօնական օրերու ընթացքին այցելելով, օգնելով, հոգատարութիւն ցուցաբերելով։

Ի վերջոյ Նոր Տարին բացառիկ առիթ մըն է անկեղծանալու համար: Անկեղծանալ մենք մեր հետ, որը պայմանաւորուած է Աստուծոյ հետ անկեղծ ըլլալուն մէջ, որովհետեւ Աստուած գիտէ մեր բոլոր խորհուրդներն ու մտածումները: Անկեղծանալով նաեւ քաջութիւն ձեռք բերել, Աստուծոյ ըսելու համար Սաղմոսերգու Դաւիթ Թագաւորին բառերով. «Մաքուր սի՛րտ մը հաստատէ մէջս, ո՜վ Աստուած, նոր եւ ուղիղ հոգի՛ դիր իմ ներսիդիս» (Սղ 51.10). մաքրուիլ եւ նորոգուիլ: Նոր Տարին հետեւաբար մեզմէ իւրաքանչիւրս համար մաքրուելու եւ նորոգուելու առիթ մըն է, որը պայմանաւորուած է զօրաւոր կամք ունենալուն մէջ:

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՁԵՐ ԲՈԼՈՐԻՆ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ

 

No comments:

Post a Comment